Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներու գործադրութեան վերաբերող յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ընդգծած է փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը եւ մշակած է ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումի ծրագիր մը` կազմելով ճշգրիտ տնտեսութիւն ունենալու պատկերացում մը:
«Մենք կը փափաքինք գործադրել «Սետր»-ի որոշումները եւ պիտի կարենանք իրագործել զանոնք», հաստատեց Տիապ:
Վարչապետը նկատել տուաւ, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովէն երկու տարի ետք Լիբանան կը փորձէ ինքզինք ամրապնդել եւ այդ պատկերով ներկայանալ Միջազգային ընտանիքին: «Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք տէր կանգնելու այս յանձնառութեան եւ յանգելու երկրին տնտեսութեան աշխուժացման», հաստատեց ան:
«Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներու գործադրութեան հսկող ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ, դեսպան Փիեռ Տիւքան յայտնեց, որ «Սետր»-ի որոշումները տակաւին յարմար են, եւ ֆինանսաւորումը առկայ է` գործադրելու համար ծրագիրները ու յաջողեցնելու բարեկարգումները:
Տիւքան հաստատեց, որ պէտք է աշխատանքը համադրել խորհրդարանին հետ` գործադրելու համար տարբեր ծրագիրներ: «Այս իմաստով կարելի չէ ինքնագլուխ գործել, այլ հարկ է հաւաքական հաւանութեամբ աշխատիլ», ըսաւ ան:
Տիւքան շեշտեց բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը, յատկապէս վարչական աշխատանքին մէջ արձանագրուելիք թափանցիկութեան ու փտածութեան դէմ մղուելիք պայքարին վերաբերեալ: Ան նշեց նաեւ, որ պէտք է որդեգրել այնպիսի միջոցներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը:
«Լիբանան կարիքը ունի ներդրումներու, յատկապէս անոնց, որոնք կը վերաբերին երկրին ենթակառոյցին: Այս բոլորը պիտի արտօնեն, որ լիբանանեան տնտեսութիւնը աշխուժանայ: Ներդրումները կարիքը ունին ելեկտրականութեան, որ մնայուն կերպով պէտք է ապահովուած ըլլայ: Ելեկտրականութեան մարզի բարեկարգումը հիմնական բարեկարգում մըն է, որուն համար անհրաժեշտ են թափանցիկութիւնն ու կառավարումը», շեշտեց Տիւքան:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ իր կարգին ընդգծեց, որ երկու տարիէ ի վեր Փարիզի մէջ յանձնառութիւններ ստանձնուած են եւ չեն գործադրուած` բարեկարգումներու չգոյութեան պատճառով:
Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան պետութեան ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ սկսելիք բանակցութիւնները հիմնական քայլեր են, որոնք աշխատանքը ճիշդ հունի մէջ կը դնեն:
Ֆուշէ շեշտեց, որ այս նիստը առիթ մըն է մասնակիցները կարելի եղածին չափ համոզելու, իսկ առաջնահերթութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ սկսելիք բանակցութիւններու արագ ընթացքն է: «Այս իմաստով յառաջիկայ շաբաթները կարեւոր պիտի ըլլան` բարեկարգումի ելեւմտական ծրագիրին հիման վրայ խորհրդակցութիւնները շարունակելու: «Սետր»-ը ծրագիրներու, բարեկարգումի եւ ֆինանսաւորման եռակողմանի համաձայնութիւն է, եւ կարելի չէ այս երեքը իրարմէ անջատել», ըսաւ Ֆուշէ:
Ան աւելցուց «Սետր»-ի յատուկ կայք մը ստեղծելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բարեկարգումներու ցանկը այդ կայքին վրայ արձանագրել:
Ֆուշէ դիտել տուաւ, որ այս մասին այլ հանդիպումներ եւս պիտի գումարուին` յոյս յայտնելով, որ յաջողութիւններ կ՛արձանագրուին:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր յայտնեց, որ իրենց համար ելեկտրականութեան թղթածրարին լուծումը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար այդ մասին ներկայացում մը պիտի կատարէ:
«Կառավարութիւնը նախանձախնդիր է «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներու գործադրութեան», շեշտեց ան:
Աքըր նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն հետ մշակած է գործիքակազմ մը, որուն իբրեւ արդիւնք յունիս ամսուան ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ համաձայնութիւններ գոյացնել` առաջնահերթութեան կարգով ներկայացուելիք շարք մը ծրագիրներու հիման վրայ:
Իր կարգին, Ղաժար շեշտեց, որ կառավարութիւնը Ելեկտրականութեան ընկերութեան նոր տնօրէնութիւն պիտի նշանակէ` 23 թեկնածուներու մէջէն:
Երբ կառավարութիւնը որոշէ նոր տնօրէնը, ըստ այնմ պիտի կազմուի Ելեկտրականութեան ընկերութեան աշխատանքները կազմակերպող խորհուրդը:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապ նախագահեց նաեւ Լիբանանի սահմանները հսկելու ռազմավարութիւն մը ճշդելու յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրը, ինչպէս նաեւ նախարարներ Նասիֆ Հըթթի, Ղազի Ուազնի, Ապպաս Մուրթատա, Միշել Նաժժար եւ Համատ Հասան:
Ներկայ էին նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի նախագահ գնդապետ-զօրավար Ասաատ Թուֆայլի, Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ, վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպ եւ գրասենեակի տնօրէն Խալետ Աքքարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի սահմաններուն անվտանգութեան հսկող ռազմավարութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր վերաբերող ապահովական կառոյցներու ցուցմունքներն ու դիտողութիւնները: Քննարկուեցաւ բոլորին միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը` յանգելու համար ռազմավարական ամբողջական ծրագիրի մը, որ կը համապատասխանէ սահմաններու հսկողութեան իմաստով Միջազգային ընտանիքին պահանջներուն եւ չափանիշներուն:
Ռազմավարութեան մէջ նկատի պիտի առնուին հիմնական երկու կողմեր, որոնցմէ առաջինը սահմանային մաքսանենգումին կը վերաբերի, իսկ երկրորդը` սահմանային հսկողութեան տնօրինումին:
Միւս կողմէ, առաւօտեան, Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Տիապի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխաններու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Թալալ Մերեհպի, Նասեր Նասրալլա եւ Ժաք Չուխատարեան, ներկայութեամբ` վարչապետ Տիապի խորհրդատու Խտըր Թալեպի:
Հանդիպումէն ետք Մերեհպի յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են լիբանանցիները յուզող ապրուստի դժուար կացութիւնը` մաղթելով, որ այս փուլին ան կը շարունակէ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել` փրկելու համար Լիբանանը, ինչպէս նաեւ կարենայ կարելի բոլոր միջոցներուն դիմել` վերջ տալու համար սղաճի այս ալիքին եւ լիբանանցիին դիմագրաւած ողբերգական վիճակին: