Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Մաքսանենգումը Զսպելու Նպատակով Առնուող Քայլերուն

May 16, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հետեւեցաւ ցամաքային սահմաններէն կատարուած մաքսանենգումը զսպելու նպատակով առնուող քայլերուն, յատկապէս պետութեան նիւթական օժանդակութիւնը վայելող տարբեր տեսակի նիւթերուն, ինչպէս` վառելանիւթ, ցորեն, ալիւր եւ այլն:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն ստանձնեց շարք մը տեղեկագիրներ, որոնք անդրադարձան ապօրինի անցքերուն ընդմէջէն գործադրուող մաքսանենգումը կասեցնելու դասաւորումներուն, ինչպէս նաեւ նախորդ ժամերուն սանձուած մի քանի գործողութեան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը համադրելու կարեւորութիւնը` կառավարութեան եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին տուած որոշումները յաջողութեամբ գործադրելու առաջադրանքով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզը, որմէ ստանձնեց խորհուրդին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լսատեսողական եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներուն ընթացքն ու գործելաձեւը, ինչպէս նաեւ այդ մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Մահֆուզ յայտնեց, որ քննարկումի առարկայ դարձած է նաեւ ընկերային ցանցերուն թղթածրարը, յատկապէս անոնց կողմէ խօսքի ազատութեան սկզբունքին վրայ հիմնուելով տարածուած անստոյգ լուրերու, զրպարտութիւններու եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններու պարագային, զանոնք դատական իշխանութիւններուն փոխանցելու եւ անոնց դէմ պատժական միջոցներ որդեգրելու վերաբերեալ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու ներքին լիբանանեան առկայ խնդիրները:

Նախորդը

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՕՄ-ը 25.000 Տոլար Կը Նուիրէ Լիբանանահայութեան

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը Կը Շարունակէ Ինքզինք Պարտադրել

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.