Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի հրահանգով, երէկ կէս գիշերին ձերբակալուեցան լումայափոխներու սենտիքայի փոխնախագահ Էլիաս Սրուրն ու շարք մը այլ լումայափոխներ, որոնց գրասենեակները նաեւ կարմիր մոմով փակուեցան: Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ երէկ ձերբակալած է չորս անհատներ, որոնք փուռ ունենալու եւ ծխախոտ վաճառելու «քող»-ին տակ` կը գործեն իբրեւ լումայափոխներ, առանց արտօնագիր ունենալու: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը անոնց վաճառատուները...


















