Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 20, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` չորեքշաբթի, 20 մայիս 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, քննարկելու համար համաներման, մսխուած սննդամթերքի եւ դրամատնային գաղտնիութեան վերաբերող օրինագիծերը: Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 21 մայիս 2020-ին, քննարկելու համար լիբանանեան պետութենէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու եւ ապօրինի կերպով հարստացումի վերաբերող օրինագիծերը:

Նշենք, որ խորհրդարանի դիւանը ուրբաթ, 22 մայիսին պիտի գումարէ իր նիստը` որոշելու համար 31 մայիսին խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստին օրակարգը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմի ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջ եւ գործընկերութեան համաձայնագիրն ու հարաւային Լիբանանի մէջՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հըթթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռաքայպին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ առաջարկեց խորհրդարանի ներքին օրէնքներու բարեփոխում կատարել: Ժեմայէլի առաջարկը այն էր, որ խորհրդարանի բոլոր նիստերը ուղղակի սփռուին հանրութեան կամ կարելիութիւն ստեղծուի, որ ժողովուրդը կայքի մը միջոցով առցանց հետեւի այդ նիստերուն` տեսնելու համար, որ երեսփոխանները ի՛նչ տեսակէտներ կ՛արտայայտեն եւ ինչ ձեւով կը քուէարկեն, եւ ըստ այնմ անոնք հաշուետուութեան ենթարկուին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուր հաստատեց, որ կարելի չէ փտածութեան դէմ պայքարելու մասին խօսիլ, առանց փակելու մսխումի աղբիւրները, ինչպէս նաեւ լուծելու ապօրինի անցքերէն կատարուող մաքսանենգումն ու կասեցնելու ելեկտրականութեան մարզի մսխումները: Հաուաթ Արդարութեան պալատին պաշտօնական բողոք ներկայացուց ապօրինի անցքերուն մասին եւ ներկայացուց իր մօտ գտնուող ապացոյցները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդանաւերը Ալմա Շաապէն մինչեւ Ժիպէյլ լիբանանեան տարբեր շրջաններու վերեւ թռիչքներ գործած են եւ ապա Եարունի վրայով հեռացած են Լիբանանէն: Ապա անոնք թռիչքներ գործած են Շեքքայի վերեւ եւ Ռըմէյշի վրայով հեռացած են Լիբանանէն` լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելէ եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը խախտելէ ետք: Շրջանառութեան մէջ են նաեւ տեղեկութիւններ, որ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործած է նաեւ Այն Թինէի վերեւ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան Դրամական գործառնութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Մազեն Համտանի ձերբակալութիւնը անիմաստ է եւ անարժէք, որովհետեւ ան առանց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հաւանութեան ոչինչ կը կատարէ: «Իսկական հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ Սալամէ լուռ կը մնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Հասսան Տիապի պահանջներուն դիմաց», ըսաւ Եաագուպ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ տիրող ընդհանուր իրավիճակը շատ աւելի խոր է, քան այն, որ կարելի ըլլայ հաշտութիւններ կատարել: «Կարելի չէ վարուիլ այնպէս, ինչպէս երկու աշակերտները վիճած են, եւ տնօրէնը զանոնք պիտի փորձէ հաշտեցնել», նշեցին նոյն աղբիւրները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը համայնքային բնոյթի ոչ մէկ հանդիպումի կը կարօտի: «Պահանջուածը որոշումներու գործադրութիւնն է», շեշտեցին անոնք:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ չեն յարձակած եւ հարց չեն ստեղծած: «Անոնք են, որ քինախնդրութեամբ կը գործեն», յայտնեցին Մարատայի աղբիւրները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք բաց են մասնակցելու որեւէ հանդիպումի, որուն կը հրաւիրէ Պքերքէ կամ որեւէ կողմ, եթէ այդ հանդիպումին խորագիրը ըլլայ Լիբանանի ապագային շուրջ երկխօսութիւնը:

ՊՔԵՐՔԷԻ աղբիւրներ, անդրադառնալով միջմարոնիական հանդիպումի մը հաւանականութեան, «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ունի իր քաղաքական ուղեգիծը` աւելցնելով, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կուսակցութիւններուն եւ քաղաքական հոսանքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական մանրամասնութիւններուն միջամուխ չի դառնար:

ՊԱԱՊՏԱՅԻ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր.Միշել Աուն քրիստոնեայ շրջանակներուն մէջ կողմնակալ չէ: «Հանրապետութեան նախագահը ունի իր համոզումներն ու տեսակէտները, որոնց մասին կ՛արտայայտուի կառավարութեան նիստերուն ընթացքին, եւ անիկա իր սահմանադրական իրաւունքն է», նշեցին Պաապտայի աղբիւրները` հաստատելով, որ Պաապտայի մէջ միջմարոնիական որեւէ հանդիպումի կայացման հարց չէ արծարծուած:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին «The Armenian Church» Գիրքը Լոյս Տեսաւ Արաբերէն Թարգմանութեամբ

Յաջորդը

Շրէյմ. «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Պարտադրուած Փակումէն Ետք, Հատուցումները Կը Շարունակուին Վճարուիլ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?