Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի Կոչին` «Քորոնա» Ժահրէն Փրկուելու Աղօթք Պքերքէի Մէջ. Նախագահ Աուն Լիբանանցիներուն Կոչ Ուղղեց Աղօթելու` Փրկուելու Համար «Քորոնա» Ժահրէն

Մայիս 15, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն սիրտէ եւ խիղճէ բխած նախաձեռնութիւն նկատեց Ֆրանչիսկոս պապին եւ Ազհարի շէյխ դոկտ. Ահմետ Թայիպի հովանաւորած «Մարդկային եղբայրութեան գերագոյն յանձնախումբ»-ին կոչը` 14 մայիսը յատկացնելու աղօթքի, պահեցողութեան, եւ բարեգործութեան` բոլոր կրօններուն համար, որպէսզի Աստուած մարդկութիւնը փրկէ «Քորոնա» ժահրէն: Ատիկա կը բխի նախագահ Աունի նախաձեռնած եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ վաւերացուած հիմնական նպատակներէն` Լիբանանի մէջ ստեղծելու «Երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մարդու ակադեմիա», որ պիտի նպաստէ Իրականացնելու մարդկային քաղաքակրթութիւն` հանդուրժողականութեան   հիման վրայ, անկախ մարդոց պատկանելիութենէն եւ կրօնէն: Ատոր նպատակն է նաեւ հաստատել տարբերութեան մէջ փոխադարձ հարստացումը, իբրեւ իրաւունք եւ այլազանութիւնը` իբրեւ երաշխիք:

Նախագահ Աուն լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց մասնակցելու աղօթքին` շեշտելով, որ լիբանանցիները, անկախ իրենց պատկանելիութիւններէն` այսօր հրաւիրուած են աւելի քան երբեւէ ցոյց տալու իրենց եղբայրութեան սկզբունքները եւ հարստանալու այլազանութեամբ, որպէսզի անոնք իսկապէս արժանի դառնան, որ Լիբանանը իսկական պատգամի երկիր ըլլայ:

Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար եւ աննախընթաց պայմաններուն մէջ նամազներու ձայները թող խառնուին զանգերու ղօղանջներուն` Լիբանանին եւ աշխարհին համար, եւ թող լռեն բոլոր այն ձայները, որոնք կը խախտեն մեր ազգային միասնութիւնը, մեր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի վահանը, այն բանէն ետք, երբ բաժանումներու վէրքերը թուլացուցին երկիրը եւ բաժանումի ծրագիրները գրեթէ պիտի աւերէին Լիբանանը: «Այս օրը նոր սկիզբ թող ըլլայ բոլորիս համար` մերժելու ատելութեան եւ բաժանումի պատճառները, որոնք դուրս են տրամաբանութեան, բանականութեան եւ պատմութեան իմաստութեան կանոններէն: Այսպիսով, իւրաքանչիւրը մէկ կողմ թող դնէ իր տարբերութիւնները` վերականգնելու մեր ներքին անձեռնմխելիութիւնը, որ ամրագրուած է մեր ազգային միասնութեան մէջ, որ կը հաստատէ մեր խաղաղութիւնը եւ դիմադրողականութիւն կու տայ մեր հայրենիքին, որուն հասնելու համար մենք բոլորս տուինք մեր երիտասարդներուն սուղ արիւնը», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Իւրայատուկ Աղօթք Պքերքէի Մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ 200.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանին` 400 Աշակերտներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու Համար

Մարոնիներու Պըշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց իւրայատուկ աղօթքին` իբրեւ զօրակցութիւն Ֆրանչիսկոս պապին, աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն եւ իսլամներուն: Ներկայ էր Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերի:

Ռայի պատրիարքը իր քարոզին ընթացքին յայտնեց, որ եկեղեցին Ֆրանչիսկոս պապին հետ միասին կ՛աղօթէ եւ ապաքինում կը հայցէ «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերուն եւ ապահովութիւն` առողջներուն, որպէսզի բժշկութիւնը յաջողի ջախջախել այս ժահրը, որ անդամալուծած է ամբողջ աշխարհը եւ պատճառած զոհեր ու վնասներ:

Ռայի պատրիարքը աղօթեց նաեւ մեղաւորներուն եւ հաւատքը կորսնցուցած մարդոց համար, ինչպէս նաեւ Աստուծմէ հայցեց, որ Ան ոգեշնչէ Լիբանանի կառավարութեան, քաղաքական գործիչներուն եւ պատասխանատուներուն, որպէսզի անոնք ձեռք- ձեռքի տուած եւ պատասխանատուութեամբ աշխատին` Լիբանանը վերականգնելու իր ապրած ճգնաժամէն:

Պապական նուիրակը իր կարգին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը վերջին ամիսներուն հայրական հոգատարութեամբ կը հետեւի սիրելի Լիբանանի կացութեան` նշելով, որ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը Լիբանանը կոչած է «պատգամի երկիր»:

Պապական նուիրակը յայտնեց, որ մայրիներու երկիրը Մեծն Լիբանանի հռչակումի 100-ամեակին կը դիմագրաւէ վտանգաւոր տագնապ, որ կը յառաջացնէ տառապանք, աղքատութիւն եւ գրեթէ «կը գողնայ յոյսը», յատկապէս երիտասարդներէն, որոնք միայն դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ ոչ մէկ հեռանկար կը տեսնեն: Ան աւելցուց, որ այդ  պատճառով ուսում ստանալը դժուար կը դառնայ ոմանց համար:

Պապական նուիրակը ներկայացուց ֆրանչիսկոս պապի շօշափելի նախաձեռնութիւնը: Ան յայտարարեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը, պապական ընդհանուր քարտուղարութեան եւ Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան միջոցով որոշած է 200.000 ամերիկեան տոլարի գումար ուղարկել պապական դեսպանութեան` Լիբանանի մէջ 400 աշակերտներու կրթաթոշակ տրամադրելու նպատակով: Ան մաղթեց, որ ասիկա համերաշխութեան առիթ կը դառնայ` յոյս յայտնելով, որ ազգային եւ միջազգային բոլոր դերակատարները պատասխանատուութեամբ հետապնդեն հանրային շահը եւ յաղթահարեն որեւէ պառակտում կամ կուսակցական շահ:

Պապական նուիրակը նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կը միանայ վերջին օրերուն Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան «Արտակարգ իրավիճակներու հիմնադրամ»-ի կատարած ներդրումին` «Քորոնա» ժահրի համաճարակը դիմագրաւելու համար:

Ան աղօթեց, որ Աստուած, որ Լիբանանին կը հսկէ Հարիսայի բարձունքէն, պահպանէ Լիբանանի ժողովուրդը եւ մայրիներու երկրի սիրելի սուրբերը:

 

Նախորդը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Մտահոգ Է Լիբանանի Մէջ Ժահրով Վարակուածներու Թիւի Աճով

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Մէկ Ամիսով Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?