Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուտոլֆ Ապպուտ. «13 Հազար Ուսուցիչներ Ամիսներէ Ի Վեր Իրենց Աշխատավարձերը Չեն Ստացած»

May 20, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կարգ մը սեփական հաստատութիւններ կը շահագործեն առողջապահական եւ ընկերային տագնապները, ինչպէս նաեւ պատասխանատուներուն զբաղած վիճակը:

«Հոս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն դպրոցներուն, որոնք կը վճարեն իրենց ուսուցիչներուն աշխատավարձերը, եւ կը ցաւիմ այն դպրոցներուն համար, որոնք կը խուսափին վճարումները կատարելէ կամ ամսական կէս աշխատավարձ կը վճարեն ուսուցիչներուն` տարբեր պատճառաբանութիւններով», ըսաւ ան:

Ապպուտ հաստատեց, որ իրենք սակարկութեան պիտի չենթարկեն ուսուցիչներուն ճակատագիրը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կրթութեան նախարարին ներկայացուցած ենք այնպիսի վիճակագրութիւն մը, որուն հիման վրայ յստակ դարձած է, թէ 13 հազար ուսուցիչներ ամիսներէ ի վեր իրենց աշխատավարձերը չեն ստացած:

Ապպուտ հաստատեց, որ ուսման տարեշրջանը  աւարտելու որոշումին մասին կրթութեան նախարարին առաջարկը հանգստացուցած է ծնողներն ու աշակերտները, «սակայն այդ որոշումին մասնակի յայտարարութիւնը` առանց նկատի ունենալու ուսուցիչներու աշխատավարձերուն մասին գործիքակազմ մը, խիստ մերժելի է», շեշտեց ան:

Ապպուտ ընդգծեց, որ կրթական համակարգը վտանգի ենթակայ է` հարց տալով պատասխանատուներուն, որ արդեօք անոնք կը գիտակցի՞ն այս մարզին կարեւորութեան:

Ապպուտ նշեց, որ ուսուցիչը իր իրաւունքներէն զրկուած է` հակառակ անոր որ ան կ՛աշխատի, եւ որեւէ ատեն կրնայ իր արժանապատուութիւնը կորսնցնել իր առօրեայ կարիքները հոգալու համար:

«Այսօրուընէ սկսեալ, մենք պատասխանատուներուն մէկ շաբթուան ժամկէտ կը ճշդենք, ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին գործնական լուծում մը գտնելու այս հարցին: Կոչ կ՛ուղղենք մեր գործընկերներուն պատրաստ ըլլալու` ընդառաջելու սենտիքային կողմէ յայտարարուելիք հաւանական շարժումներուն», եզրափակեց Ապպուտ:

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Ուղղուեցաւ Սուրիա` Քննարկելու Համար Ապօրինի Անցքերու Հարցը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Ջնջեց Պաքալորէայի Քննութիւնները Եւ Հաստատեց, Որ Աւելի Խիստ Միջոցառումներ Պիտի Որդեգրէ` Քաղաքացիներուն Կողմէ Լրջութիւն Չցուցաբերուելու Պարագային

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.