Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 19, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի ուրբաթ, 22 մայիս 2020-ի յետմիջօրէին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապի խորհրդատու Փեթրա Խուրի երէկ յայտնեց, որ ինք այցելած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ու վարչապետ Տիապի եւ անոնց փոխանցած, թէ ինք չի փափաքիր, որ իր թեկնածութիւնը շրջանառութեան մէջ մնայ` Պէյրութի նահանգապետի պաշտօնին համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ ներկայիս շրջան ընող լուրերուն ընդմէջէն զգալի կը դառնայ, թէ տեղեկատուական մարզը դատավարութեան կ՛ենթարկէ եւ կ՛ամբաստանէ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին` հաստատելով, որ տակաւին չէ ծնած ան, որ պիտի կարենայ Ռաֆիք Հարիրին դատավարութեան ենթարկել: Մաշնուք հաստատեց, որ արդէն հասած է ժամանակը, որ Հարիրիի հետեւորդները քաղաքական ընդդիմութիւն դառնան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա երէկ կոչ ուղղեց մաքսանենգումին վերջ տալու եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին լիբանանեան պետութեան հանգամանքը պարտադրելու: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը Հըզպալլայի անձնատուր եղած է` աւելցնելով, որ իրենք կանխահաս ընտրութիւններ կը պահանջեն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ իսրայէլեան գոյացութեան հետ քաղաքական որոշ կողմերու ստորագրած 17 մայիսի համաձայնութիւնը ամօթի կնիք մըն է, որ կը հալածէ բոլորը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլն է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու իսկական նախարարը, եւ կ՛արժէ, որ ան ուղղակիօրէն բանակցի նաւթի ընկերութիւններուն հետ: Նոյն գրառումով Ժահժահ հարց տուաւ կառավարութեան, որ ի՞նչ կը սպասէ ապօրինի անցքերը փակելու իմաստով վերջնական որոշում մը տալու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ կոչ ուղղեց` քաղաքականութիւնը անջատելու Լիբանանի գերագոյն շահերէն, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ դրամատուներու գործունէութեան նոր փուլը պէտք է թափանցիկութեան վրայ հիմնուած ըլլայ:

ԱՊՐԱՅԻ դէպքերուն մասնակցած ու արգելափակուած յանցագործներուն ընտանիքները երէկ Սայտայի էլիա հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը` համաներում պահանջելով պետութենէն:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հըթթի Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Սետրի Որոշումներու Գործադրութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.