Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրառումներ

February 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի. «Ֆրանչիսկոս պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած պատմական այցելութիւնը քաղաքակիրթ քայլ մըն է, որ կը շողայ թէ՛ իսլամական, թէ՛ քրիստոնէական աշխարհին մէջ` հաստատելով երկխօսութեան, հանդուրժողականութեան եւ ներողամտութեան կարեւորութիւնը: Ողջոյն` ազգային համերաշխութեան Լիբանանէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւններուն եւ անոնց մեծ հիւրին, ինչպէս նաեւ ողջոյն մեծ հիւրը դիմաւորող վեհ իմամին` Ազհարի շէյխին»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ. «Կ՛ողջունենք եւ կը գնահատենք Ֆրանչիսկոս պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը, այնպիսի ժամանակի մը ընթացքին, երբ արաբական աշխարհը կարիքը ունի երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան քաղաքականութեան: Կոչ կ՛ուղղենք պապին այցելելու նաեւ սուրբ հող եւ բազմազանութեան խորհրդանիշ Լիբանան»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին առաջին կէտը ներդրումներու կը վերաբերի, ներդրումներ, որոնք պիտի կատարուին 17 միլիառ տոլարի վարկի մը փոխառութեամբ: Այս կէտը բաւարար է իմանալու համար, թէ դէպի ինչպիսի՛ անդունդ կ՛ուղղուինք: Անոնց անյագութիւնը շրջանցած է ամօթի նուազագոյն զգացումը. անոնք կուրցած են դրամով եւ իշխանութեամբ»:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա. «Կ՛երազեն, կ՛երեւակայեն, կը սխալին, կ՛աճապարեն, սահմանները կը խախտեն, պատմութենէն դասեր չեն քաղեր, իրավիճակը կը մերժեն եւ մեզ կը նեղացնեն… Պարտքով ապահովուած շահերու եւ ներդրումներու համակարգին կ՛ըսենք, որ հաշուետուութիւնը մօտալուտ է, եւ մեր կուսակցութեան ձայնը բարձր պիտի մնայ` իր ուսերուն վրայ կրելով ընկերային արդարութեան բեռը»:

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա. «Շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի նախաձեռնութիւնը պիտի մնայ մարդկութեան ուղին լուսաւորող պատմական փարոս մը եւ հազարաւոր տարիներու համար պիտի օժանդակէ տարբեր կրօններուն եւ ժողովուրդներու միջեւ ամրապնդելու հանդուրժողականութեան եւ ներողամտութեան մշակոյթը»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ. «Ֆրանչիսկոս պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը պատմական քայլ է, որ թէ՛ պապին եւ թէ՛ Էմիրութիւններուն համար նուաճում է: Կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնն ու հանդուրժողականութեան համոզումները կրնան միայն պատմական ղեկավարները հաստատել»:

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի. «Կենսոլորտի իմաստով ձեր մտահոգութիւնները եւ մտավախութիւնները նաեւ իմ մտահոգութիւններս ու մտավախութիւններս են: Անոնց մասին կը կարդամ ու կը լսեմ: Կը խնդրեմ, որ քիչ մը ժամանակ շնորհէք, որպէսզի կարենամ կենսոլորտի հարցերուն լուծման յարմարագոյն ծրագիրները սերտել»:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայէղ. «Ցաւալի է, որ ոմանք կ՛անտեսեն լիբանանցիներուն վճարած սուղ գինը` ստորագրելու համար Թաէֆի համաձայնագիրը, որ վերջ դրաւ լիբանանեան պատերազմին: Զարմանալի է, որ կարգ մը կուսակցութիւններ Թաէֆի սահմանադրութեան նկատմամբ մակերեսային մօտեցում կը ցուցաբերեն` զայն աղաւաղելու աստիճան: Պիտի չվստահինք այնպիսի իշխանութեան մը, որ օրէնքները իր քմահաճոյքին եւ նեղ շահերուն համաձայն կը գործադրէ, եւ ինչպէս միշտ` պատրաստ ենք դիմադրութեան»:

Նախկին նախարար Ամալ Ապու Զէյտ. «Ֆրանչիսկոս պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած այցելութիւնը պատմական է եւ օրհնաբեր: Այդ այցելութիւնը կրօններու միջեւ երկխօսութեան դռները կը բանայ եւ կը շեշտէ խաղաղութեան ու ներողամտութեան ուղիին կարեւորութիւնը»:

Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի. «Կառավարութեան կազմութիւնը 9 ամիս տեւեց: Հիմա արդէն բացայայտուած են անձնական օրակարգերն ու շահերու խաղերը, որոնց շրջագիծին մէջ դժուար է պատկերացնել, թէ փրկութիւնը պիտի գործադրուի փտածներու եւ սահմանադրութիւնը իր բովանդակութենէն դատարկողներու ձեռամբ: Լիբանանը պիտի փրկուի միայն լիբանանցիներով, որոնք պիտի մերժեն զէնքի եւ փտածութեան հոգատարութիւնը»:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Հետ Հաղորդակցութիւնը Պիտի Պահենք Ցած Մակարդակի Վրայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Նոր Նշանակուած Նախարարները Կը Ստանձնեն Իրենց Նախարարութիւնները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.