Ելեւմուտքի հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ ամբաստանեց Կեդրոնական դրամատան Դրամական գործառնութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Մազեն Համտանը, ինչպէս նաեւ չորս լումայափոխներ, որոնց կարգին սուրիացի մը` լումայափոխներու աշխատանքային կանոնները խախտած ըլլալնուն համար:
Ալի Իպրահիմ ամբաստանեալները փոխանցեց Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազին:
Կեղծուած Նաւթի Թղթածրար
Միւս կողմէ, Լեռնալիբանանի աւագ քննիչ դատախազ Նիքոլա Մանսուր երէկ հետեւեցաւ կեղծուած նաւթի դատավարութեան նիստերուն, որոնց շրջագիծին մէջ լսեց Տէյր Ամարի ելեկտրական կայանի տնօրէն Մունզեր Մընքարայի վկայութիւնը:
Նշենք, որ օրեր առաջ Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն կեղծուած նաւթի հարցով ամբաստանած էր 12 հոգի, որոնց մէջ էին նաեւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայէք, նաւթային պահեստի ընդհանուր տնօրէն Սարգիս Հլայս եւ նաւթի ընդհանուր տնօրէն Օրօր Ֆղալի:
Դատախազ Աուն ամբաստանեց նաեւ «Զէտ. Ար. Էնըրճի» ընկերութիւնը` կեղծուած նաւթի հարցով անոնց առնչուող նոր տեղեկութիւններ բացայայտելէ ետք:
Երէկ երեկոյեան դատախազ Ղատա Աուն Սարգիս Հլայսն ու 5 պաշտօնեաներ ամբաստանեց փաստաթուղթեր կեղծելու յանցանքով:
Ղատա Աուն համաձայն գտնուեցաւ Օրօր Ֆղալին 100 միլիոն լ. ոսկի երաշխագինով ազատ արձակելու` դատախազ Նիքոլա Մանսուրի պահանջին: