Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Առաջին Նիստը` Ընդգծելով Աշխատանքային Ծրագիրը Կարելի Եղածին Չափ Արագ Մշակելու, Վաւերացնելու Եւ Միասնականութեամբ Աշխատանքի Լծուելու Կարեւորութիւնը

Փետրուար 4, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան պաշտօնական լուսանկարը առնուեցաւ շաբաթ կէսօրուան ժամը 11:30-ին` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նախքան լուսանկարուիլը, Պաապտայի մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ կայացաւ կարճ հանդիպում մը:

Կառավարութեան լուսանկարուելու արարողութենէն ետք, Պըրրի մեկնեցաւ նախագահական պալատէն, իսկ կառավարութիւնը` նախագահութեամբ նախագահ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հարիրիի, գումարեց իր անդրանիկ նիստը:

Մեկնումի պահուն Պըրրի շեշտեց, որ իր կարծիքով` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը առաւելագոյնը մէկ շաբաթէն կ՛աւարտի:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները նորակազմ կառավարութենէն մեծ ակնկալութիւններ ունին:

«Մենք այսօր ազգային միասնականութեան կառավարութեան մէջ կը գտնուինք: Կառավարութիւն մը, որ պէտք է համագործակցութեան իր ոգին պահէ` իրագործելու համար կարգ մը ծրագիրներ, որոնց շարքին առաջնահերթութիւն կը նկատուին ելեկտրականութեան թղթածրարն ու 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան անմիջապէս սկսելու աշխատանքի` կարելի եղածին չափ արագ աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնելէ ետք:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ ժամանակը կ՛ենթադրէ, որ արագ ընթացքով աշխատինք, որպէսզի կարելի ըլլայ անցած ժամանակաշրջանին վնասը հատուցել` իրագործուելիք նուաճումներով:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք է իրենց մտահոգութիւնները փարատեն, որովհետեւ յառաջիկայ փուլը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան անցնող ժամանակաշրջանը, յատկապէս` ելեւմտական առումով:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ երկրին ելեւմտական կացութեան մասին խօսին եւ յայտարարութիւններ կատարեն միայն անոնք, որոնք այդ մարզին մէջ մասնագիտացած են:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ այլեւս աշխատանքի ժամանակն է` աւելցնելով, որ Լիբանան մեծ թիւով մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ պէտք է անոնց յարմար լուծումներ գտնուին:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան համագործակցութիւնը եւ միասնականութիւնը կը կազմէ աշխատանքին հիմքը: «Քաղաքական տարակարծութիւնները կը քանդեն պետութիւնը, եւ միասնականութիւնն է մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միակ ուղին», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի ըսաւ, թէ կառավարութիւնը բոլոր մարզերուն պարագային իր տալիք որոշումներուն մէջ դժուարութիւն պիտի ունենայ, որովհետեւ ժամանակն է դժուար որոշումներ տալու, յատկապէս օրէնքները զարգացնելու եւ մսխումին ու փտածութեան սահմաններ ճշդելու իմաստով:

«Մենք կը դիմագրաւենք նաեւ շրջանային մարտահրաւէրներ, որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ մեր միասնականութեամբ: Քաղաքական մեր տարակարծութիւնները պէտք է նախարարաց խորհուրդէն դուրս ձգենք եւ կառավարութեան մէջ միայն աշխատելու մասին մտածենք: Մեր դիմաց ունինք ելեկտրականութեան, պետական ամավարկին, ջուրին, ճամբաներուն, ճարտարարուեստին, երկրագործութեան, աշխատանքին, ապահովական կառոյցներուն եւ շարք մը այլ մարզերու վերաբերող թղթածրարներ, որոնք լուծման կարիք ունին: Կը մաղթեմ, որ բոլորս գործակցինք իրարու հետ, եւ կարելի եղածին չափ սերտ ըլլայ այդ գործակցութիւնը, որպէսզի երկիրը կարելի ըլլայ փրկել: Մեր դիմաց իսկական առիթ մը գոյութիւն ունի երկիրը փրկելու», շեշտեց Հարիրի:

Կառավարութեան նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ կարդաց կառավարութեան նիստին ատենագրութիւնն ու անկէ բխած որոշումները:

Ժարրահ անդրադարձաւ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն` աւելցնելով, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին աշխատանքային ծրագիրի մշակումին նպատակով կազմուած է նախարարական յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմած են նախարարներ Աքրամ Շեհայէպ, Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Սելիմ Ժրայսաթի, Ժամալ Ժարրահ, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Մանսուր Պթէյշ, Մայ Շիտիաք եւ Սալեհ Ղարիպ:

Նախարարական յանձնախումբը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ այսօր, վարչապետարանին մէջ:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ մեծ տարակարծութիւններ չկան, եւ կը նախատեսուի, որ ծրագիրը մէկ շաբթուան ընթացքին արդէն պատրաստ ըլլայ:

Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ նշեցին, որ կառավարութեան նիստերը պիտի գումարուին հինգշաբթի օրերը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին կամ վարչապետարանին մէջ:

Վարչապետարանին Մէջ

Նախագահական պալատէն մեկնելէ ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ:

Վարչապետարանի մուտքին ան ողջունուեցաւ վարչապետարանի անձնակազմին կողմէ եւ ձեռնուեցաւ վարչապետարանի պաշտօնեաներուն ու խորհրդականներուն հետ:

Ապա ան ուղղուեցաւ վարչապետարանի իր գրասենեակը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահի հետ:

Վարչապետարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ինք ներկայացուցած է նախարարաց խորհուրդի աշխատանքային ծրագիրին նախագիծը` մաղթելով, որ անիկա ամէնէն ուշը մինչեւ երեքշաբթի, 5 փետրուար վաւերացուի:

Անդրադառնալով աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութեան մասին նշուելիք բանաձեւումին ակնարկող հարցումի մը` վարչապետ Հարիրի ըսաւ, թէ այդ մասին պիտի արձանագրուի ինչպէս որ է նախորդ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:

Առողջապահութեան նախարարութեան մասին ամերիկեան վեթոյի եւ ճնշումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Հարիրի ըսաւ, որ ատիկա մաս կը կազմէ մնայուն արտայայտութիւններուն եւ կառավարութեան համար խոցելի կէտ մը չէ: «Իսկ նախարարները ամբողջ Լիբանանի նախարարներն են, ինչպէս հաստատեց առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաք», ըսաւ ան:

Հարիրի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կատարեալ ներդաշնակութեամբ պիտի համագործակցի, իսկ անոր աշխատանքային ծրագիրը պիտի ըլլայ նախորդ կառավարութեան նման` անշուշտ ներառելով «Սետր»-ի միջազգային խորհրդաժողովին խոստացուած բարեկարգումները:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութեան դիմագրաւած մեծագոյն հարցը ելեկտրականութեան մարզին վրայ ծախսուած երկու միլիառ տոլարն է` աւելցնելով, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել` պետական պիւտճէին մէջ ստեղծուած նիւթական բացը նուազեցնելու իմաստով:

Փտածութեան դէմ պայքարի նախարարութիւնը ջնջելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ այդ նախարարութիւնը ջնջելու պատճառը այն է, որ այլեւս կառավարութիւնը ունի փտածութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ փտածներուն մասին տեղեկացնող անհատը պաշտպանելու օրէնք: «Աւելի՛ն. խորհրդարանին մէջ պիտի վաւերացուի Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդ մը հիմնելու օրէնքը», ըսաւ ան:

Հարիրի յայտնեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ նման խորհուրդներ գոյութիւն ունին եւ կը գործեն, «սակայն Լիբանանի մէջ մեր հիմնական հարցը այն է, որ խորհուրդը կը յառաջացնենք` առանց անոր աշխատանքը հետապնդելու», եզրափակեց վարչապետը:

 

Նախորդը

«Յանձնառու Կը Մնամ Ստանձնած Պատասխանատուութեանս Եւ Պիտի Աշխատիմ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Հասցնել Այն Մակարդակին, Որ Ան Աշխուժացնէ Երկրին Տնտեսութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Արցախ Այցելած Քոնկրեսականը Պաշտօնապէս Առաջադրած Է Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին Իր Թեկնածութիւնը

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?