Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշում Տուաւ Պայքարելու Մաքսանենգութեան Դէմ

Կառավարութիւնը Որոշում Տուաւ Պայքարելու Մաքսանենգութեան Դէմ

Երէկ վարչապետարանին մէջ կառավարութիւնը գումարեց իր հերթական նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ կառավարութեան նիստէն ետք ներկայացուց նիստին որոշումները: Ըստ նախարարին, վարչապետ Հասան Տիապ հաստատած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները ներքին գետնի վրայ շարունակելու կարեւորութիւնը եւ նշած, որ բանակցութիւնները ճշգրիտ պիտի ըլլան` ողջունելով Լիբանանին տրուելիք օժանդակութիւնը: Վարչապետը շեշտած է, որ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին վերաբերեալ հետաքննութիւնները...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Լիբանանին Կոչ Ուղղեց Չներգրաւուելու Արտաքին Տագնապներուն Մէջ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Լիբանանին Կոչ Ուղղեց Չներգրաւուելու Արտաքին Տագնապներուն Մէջ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կրկին կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր կողմերուն զերծ մնալու որեւէ արտաքին տագնապի մէջ ներգրաւուածութենէ, ինչ որ կը համապատասխանէ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը յարգելու Լիբանանի յանձնառութեան: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շեշտեց ամբողջական գործադրութեան կարեւորութիւնը թիւ 1559 բանաձեւին, որ հրապարակուած է 2004-ին եւ Լիբանանի մէջ բոլոր զինուած խմբաւորումներէն կը պահանջէ զինաթափուիլ եւ զինամթերքը սահմանափակել լիբանանեան բանակով, որպէսզի զէնքը կամ իշխանութիւնը պետութենէն բացի ոչ...

Հայր Ազար. «Կարելիութիւն Պիտի Չունենանք Ուսուցիչներուն Ամսականները Վճարել Մայիս Ամիսէն Ետք, Եթէ Կառավարութիւնը Որեւէ Նախաձեռնութեան Չդիմէ»

Հայր Ազար. «Կարելիութիւն Պիտի Չունենանք Ուսուցիչներուն Ամսականները Վճարել Մայիս Ամիսէն Ետք, Եթէ Կառավարութիւնը Որեւէ Նախաձեռնութեան Չդիմէ»

Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար երէկ ընդգծեց, որ տնտեսական տագնապը նոր չէ ստեղծուած` նշելով, որ 2012 թուականէն ի վեր արդէն իրենք նախազգուշացուցած էին անոր վատթարացումէն` աշխատավարձերու եւ յաւելումներու թղթածրարին պատճառով, զոր պահանջած էին, որ ըլլայ արդար եւ հաւասարակշռուած: Ան աւելցուց, որ միայն շատ քիչ թիւով ծնողներ կրթաթոշակները կը վճարեն` աւելցնելով, որ արդէն իսկ 4 վարժարաններ իրենց դռները փակած...

Չորսօրեայ Ամբողջական Փակումը Սկսաւ Գործադրուիլ

Չորսօրեայ Ամբողջական Փակումը Սկսաւ Գործադրուիլ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 878-ի, Մահուան Պարագաներունը` 26-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 236-ի Կառավարութեան որոշումով, երկիրը չորս օրով ամբողջութեամբ փակելու որոշումը արդէն իսկ գործադրութեան մէջ մտաւ` երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսած կրակմարով, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի ակներեւ բարձրացումին պատճառով, լիբանանեան պետութիւնը որոշեց փակել երկիրը եւ բազմացնել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները` ամբողջ երկրի տարածքին: Այս իրականութեան լոյսին...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապօրինի Անցքերը Փակել Եւ Օրինազանցներուն Վրայ Օրէնքը Գործադրել

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապօրինի Անցքերը Փակել Եւ Օրինազանցներուն Վրայ Օրէնքը Գործադրել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապ: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քննարկեց ապօրինի անցքերուն թղթածրարը: Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ նախագահ Աուն արծարծած է Լիբանանի ապօրինի անցքերու հարցը`...

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Բարելաւել Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւնները»

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Բարելաւել Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւնները»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որ նուիրուած էր Հըզպալլայի պատասխանատուներէն սէյիտ Մուսթաֆա Պատրէտտինի նահատակութեան Ա. տարելիցին: Ան նշեց, որ Պատրէտտին քաջ էր եւ բարձր տրամադրութեան տէր, ինչ որ զինք մղած էր տոկալու, դիմանալու, մտածելու, որոշումներ տալու եւ աշխատանքը շարունակելու: Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ընդգծեց Ազատ Տնտեսութեան Իր Կառչածութիւնը Եւ Հաստատեց Ուժանիւթի Նախարարութեան Մէջ Նոր Նուազուրդներ Կատարելու Ու Յանցագործները Պատժելու Կարեւորութիւնը

Հզօր Լիբանան համախմբումը, գլխաւորութեամբ` երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց ելեկտրոնային նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամին զարգացումները: Համախմբումը շեշտեց իր մերժումը ոեւէ լիբանանցիի եւ Լիբանանը իր տնտեսական, առողջապահական ու ելեւմտական տագնապներէն փրկելու փորձերը ջլատող որեւէ քաղաքական կողմի հետ բանավէճի մէջ մտնելու, առանց սակայն զիջելու իր սկզբունքներէն եւ փտածութեան դէմ մղած պայքարէն: Համախմբումը...

Լիբանանի Կառավարութիւնը Երէկ Պաշտօնապէս Սկսաւ Բանակցիլ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ

Լիբանանի Կառավարութիւնը Երէկ Պաշտօնապէս Սկսաւ Բանակցիլ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ

Ելեւմուտքի նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս սկսաւ բանակցիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ` հիմնուելով Լիբանանի մշակած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրին վրայ: Նախարարութեան յայտարարութեան համաձայն, բանակցութիւնները կը կատարէ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն հետ նախնական խորհրդակցութիւններ կատարած էր անցեալ երկուշաբթի օր: «Բանակցութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ Կեդրոնական դրամատունէն փորձագէտներու պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հրամանագիրով.  Լիբանանի Մէջ Մինչեւ Մարտ Ամսուան Աւարտը Բոլոր Տեսակի Մարզական Իրադարձութիւնները Կը Դադարին

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Կը Շնորհաւորէ Հիւանդապահները

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով, դիմատետրեան իր էջով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «12 մայիսին զուգադիպող հիւանդապահներու միջազգային օրուան առիթով, կը սեղմեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ ձեռքը եւ յոտնկայս կը յարգեմ մարդուն եւ հայրենիքին համար ձեր կատարած զոհողութիւնները: Ձեր տօնը շնորհաւոր: Դուք կը մնաք նուիրումի եւ զոհողութեան ոգին»:

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Սկսի Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները, Իսկ Այս Գիշեր Կը Սկսի Երկիրը Ամբողջական Կերպով Փակելու Որոշումին Գործադրութիւնը

Կառավարութիւնը Այսօր Կը Սկսի Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները, Իսկ Այս Գիշեր Կը Սկսի Երկիրը Ամբողջական Կերպով Փակելու Որոշումին Գործադրութիւնը

Լիբանան այսօր կը սկսի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ պաշտօնական բանակցութիւնները` իր վաւերացուցած ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին եւ գործադրելիք տնտեսական բարեկարգումներուն հիման վրայ: Մինչ կառավարութիւնը կը սկսի միջազգային բանակցութիւնները, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին կը նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` քննարկելու համար Լիբանանի ապօրինի անցքերուն միջոցով մաքսանենգումը զսպելու միջոցները: Միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին,...

Կառավարութիւնը Որոշեց Չորս Օրով Երկիրը Լրիւ Փակել

Կառավարութիւնը Որոշեց Չորս Օրով Երկիրը Լրիւ Փակել

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 870-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Հասաւ 26-ի, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 234-ի Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին դարձեալ բարձրանալուն պատճառով լիբանանեան պետութիւնը որոշեց փակել երկիրը եւ բազմացնել «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները` ամբողջ երկրին տարածքին: Այդ պատճառով  ալ կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին որոշեց չորս օրով` չորեքշաբթի, 13 մայիս 2020-ի գիշերուընէ մինչեւ երկուշաբթի, 18 մայիս...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ պետական մարզի պաշտօնեաները մայիս ամսուան համար միայն ամսական կէս աշխատավարձ պիտի ստանան: Ուազնիի համաձայն, ելեմուտքի...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 859-ի, Մահուան Պարագաներունը` 26-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 234-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 859-ի, Մահուան Պարագաներունը` 26-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 234-ի

Կառավարութիւնը Կ՛ուղղուի Չորս Օրով Երկիրը Լրիւ Փակելու Քայլի Որդեգրման Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւի բարձրացումը լիբանանեան պետական շրջանակներուն եւ առողջապահութեան նախարարութեան մօտ լուրջ մտահոգութեան տուն տուաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ կառավարութիւնը ուղղուի չորս օրով երկիրը լրիւ փակելու քայլի որդեգրման` հինգշաբթի օրուընէ մինչեւ կիրակի: Այս շրջագիծին մէջ, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի որոշումով, երէկուընէ սկսեալ կրակմարի դրութեան ժամերը կրկին վերածուեցան...

Նախագահ Աուն. «Բոլոր Համայնքներուն, Յատկապէս Յոյն Ուղղափառ Համայնքին Իրաւունքներուն Յանձնառու Կը Մնամ»

Նախագահ Աուն. «Բոլոր Համայնքներուն, Յատկապէս Յոյն Ուղղափառ Համայնքին Իրաւունքներուն Յանձնառու Կը Մնամ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր.Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը, ներկայութեամբ` երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յոյն ուղղափառ համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ անոր պետական հաստատութիւններուն ու վարչութիւններուն մէջ այդ համայնքին ունեցած ազգային դերակատարութիւնը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ բոլոր համայնքներուն,...

Ֆրենժիէ. «Կեղծուած Նաւթի Թղթածրարը Քաղաքական Է, Իսկ Սարգիս Հլայս Դատական Իշխանութեան Պիտի Ներկայանայ»

Ֆրենժիէ. «Կեղծուած Նաւթի Թղթածրարը Քաղաքական Է, Իսկ Սարգիս Հլայս Դատական Իշխանութեան Պիտի Ներկայանայ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ուժգին յարձակում գործեց Պաապտայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վրայ` կեղծուած նաւթի հարցով: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆրենժիէ յայտնեց, որ յանցագործներու հովանի ապահովելու առումով Մարատայի անունը շրջանառութեան մէջ դրուելու լոյսին տակ, ինք որոշած է բոլոր լրատուամիջոցներուն յայտարարել, թէ նաւթային պարէնի պատասխանատու Սարգիս Հլայս իր բարեկամն է, եւ...

Հըթթի Ամերիկացի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Տնտեսական Ծրագիրն Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Վերաբերող Հարցեր

Հըթթի Ամերիկացի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Տնտեսական Ծրագիրն Ու ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական ծրագիրին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգման հարցին վերաբերող: Հանդիպումին ընթացքին Հըթթի Միացեալ Նահանգներէն օժանդակութիւն խնդրեց` «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու համար: Արտաքին գործոց նախարարին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական...

Հարիրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Հարիրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի: Հարիրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ, Զուիցերիոյ եւ Քանատայի դեսպանները: Քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մշակած տնտեսական-ելեւմտական ծրագիրը: Դեսպանները հաստատեցին, որ այդ ծրագիրը լաւ նախաքայլ է` աւելցնելով,...

Վարչապետ Տիապ Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Տնտեսական Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Տիապ Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Տնտեսական Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական ծրագիրն ու երկրին տնտեսական եւ ընդհանուր իրադարձութիւնները: Տիապ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու տնտեսական իրավիճակը: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Մաքասետ միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` Ֆայսալ...

Համատ Հասան. «Քորոնա» Ժահրով Վարակուողներուն Թիւը Այսպէս Բարձր Մնալու Պարագային, Կառավարութենէն Պիտի Պահանջեմ Ամբողջ Երկիրը 48-72 Ժամով Փակել»

Համատ Հասան. «Քորոնա» Ժահրով Վարակուողներուն Թիւը Այսպէս Բարձր Մնալու Պարագային, Կառավարութենէն Պիտի Պահանջեմ Ամբողջ Երկիրը 48-72 Ժամով Փակել»

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 845-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Հասաւ 26-ի, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 234-ի Նախորդ քանի մը օրերուն Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը զգալիօրէն բարձրացաւ, որուն լոյսին տակ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ լիբանանեան պետութեան մղած պայքարը սկսաւ ստանալ աւելի լուրջ բնոյթ` նկատի ունենալով այն մտահոգութիւնը, թէ գրեթէ նոր վարակումներ չունեցող երկրի մը մէջ վերջին օրերուն ընթացքին...

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ` Լիբանանի Կառավարութիւնը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանցի Մայրերը

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ` Լիբանանի Կառավարութիւնը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանցի Մայրերը

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն հետ գործակցութեամբ, Լիբանանի կառավարութիւնը շնորհաւորեց լիբանանցի մայրերը, որոնք օրին չկրցան նշել իրենց տօնը: Այս առիթով, նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը` իր բոլոր միաւորներով, որոնց շարքին նաեւ ՀՄԸՄ-ը, երէկ կառավարական հիւանդանոցներուն մէջ, Կարմիր խաչի կամաւորներուն եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն օժանդակութեամբ բոլոր շրջաններուն մէջ ծաղիկներ բաժնեց...

Page 494 of 988 1 … 493 494 495 … 988

Արխիւներ