Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Հանդարտութեան, Իսկ Կառավարութեան Մէջ Մեր Գործունէութիւնը Պիտի Ըլլայ Հիմնական Եւ Ազդեցիկ»

February 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած ճառին ընդմէջէն կոչ ուղղեց քաղաքական անդորրը պահելու եւ վերջ տալու քաղաքական տարակարծութիւններուն, որոնք կը հնչեն լրատուամիջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն:

Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը լուրջ հարցեր ունի քննարկելիք, ինչպէս նաեւ կան մտահոգութիւններ, որոնք պէտք է փարատին:

«Կառավարութեան կողմէ պիտի տրուին այնպիսի որոշումներ, որոնց ազդեցութիւնը կրնայ տասնեակ տարիներու վրայ երկարիլ, հետեւաբար պէտք է հանդարտութիւնը պահել եւ դրական վերաբերում ցուցաբերել», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է երկրին ելեւմուտքին եւ տնտեսութեան դիմագրաւած վտանգը փարատել` միաժամանակ լրջօրէն պայքարելով փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ վերջ տալով մսխումին:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ ժողովուրդին կենցաղային, ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի կարիքները հոգալու առաջնահերթութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա կարելի է իրականացնել ծառայութիւններով: «Իսկ ծառայութիւնները կ՛ապահովուին իրարու հանդուրժելով, հանդարտ եւ շինիչ քննարկումներով ու խորհրդակցութեամբ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով առողջապահութեան նախարարութեան եւ անոր մասին ամերիկեան յորջորջումներուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ որեւէ նախարարութեան պարագային երկրին քաղաքական ո՛ր ուժին կողմէ, որ ստանձնուի ան, նախարարութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նախարարութիւնն է: «Հետեւաբար նոյնը կը վերաբերի առողջապահութեան նախարարութեան. անիկա Լիբանանին է եւ լիբանանցիներուն, իսկ նախարարը ամբողջ Լիբանանի նախարարն է եւ կը ծառայէ բոլոր լիբանանցիներուն: Բայց եւ այնպէս, նկատի ունենալով սկիզբէն ի վեր այդ նախարարութեան շուրջ ծագած զգայնութիւնները, Հըզպալլա որոշեց ոչ կուսակցական նախարար մը նշանակել այդ պաշտօնին», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով այն իրականութեան, որ Հըզպալլա առողջապահութեան նախարարութիւնը ստանձնած է, որովհետեւ անիկա ամէնէն աւելի ֆինանսաւորուող նախարարութիւններէն է, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Հըզպալլա իսլամական հոգեւոր կազմակերպութիւն է եւ նախարարութեան դրամի իւրացումն ու օգտագործումը կրօնով արգիլուած է: «Այդ նախարարութեան դրամը պետութեան դրամն է, որ Հըզպալլային չի պատկանիր եւ անկարելի է, որ իւրացում ըլլայ: Այս իրականութենէն մեկնելով` մենք կը հաստատենք, որ նախարարութեան աշխատանքը պիտի ըլլայ յստակ ու թափանցիկ եւ կոչ կ՛ուղղենք նախարարութեան հաշիւներու բաց հաշուեքննութիւն կատարելու: Կառավարութեան մէջ մեր գործունէութիւնը աւելի քան երբեք պիտի ըլլայ հիմնական եւ ազդեցիկ: Առողջապահութեան նախարարութեան նպատակը պիտի ըլլայ բոլորին բժշկութիւն ապահովել եւ դեղորայքին սակերը նուազեցնել», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կատարած այն յայտարարութեան, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւնն է, սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ ատիկա սխալ բանաձեւում է, եւ եթէ բարոյական իմաստով մեկնաբանուի, կատարեալ սուտ մըն է, որուն նպատակն է Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան Լիբանանի դէմ լարել: «Գաղտնիք չէ, որ Իրաքի, Իրանի, Սուրիոյ, Լիպիոյ, Եմէնի, Պահրէյնի, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ հարցերու մասին մեր կեցուածքները յստակ են, սակայն երբ «կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւնն է» կ՛ըսուի, այդ կեցուածքները ամբողջ կառավարութեան կը վերագրուին, հետեւաբար պէտք է նկատի ունենալ այս բացայայտ սուտը եւ վերջ տալ Լիբանանի կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն կոչելու արարքին: Լիբանանի կառավարութիւնը զայն բաղկացնող լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կառավարութիւնն է: Այս է ճշմարտութիւնը», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ 6 փետրուար 2006-ին ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին` հաստատելով, որ անիկա կարեւոր եւ պատմական համաձայնագիր է ներքին լիբանանեան առումով եւ կրցած է երկրին մէջ իւրայատուկ փուլ մը ստեղծել` Լիբանանը փրկելով 2006-ի յուլիսեան պատերազմին վտանգներէն` ձախողեցնելով այդ պատերազմին հետապնդած նպատակները:

Ան նշեց, որ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը վերածուած է սերտ գործակցութեան` մաղթելով, որ Հըզպալլայի դաշինքներն ու գործակցութիւնը կ՛ընդլայնին:

«Մենք կառչած կը մնանք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ գործակցութեան համաձայնագիրին, հակառակ անոր որ լիբանանեան կարգ մը ուժեր հրահրումներ կատարեցին` այդ համաձայնագիրը ձախողեցնելու համար», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

 

 

 

Նախորդը

«Նախքան Աշխատանքի Սկսիլը Կառավարութեան Հասցէին Հնչած Քննադատութիւնները Զարմանք Կը Պատճառեն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Նիստին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.