Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Ոչ Մէկ Փտած Պիտի Արժանանայ Մեր Հովանիին, Իսկ Նաւթային Երկիր Ըլլալու Լիբանանի Իրականութեան Դէմ Հակաքարոզչութիւն Պէտք Չէ Կատարել»

Մայիս 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ տնտեսական ծրագիրին, ինչպէս նաեւ նաւթին, ելեկտրականութեան մարզին, ինչպէս նաեւ երկիրը փտածութենէ դուրս բերելու հաւանական լուծումներուն:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը կարելի չէ վար առնել, բացի եթէ ան փափաքի հրաժարիլ, իսկ այդ մէկը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին չի վերաբերիր:

Մաքսանենգումի հարցին մասին խօսելով` Պասիլ ընդգծեց, որ որդեգրուելիք դասաւորումները արդէն իսկ ծանօթ են, իսկ անցքերը հակակշիռի չենթարկելու կարողութեան պատճառաբանութիւնները կը կատարուին մեղսակիցներու կողմէ` ըլլան անոնք ապահովական կառոյցներ, թէ գետնի վրայ գործող ուժեր: Ան հաստատեց, որ այս իմաստով կառավարութիւնը պէտք է արագ որոշում տայ:

Պասիլ կոչ ուղղեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որ շտապ ծրագիրի մը շուրջ համախմբէ զիրենք, որպէսզի կարելի ըլլայ փլուզման վերջ մը դնել: «Մենք պատրաստ ենք մասնակցելու եւ միացեալ ջանքերով գործելու` ի նպաստ բոլորին շահերուն», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը առաջին պատասխանատուն է, հետեւաբար ան չի կրնար ներդրում ունենալ արձանագրուած այս վնասին մէջ: «Մենք կը մերժենք դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն գումարներէն իւրացում կատարել, սակայն ատիկա անկարելի է, եթէ կարելի չըլլայ պետական պահեստը օգտագործել: Եթէ լիբանանցիին գումարներուն դպչինք, ապա լիբանանցիներն ու նորահաս սերունդները իրենց գումարները դրամատուներուն մէջ չեն զետեղեր` հարուածելով դրամատնային համակարգը, որ երկրին տնտեսութեան հիմնասիւներէն մէկն է», ըսաւ ան:

Պասիլ ակնարկեց նաեւ պետութենէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու կարեւորութեան: Ան կոչ ուղղեց ստուգելու պետական մարզին մէջ ծառայող բոլոր պատասխանատուներուն հաշիւները եւ զգայացունց գումարներ նշմարելու պարագային պատասխանատուութեան կանչելու զանոնք:

Պասիլ նշեց, որ այս իմաստով իրենք կը գործակցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որպէսզի կասեցնեն գումարներու դուրս փոխանցումները` կարգ մը բացառութիւններով:

Պասիլ շեշտեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախկին նախարար Նատա Պուսթանիի օրով ի յայտ եկաւ խարդախուած նաւթի թղթածրարը, որ ելեկտրական կայաններուն մէջ խանգարումներ պատճառած էր` ըստ Ֆրանսայի ելեկտրականութեան ընկերութեան տեղեկագիրին:

«Այս հարցը Պուսթանի հետապնդեց, նոյնիսկ երբ ան այլեւս նախարար չէր, իսկ ապահովական այն մարմինը, որ կը գործէ այս իրականութիւնը փոխելու ուղղութեամբ, յստակ նպատակներ կը հետապնդէ, եւ անոր նպատակները յստակ են: Ոչ ոք թող մեր միջնորդութիւնը խնդրէ, ոչ ոք թող փորձէ մեր վրայ ճնշում բանեցնել` տարբեր համաձայնութիւններու եւ գործարքներ գոյացնելու միտումով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն փտածները պաշտպանել կամ զանոնք իրենց հովանիին տակ առնել:

Իր խօսքը ուղղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ յարձակող քաղաքական կողմերուն, որոնք գաղտնօրէն իրենց նամակներ կը յղեն, Պասիլ ըսաւ. «Բոլոր անոնց կ՛ըսենք, որ դուք մեզի դէմ կը լարուիք եւ մեզ կը նախատէք, ամէն անգամ երբ ձեր շահերը կը վտանգուին: Կ՛ուզենք հաստատել, որ մենք ոչ մէկ ձեւով պիտի զիջինք փտածութեան դիմաց մեր մղած պայքարէն»:

Պասիլ կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան մէջ անհրաժեշտ նշանակումները կատարելու`  աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան մարզին պատճառած նիւթական վնասները ճիշդ է որ մեծ են, «սակայն այդ առնչութեամբ ներկայացուած հսկայական գումարները, որոնց գծով մեզ կը փորձեն պատասխանատու նկատել,  անճիշդ են եւ սուտասանութեան շարքին կը դասուին», հաստատեց ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ նաւթահորերու պեղման աշխատանքը իր առաջին փուլէն յստակ չ՛ըլլար` աւելցնելով, որ միջազգային ընկերութիւններու տեղեկագիրներուն հիման վրայ է, որ յայտարարուած է, թէ Լիբանանի մէջ նաւթ եւ բնական կազ գոյութիւն ունի, եւ պէտք չէ այդ իմաստով Լիբանանի բնական հարստութեան դէմ հակաքարոզչութիւն կատարել:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 911-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 247-ի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?