Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուիթըրեան Գրառումներ

Փետրուար 2, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը ներկայացնենք  լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ կատարուած թուիթըրեան գրառումներու երէկուան քաղուածքը:

– Վարչապետ Սաատ Հարիրի. «Հպարտ եմ լիբանանցի կնոջմով: Հպարտ եմ կառավարութեան մէջ ներկայացուած չորս կին նախարարներով: Հպարտ եմ արաբական աշխարհին մէջ առաջին ներքին գործոց կին նախարարով: Հպարտ եմ Մուսթաքպալ հոսանքով եւ հպարտ եմ Լիբանանով»:

– Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր. «Նոր օր եւ նոր յոյսեր` նոր կառավարութեամբ ու վարչապետով: Կը յուսանք, որ յաջորդող օրերը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար կ՛ըլլան բարիքներով լեցուն օրեր»:

– Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա. «Ինը ամիս ետք կը փափաքինք արդիւնքներ տեսնել: Կ՛ուզենք տեսնել գործող կառավարութիւն մը եւ ոչ թէ խօսող: Կառավարութիւն մը, որ երկրին տնտեսութիւնը փրկէ, թափանցիկութիւնը ամրապնդէ, ջուր եւ ելեկտրականութիւն ապահովէ, երիտասարդներուն աշխատանքի առիթներ, բնակարան, փոխադրամիջոց եւ բժշկութիւն տրամադրէ: Մեր վստահութիւնը պիտի յայտնենք անոր աշխատանքի արդիւնքներուն հիման վրայ եւ ոչ` մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին: Թող Լիբանանի կառավարութիւնը ըլլայ արդիւնաբերութեան կառավարութիւն»:

– Փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի. «Այս կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ բարեկարգումներու եւ երկիրը բարգաւաճեցնելու կառավարութիւն` յուսալով, որ նախկին փորձառութիւններէն դասեր կը քաղենք: Յաջորդ փուլը մարտահրաւէրներու փուլ է, եւ պէտք է աշխատինք վերահաստատել Լիբանանի նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը»:

– Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա. «Նոր կառավարութեան խորհուրդ մը. զգուշացէ՛ք բարեկարգումներու պատճառաբանութեամբ համեստ դասակարգի քսակին մօտենալէ, որովհետեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լուծումները այլ տեղ կը գտնուին»:

– Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Լաւատեղեակ ենք, որ մեր շուրջ քաղաքական շրջափակումը պիտի խստանայ, սակայն մենք կատարեալ հանդարտութեամբ պիտի դիմադրենք անոր` նկատի ունենալով շրջանային իրադարձութիւնները»:

– Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման. «Կը շնորհաւորեմ լիբանանցիները նորակազմ կառավարութեան առիթով եւ կը մաղթեմ, որ նշանակուած կին նախարարները յաջողին, յատկապէս` ներքին գործոց նախարարը»:

– Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան. «Մեզի կոտրուելու կարիք ունեցող դանակներու նմանցնողին ըսէ՛, որ մենք իսկական սուրեր ենք, որոնց կոտրուելուն մասին մտածողին պարանոցը կրնայ կտրուիլ»:

– Նախկին նախարար Պութրոս Հարպ. «Վերջապէս կառավարութիւնը ծնած է: Կը շնորհաւորեմ լիբանանցիները: Կ՛ողջունեմ ատակ ու պարկեշտ նախարարները, ինչպէս նաեւ համեմատաբար մեծ թիւ ներկայացնող կին նախարարները»:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Եազիժի Պատրիարքը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?