Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ  Նիստ Մը` Վաւերացնելու Համար  Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Վաւերացնելու Համար Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը ստանձնած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ,...

Պաապտայի Մէջ.   «Նախագահ Աուն Ժոմպլաթի  Միակ Դաշնակիցն Է»  Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աուն Ժոմպլաթի Միակ Դաշնակիցն Է» Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպը եւ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին հետ երեսփոխանական ընտրութիւններուն փուլը շրջանցած են` աւելցնելով, որ նորակազմ կառավարութեան գծով համաձայնութիւնը եղած է միայն նախագահ Աունի հետ եւ ոչ այլոց: «Մենք այս համաձայնութեան յանձնառու կը մնանք,...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Անհրաժեշտ Նկատեց, Որ Կառավարութիւնը  Իր Աշխատանքով Կարենայ  Հատուցել Վատնուած Ինը Ամիսները

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Անհրաժեշտ Նկատեց, Որ Կառավարութիւնը Իր Աշխատանքով Կարենայ Հատուցել Վատնուած Ինը Ամիսները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ողջունեց կառավարութեան կազմութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը իր աշխատանքով կարենայ հատուցել վատնուած ինը ամիսները: Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ կառավարութեան դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները մեծ են եւ լուրջ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը բարեկարգումի կառավարութիւն է եւ ամէն ջանք ի գործ պէտք է...

Սէյիտ Նասրալլա. «Իբրեւ Իրանի Բարեկամ Պատրաստ Եմ Լիբանանեան Բանակին Հակաօդային Հրթիռային Համակարգ Ապահովելու»

Իրանի յեղափոխութեան 40-ամեակին առիթով երէկ երեկոյեան Պէյրութի հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ, Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ «40 գարնան» փառատօն, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Իրան շրջանի ամէնէն հզօր երկիրն է` ընդգծելով, որ Դիմադրութեան առանցքը աւելի քան երբեք հզօր է: Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա ողջունեց Իրանի յեղափոխութեան առաջնորդ իմամ Խումէյնին,...

Պըրրի. «Կառավարութեան Դիմաց  Լուրջ Մարտահրաւէրներ Կան»

Պըրրի. «Կառավարութեան Դիմաց Լուրջ Մարտահրաւէրներ Կան»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան առիթով: Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան դիմաց լուրջ մարտահրաւէրներ կան` մաղթելով, որ նախարարաց խորհուրդը աշխատանքի սկսի` դիմագրաւել կարենալու համար այդ մարտահրաւէրները եւ հատուցելու համար վատնուած ժամանակը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել լիբանանցիներուն ցանկութիւններն ու ակնկալութիւնները: Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց, որ ինք նախապէս յայտարարած իր...

Կրօնական Զբօսաշրջութեան Եւ Ուխտագնացութեան  Վատիկանեան Գրասենեակը Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

Կրօնական Զբօսաշրջութեան Եւ Ուխտագնացութեան Վատիկանեան Գրասենեակը Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

Կրօնական զբօսաշրջութեան եւ ուխտագնացութեան վատիկանեան «Օփերա Ռոմանա» գրասենեակը Լիբանան վերադառնալու նպատակով Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանան` Պէյրութի մէջ իր վերադարձի նախապատրաստութիւնները կատարելու նպատակով: Նշենք, որ Կրօնական զբօսաշրջութեան եւ ուխտագնացութեան վատիկանեան գրասենեակը տարիներէ ի վեր Պէյրութի իր աշխատանքները կասեցուցած էր: Այդ գրասենեակը վերահաստատելու նպատակով Լիբանան հասաւ վատիկանեան պատուիրակութիւն մը, որ հանդիպում մը ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին...

Հըզպալլայի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք  Կուսակցութեան Միջեւ Փոխըմբռնումի  Համաձայնագիրի Ստորագրութեան  Տարեդարձին Առիթով Հաւաք

Հըզպալլայի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Տարեդարձին Առիթով Հաւաք

6 փետրուար 2006-ին Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ մէջ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրի տարեդարձին առիթով նախանցեալ երեկոյեան նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքական երկու ուժերուն ներկայացուցիչները: Այս առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ եւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչ` խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի ներկայ գտնուեցան հաւաքին, որուն ընթացքին ընդգծուեցաւ...

Ռայա Հասան Ստանձնեց  Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը

Ռայա Հասան Ստանձնեց Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասան երէկ նախարարութեան շրջափակին մէջ ընդունուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ, ապա դիմաւորուեցաւ նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուքի կողմէ, որմէ ստանձնեց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը: Մաշնուք նախարարութեան պատասխանատուութիւնը յանձնեց Հասանին` հաստատելով, որ հերթափոխութիւնը ժողովրդավարութեան էութիւնն է` աւելցնելով, որ ինք նախարարութեան պատասխանատուութիւնը կը փոխանցէ իր բարեկամուհիին` Ռայա Հասանին, որ լիբանանցիներուն հպարտութիւնն է: Ան հաստատեց, որ Հասան այն կին նախարարն է,...

Կենսոլորտի Նախարարը Այցելեց  Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայր

Կենսոլորտի Նախարարը Այցելեց Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայր

Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ այցելեց Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր, ուր հանդիպում մը ունեցաւ թափօններու թաղման վայրի կապալառու Տանի Խուրիի հետ եւ մանրամասն բացատրութիւն ստացաւ հոն ընթացող աշխատանքին մասին: Տանի Խուրի եւ թափօններու թաղման վայրի աշխատանքներուն հսկող ճարտարապետ Թուֆիք Քազմուզ անդրադարձան 2016-էն ի վեր զետեղուած աղբը փոխադրելու աշխատանքին: Կենսոլորտի նախարարը ցաւ յայտնեց շրջանին մէջ տիրող գարշելի հոտին համար եւ...

Ժահժահ – Ռիչըրտ Հանդիպում

Ժահժահ – Ռիչըրտ Հանդիպում

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ ողջունեց Ֆրանչիսկոս պապն ու Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայիպը, որոնք մարդկութեան պատմութեան մէջ նոր եւ սպիտակ էջ մը բացին: Ան դրուատեց նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախաձեռնութիւնը` նման պատմական իրադարձութիւն մը...

Նախարարական Յանձնախումբը Աւարտեց  Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը

Նախարարական Յանձնախումբը Աւարտեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակումը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը ստանձնած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ,...

«Փտածութեան Ախտը  Պէտք Է Արմատախիլ Ըլլայ`  Պետութեան Եւ Քաղաքացիին  Միջեւ Գործակցութեամբ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Փտածութեան Ախտը Պէտք Է Արմատախիլ Ըլլայ` Պետութեան Եւ Քաղաքացիին Միջեւ Գործակցութեամբ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Սալամէ յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեամբ լիբանանեան շուկային մէջ տոլարը վերադարձաւ` գնելու համար լիբանանեան թղթոսկին, ինչ որ խնայողութեան առումով կ՛ամրապնդէ լիբանանեան թղթոսկիին դերակատարութիւնը: Սալամէ նշեց նաեւ, որ...

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  «Բոլորին Գործակցութեան Ձեռք  Պիտի Երկարենք` Կասեցնելու Բանավէճերը  Եւ Կառավարութիւնը Լծելու Աշխատանքի»

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Բոլորին Գործակցութեան Ձեռք Պիտի Երկարենք` Կասեցնելու Բանավէճերը Եւ Կառավարութիւնը Լծելու Աշխատանքի»

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ հակառակ կառավարութեան կազմութեան ուշացումին, մենք կը մաղթենք, որ օրէնքները բոլորին ծանօթ ըլլան, իսկ երբ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին, անոնց արդիւնքները օրէնսդիր իշխանութեան մէջ դրսեւորուին, ինչ որ որդեգրուելիք միակ չափանիշն է: Քանաան նշեց, որ այս...

Նախարար Կիտանեան  Այցելեց Իմատ Օսմանի

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Իմատ Օսմանի

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակը: Նախարար Կիտանեան գնահատեց ապահովական բոլոր կառոյցներուն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին երկրին կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:  

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Խոչընդոտող Արգելքները Կը Մնան Անլոյծ,  Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Ունենայ  Իր Մնայուն Յանձնախումբերը

Նոր Նշանակուած Նախարարները Կը Շարունակեն Ստանձնել Իրենց Նախարարութիւնները

Նախարարութիւններուն մէջ սկսած նախարարութեան յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը երէկ շարունակուեցաւ: Հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի նախկին նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլէն ստանձնեց նախարարութեան պարտականութիւնները: Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի նախկին նախարար Սեզար Ապի Խալիլէն ստանձնեց նախարարութեան պատասխանատուութիւնները` հաստատելով, որ իր աշխատանքին առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ելեկտրականութեան տագնապին լուծումը: Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր իր կարգին նախարար Ժամալ Ժարրահէն...

Իտալիոյ Վարչապետը 24 Ժամ Ետք  Պաշտօնական Այցելութեամբ  Պիտի Հասնի Պէյրութ

Իտալիոյ Վարչապետը 24 Ժամ Ետք Պաշտօնական Այցելութեամբ Պիտի Հասնի Պէյրութ

Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունը հաղորդեց, որ Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթի վաղը` հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ին պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Կը նախատեսուի, որ Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք զոյգ վարչապետները հանդէս գան միացեալ մամլոյ ասուլիսով մը: Դեսպանատան համաձայն, Քոնթի պիտի այցելէ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ...

Մաշնուք Այսօր Ներքին Գործոց Նախարարութեան  Պատասխանատուութիւնը Կը Յանձնէ Ռայա Հասանին

Մաշնուք Այսօր Ներքին Գործոց Նախարարութեան Պատասխանատուութիւնը Կը Յանձնէ Ռայա Հասանին

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ներքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը պիտի յանձնէ նոր նշանակուած նախարար Ռայա Հասանին: Միւս կողմէ, երէկ ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Մաշնուք ապահովական պատասխանատուներէն պահանջած է ներքին գործոց նախարարութեան մուտքին զետեղուած քարերը եւ պատնէշները վերցնել` նկատի ունենալով, որ ապահովական կայունութիւնը հաստատուած է, եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նորակազմ կառավարութեան յաջողութեան եւ երկրին դէմ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը կարելի է ապահովել միասնականութեամբ: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց կառավարութեան աշխատանքով հատուցելու կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած ուշացումը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան...

«Եթէ Երկրին Մէջ Քաղաքական Կայունութիւնը  Յամենայ, Զբօսաշրջութիւնը Պիտի Ըլլայ  Լիբանանը Բարձրացնող Գլխաւոր Գործօնը»  Շեշտեց Ա. Կիտանեան

«Կառավարութեան Կազմութեամբ Ամբողջովին Փոխադրուած Ենք Նոր Փուլ Մը, Իսկ Սէուտցիներուն Լիբանան Այցելութեան Արգելքը Պիտի Վերացուի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Նաշրա» կայքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումին եւ նախորդ ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած քաղաքական տարակարծութիւններուն, կառավարութեան կազմութեան յայտարարութիւնը մղիչ ուժի մը վերածուեցաւ եւ երկիրը փոխադրեց դէպի ամբողջովին նոր փուլ մը: Զբօսաշրջութեան մակարդակին վրայ բաւական լուրջ եւ մեծաթիւ խոստումներ ստացած ենք, յատկապէս` Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի այն...

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Կառավարութեան  Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Նիստին

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Նիստին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը ստանձնած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Աքրամ Շեհայէպ, Սելիմ Ժրայսաթի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ժամալ Ժարրահ, Մայ Շիտիաք, Մանսուր Պթէյշ, Սալեհ Ղարիպ եւ Քամիլ Ապու Սլէյման, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:...

Page 582 of 988 1 … 581 582 583 … 988

Արխիւներ