Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 18, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, թէ եկեղեցին իրեն պատկանող տարածքներն ու հողերը կը տրամադրէ քաղաքացիներուն, որպէսզի անոնք երկրագործութեամբ զբաղին` զօրակցելու համար լիբանանեան ազգային տնտեսութեան հզօրացման:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքի զաւակները իրենց հայրենիքին ծառայութեան ուղիէն հեռացուած են, եւ անոնց դերակատարութիւնը մերժուած է: Ան կոչ ուղղեց նշանակումներ կատարելու իմաստով մէկ չափանիշ որդեգրելու` հաստատելով, որ իրենք գործարքները կը մերժեն եւ կը զօրակցին քաղաքացիական արդար պետութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական շարժումի նախագահ Ժաք Թամեր շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ, որ շեշտեց, թէ Մոսկուա յանձնառու կը մնայ Լիբանանին, ինչպէս նաեւ անոր ժողովրդավարական վարչակարգին եւ ապահովական կայունութեան:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Ֆատլալլայի գրասենեակը երէկ յայտնեց, թէ կը նախատեսուի, որ Ֆիթրի տօնին Ա. օրը զուգադիպի կիրակի, 24 մայիս 2020-ին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ներում հայցեց պետութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժը խախտելուն եւ Մուխթարայէն Պէյրութ ուղղուելուն համար: Ան իր գրառումին մէջ նշեց նաեւ, որ Խալտէի մէջ Ներքին ապահովութեան ուժերու անցարգել մը քաղաքավարութեամբ կասեցուցած է զինք, եւ ինք անոնցմէ ներում հայցած է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի կոչ ուղղեց կառավարութեան լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարին քաղաքական կարելիութիւն ընձեռելու` հակակշիռի տակ պահելու համար երկրին սահմանները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն առանցքային դերակատարութիւն ունենալու` ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի պաշտօնական սակը փոփոխութեան ենթարկողներուն, ինչպէս նաեւ փտածութեան եւ խարդախուած նաւթի թղթածրարներով ամբաստանուող կողմերուն ուղղութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ հոգեւորականը իրաւունքի ձայնն է` փտածութեան եւ անիրաւութեան դէմ, այլապէս` ան Աստուծոյ դաւաճանած կը նկատուի:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի համար լիբանանեան բանակը կարմիր գիծ է, հակառակ անոր որ Սպիտակ տան մէջ բարձրաստիճան պատասխանատուներ կը փորձեն լիբանանեան բանակը նկարագրել իբրեւ Հըզպալլայի մեղսակիցը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ շրջուն ջոկատ մը երէկ կրակ բացաւ Մազարեհ Շեպաայի մօտ իր հօտը արածող հովիւի մը վրայ եւ վիրաւորեց զայն: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը կրակ բացած են Քֆարշուպայի բարձունքները գտնուող Մոհամետ Նուրէտտին Ապտել Ազիմի վրայ, որ սուրիական ինքնութիւն կը կրէ: Ան ձերբակալուեցաւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, եւ անոր հարցը կը հետապնդուի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կողմէ: Նշենք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի հաստատեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը այս իմաստով հետաքննութիւն բացած են:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդուժը Ալմա Շաապի, Ռըմէյշի եւ հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Ռայաքի եւ Զահլէի վերեւ թռիչքներ գործած է եւ ապա Նաքուրայի ուղղութեամբ հեռացած` խախտելով լիբանանեան գերիշխանութիւնը:

ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Նեպիլ Ֆահըտ յայտնեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէի հետ սենտիքային ժողովը դրական էր: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ ինչպէս բոլոր մարզերը, նոյնպէս նաեւ հանրախանութները լուրջ վնասներու դիմաց կը գտնուին, հակառակ անոր անոնք իրենց դռները բաց կը պահեն լիբանանցիներուն դիմաց: Ֆահըտ հաստատեց, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին անհամեմատ անկումին պատճառով է, որ սղաճ արձանագրուած է:

Նախորդը

Փոխանցում- Խարխափում-Զում

Յաջորդը

Պասիլ. «Ոչ Մէկ Փտած Պիտի Արժանանայ Մեր Հովանիին, Իսկ Նաւթային Երկիր Ըլլալու Լիբանանի Իրականութեան Դէմ Հակաքարոզչութիւն Պէտք Չէ Կատարել»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?