Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Մտահոգ Է Լիբանանի Մէջ Ժահրով Վարակուածներու Թիւի Աճով

May 15, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Իման Շանքիթի մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի աճին եւ Լիբանանցիներու կողմէ նախազգուշական միջոցառումները չյարգելու առնչութեամբ: Դոկտ. Շանքիթի նշեց, որ սկիզբը վարակուածներուն թիւը սկսաւ նուազիլ, քանի որ լիբանանցիները լուրջ վերաբերմունք ցուցաբերեցին, մնացին իրենց տուները եւ հետեւեցան նախազգուշական միջոցառումներուն, սակայն անոնք ժամանակ մը ետք որոշեցին վերադառնալ իրենց նախկին սովորութիւններուն եւ չյարգեցին միջոցառումները: Ըստ անոր, արտերկրի լիբանանցիներու շարքերուն մէջ նաեւ վարակուած պարագաները պատճառ դարձան ընդհանուր թիւի աճին:

Շանքիթի կոչ ուղղեց հետեւելու նախազգուշական միջոցառումներուն` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է բազմապատկել անոնց գործադրութեան համար ի գործ դրուած ջանքերը եւ հետապնդել օրինազանցները:

Համատ Հասան. «Կիրակի Օր Պիտի Ներկայացնեմ Գնահատական–Զեկուցումս»

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան նախքան կառավարութեան նիստի կայացումը յայտնեց, որ կիրակի օր պիտի տայ իր գնահատականը` ամբողջական փակումի 4 օրերուն վերաբերեալ եւ իր զեկուցումը պիտի ներկայացնէ նախարարական յանձնախումբին: Ան աւելցուց, որ այդ գնահատականին հիման վրայ կառավարութիւնը կ՛որոշէ յաջորդ փուլերը:

Առողջապահութեան նախարարը ընդգծեց, որ արշաւ կը կատարուի, եւ բժշկական խմբակները լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ քննութիւններ կը կատարեն  բոլոր այն անձերուն, որոնք շփում ունեցած են ժահրով վարակուածի մը հետ:

Նախարար Հասան Տէյր Քամարի կառավարական հիւանդանոց իր այցելութենէն ետք յայտնեց, որ վերջին օրերուն ժահրով վարակուածներուն թիւերը ցնցիչ են: Ան նախազգուշացուց հասարակութեան մէջ ժահրի տարածման վտանգէն եւ աւելցուց, որ պարագաները կը հետապնդուին:

Նախարարը շեշտեց, որ այնքան ատեն որ վարակին աղբիւրը յստակ է, ընդհանուր առողջապահական ապահովութիւնը վտանգի տակ չէ:

8 Նոր Պարագաներ

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 8 նոր պարագաներ, որոնցմէ 6-ը տեղացիներ են, իսկ 2-ը` արտերկրի լիբանանցիներ:

Ընդհանուր պարագաներուն թիւը հասած է 886-ի: Ապաքինածներուն թիւը 236-է, իսկ մահացածներուն թիւը կը մնայ նոյնը` 26: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին կատարուած են 1691 քննութիւններ:

Շըհիմ Քաղաքի Մեկուսացում

Ներքին ապահովութեան ուժերը մեկուսացուցին Շուֆի ամէնէն մեծ քաղաքներէն մէկը` Շըհիմը, ուր յայտնաբերուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակուած շարք մը պարագաներ:

Ներքին ապահովութեան ուժերը անցարգելներ տեղադրեցին քաղաքի 5 մուտքերուն եւ գործադրեցին ընդհանուր փակումի միջոցառումներն ու երթեւեկի արգելքը: Արգիլուեցաւ մուտքը դէպի քաղաք եւ օրինազանցները տուգանքի ենթարկուեցան:

 

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Որոշում Տուաւ Պայքարելու Մաքսանենգութեան Դէմ

Յաջորդը

Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի Կոչին` «Քորոնա» Ժահրէն Փրկուելու Աղօթք Պքերքէի Մէջ. Նախագահ Աուն Լիբանանցիներուն Կոչ Ուղղեց Աղօթելու` Փրկուելու Համար «Քորոնա» Ժահրէն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.