Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նախագահեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նիստին` ներկայութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի:
Նիստէն ետք Ժոմպլաթ նշեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը իր ընթացիկ նիստը գումարած է` քննարկելու համար շարք մը հարցեր եւ ուսումնասիրելու կարգ մը հարցերու դիմադրելու ձեւերը:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ մենատիրութիւն մը նշմարած են եւ ընդհանրապէս զգացած են վարչապետի դերակատարութեան բացակայութիւնը:
«Կարծէք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին եւ յաջորդ փուլին լայն խորագիրները ճշդած է, ինչ որ Թաէֆի համաձայնագիրը խոցելի կը դարձնէ եւ կրակի հետ խաղալու համազօր է», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` հարց տալու համար, թէ Թաէֆի համաձայնագիրին ի՞նչ պատահած է: Ան մաղթեց, որ վարչապետ Հարիրիէն յստակ պատասխան մը ստանան, որովհետեւ եթէ ան հրաժարած է Թաէֆի համաձայնագիրէն, ապա ատիկա երկրին մէջ մեծ տագնապ մը կը ստեղծէ: «Հարց կու տամ Հարիրիին, թէ ո՞ւր է Թաէֆի համաձայնագիրը, որ անոր հայրը ստեղծած էր եւ անոր համար ալ նահատակուած», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ անդրադարձաւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպին` հաստատելով, որ ան սուրիամէտ է: «Մենք սուրիացի տեղահանուածները պաշտպանելու իմաստով պիտի չթերանանք եւ համաձայն պիտի չգտնուինք, որ անոնք վերադառնան` Սուրիոյ մէջ տանջուելու»:
Ներքին ապահովութեան ուժերու սպայ Ուաէլ Ապու Մալայէպի թղթածրարին մասին խօսելով Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ խօսած է` մաղթելով, որ անոր գրասենեակին մէջ փտածութեան վերջ տրուի, եւ Օսմանէն խնդրած է, որ Մալայէպի հարցով հետաքննութիւնը թափանցիկ ըլլայ:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ դատական հարց պիտի յարուցէ` շեշտելով, որ կայանին դէմ յանցանք գործողը աւելի ուշ պիտի յանձնեն պետութեան: Ան նշեց, որ ոմանք չեն ընդունիր իրենց ղեկավարին դէմ ծաղրանքը, իսկ «Ժատիտ» կայանը քաղաքացիական անվտանգութիւնը խախտող սադրանքներ կը նախապատրաստէ:
Ժոմպլաթ իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ իրենք իրենց նախարարները պիտի չհեռացնեն կառավարութենէն, այլ` պիտի ստանձնեն իրենց նախարարութիւնները եւ պիտի դիմադրեն:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, ներկայութեամբ` ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:
Հարիրի. «Թաէֆի Համաձայնագիրին Յանձնառու Կը Մնանք»
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատու գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը պատասխանեց Ժոմպլաթի կատարած յայտարարութիւններուն` նշելով, որ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին վարչապետին դերակատարութեան բացակայութեան մասին արտայայտութիւնները պղտոր ջուրերու մէջ որսալու փորձ մըն է:
«Առ որ անկ է կը փոխանցենք, որ վարչապետը Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեամբ տրուած իր իրաւասութիւններուն յանձնառու կը մնայ, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, որ վարչապետութիւնը ոչ ոքի զայրոյթի թիրախին կրնայ վերածուիլ: Վարչապետը ոչ ոքի դասերուն կարիք ունի` սահմանադրական իր պարտականութիւնները կատարելու համար ու ոչ ոք պիտի կարենայ ճշմարտութիւնը նենգափոխել եւ կառավարութեան ներդաշնակութիւնը հարուածել` կացութիւնը սրբագրելու պատճառաբանութեամբ, յատկապէս` աշխատանքային ծրագիրը մշակելու իմաստով», շեշտուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:



