Վարչապետ Տիապ Յայտարարեց Երկրին
Մասնակի Վերաբացումը` Ըստ Փուլային Ծրագիրին
Լիբանանը հարուածած տաքի ալիքն ու տարբեր շրջաններուն մէջ միլիոնաւոր միջատներու գործած յարձակումը, որոնց կողքին նաեւ պետութեան պարտադրած ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը լիբանանցիներուն համար եղան խեղդող երեւոյթներ:
Երէկ յետմիջօրէին «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի յատուկ լիբանանեան ազգային յանձնախումբը վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:
Նիստէն ետք, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, վարչապետ Տիապ պատկերասփռուած ճառ մը յղեց լիբանանցիներուն:
Ան յայտարարեց երկրին մասնակի վերաբացումը` ըստ փուլային ծրագիրին:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ դժուար է հաւատալ, սակայն «Քորոնա» ժահրը այսօր ամբողջ աշխարհին ընկերային յարաբերութիւնները սառեցուցած է: «21 փետրուարէն սկսեալ Լիբանանը ամբողջ մտահոգ է: Մենք մտահոգ ենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք լիբանանցիներուն կեանքը փրկել եւ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառելիք մարդկային կորուստները կանխարգիլել: Եւ որովհետեւ մեզի համար առաջնահերթութիւնը մարդ արարածին կեանքը պաշտպանելն է, ապա մեր մարդկայնականութիւնը յաղթեց նիւթական նշանակութիւն ունեցող տարրերուն: Բայց եւ այնպէս պէտք է ըմբռնել, որ կեանքին նկատմամբ մեր սէրը պէտք չէ անզգուշութեան վերածուի եւ պատճառ դառնայ մեր սիրելիներուն մահուան: Մենք կրցանք այս իրավիճակէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալ, եւ շաբաթ մը առաջ արդէն իսկ կրնայինք ստեղծուած վտանգին ճիրաններուն մէջ իյնալ, որովհետեւ կարգ մը շրջաններ «Քորոնա» ժահրէն նախազգուշանալու իրենց յանձնառութեան տէր չկանգնեցան», հաստատեց ան:
Վարչապետ Տիապ նշեց, որ երբ կառավարութիւնը որոշեց կրկին վերաբանալ երկիրը, ան բազմիցս զգուշացուց այն իրականութենէն, որ նախազգուշութիւններուն կառչած չմնալու պարագային, Լիբանանի մէջ արձանագրուած յաջողութիւնը պիտի չքանայ, եւ պիտի վերադառնանք Ա. փուլին: «Այդ պատճառով ալ կառավարութիւնը որոշեց քառօրեայ ամբողջական փակումը` դարձեալ հակակշիռի տակ առնելու համար «Քորոնա» ժահրի վարակումին թափը: Մենք տակաւին մտահոգ ենք վարակուածներուն թիւին յաւելումով` նկատի ունենալով երկրին տնտեսական կացութիւնը, որ հետզհետէ կը վատթարանայ, ինչպէս նաեւ նախազգուշութիւնները որդեգրելու իմաստով ցուցաբերուած թուլութիւնը, ինչ որ կրնայ բարդացնել տիրող կացութիւնը», հաստատեց ան:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձի Բ. փուլը արժեւորելէ ետք, լիբանանեան պետութիւնը սկսած է արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու Գ. փուլին` ընդգծելով, որ երկիրը տակաւին կը մնայ շատ զգայուն վիճակի մը դիմաց, «որովհետեւ այս տագնապը երկարատեւ պիտի ըլլայ, եւ Լիբանանը կրնայ հարուածել «Քորոնա» ժահրի տարածման երկրորդ ալիք մը, որ կրնայ շատ աւելի վատ ըլլալ` գիտնալով հանդերձ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային հարցերն ու հետեւանքները», հաստատեց ան:
Տիապ յայտարարեց, որ կառավարութիւնը այսօրուընէ սկսեալ պիտի վերաբանայ երկիրը` հիմնուելով իր փուլային ծրագիրին վրայ: Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ վարակուածներու բարձր աճ արձանագրող շրջաններն ու թաղամասերը շրջափակելու քաղաքականութիւնը:
«Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին պաշտպանելու ընկերային հեռաւորութիւնը եւ կառչած մնալու նախազգուշութիւններուն, որպէսզի շարունակենք երաշխաւորել լիբանանեան ընկերութեան առողջապահական ապահովութիւնը: Նախազգուշութիւններուն յանձնառու մնալով պիտի յաղթենք «Քորոնա» ժահրին եւ պիտի վերաբանանք երկիրը, առանց զղջալու», ընդգծեց Տիապ:
Ապահովութեան Ուժերը Կը Հսկեն
Ընդհանուր Զօրաշարժի Գործադրութեան
Ապահովութեան ուժերը երէկ ամէն ջանք ի գործ դրին` հսկելու համար երկրին մէջ տիրող ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութեան:
Ամբողջութեամբ երկիրը փակելու որոշումը խախտող քաղաքացիներուն դէմ ապահովութեան ուժերուն կողմէ արձանագրուեցան տուգանքներ, իսկ Շուֆի ծովեզերեայ շրջանին, ինչպէս նաեւ Ռմայլէի, Ժիէի եւ Սաատիյաթի ծովափները ուղղուող քաղաքացիները հետապնդուեցան պետական անվտանգութեան ուժերուն կողմէ, որոնք քաղաքացիներէն պահանջեցին մեկնիլ իրենց բնակարանները եւ յարգել ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը:
Այս դրութեան զուգահեռ, «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը կը շարունակէ արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրել` ըստ կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումին:
Այս շրջագիծին մէջ կը նախատեսուէր, որ երէկ Լիբանան հասնին Քաթարէն, Փարիզէն, Լակոսէն, Պուրքինա Ֆասոյէն եւ Քոնկոյէն արտերկրի լիբանանցիներ փոխադրող 5 օդանաւեր, սակայն մետասաներորդ պահուն յայտարարուեցաւ, որ Տոհայէն գալիք օդանաւը ջնջուած է:
Պէյրութ հասած բոլոր արտերկրի լիբանանցիները ենթարկուեցան «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան եւ փոխադրուեցան համապատասխան պանդոկները, մինչեւ իրենց քննութեան արդիւնքը ստանալն ու ըստ այնմ իրենց բնակարաններուն թէ հիւանդանոցներուն մէջ 14 օրուան մեկուսացումի ենթարկուիլը:
Արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու իմաստով գործադրուած այս փուլին` Գ. փուլին (14-24 մայիս) ընթացքին, կը նախատեսուի, որ շուրջ 11 հազար լիբանանցիներ տունդարձ կատարեն:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 911-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 9 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 247 ուրիշներ` ապաքինած:
Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 5 վարակուածներ, իսկ Պէյրութ հասնող արտերկրի լիբանանցիներուն շարքին արձանագրուած են 4 վարակուածներ:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ ինք առաջարկած է, որ 2020-ի պաքալորէայի պետական բոլոր քննութիւնները ջնջուին, իսկ կրթական տարեշրջանը մինչեւ մայիսի վերջ հեռակայ կարգով շարունակուին, եւ աշակերտները փոխեն իրենց դասարանները:
Մաժզուպ առաջարկեց նաեւ, որ համալսարաններու եւ արհեստից վարժարաններու պարագային դասերը հեռակայ կարգով շարունակուին եւ աւարտին` իւրաքանչիւր համալսարանի եւ կրթական հաստատութեան համաձայն:
Ան յայտնեց, որ այս առաջարկները պիտի քննարկուին կառավարութեան կողմէ:
Նշենք, որ Մաժզուպ անդրադառնալով նախարարութեան անունով հրապարակուող անպաշտօն յայտարարութիւններուն, շաբաթ օր հաստատած էր, որ 2019-2020 ուսման տարեշրջանը աւարտելու, ինչպէս նաեւ պետական քննութիւններու մասին որոշումները պաշտօնապէս կը հրապարակուին կրթութեան նախարարի գրասենեակէն:
Մաժզուպ շեշտած էր նաեւ, որ նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող կացութիւնը եւ սերտելէ ետք նախարարութեան տուեալները, կրթութեան նախարարութիւնը մօտիկ ապագային յստակ որոշումներ պիտի տայ թէ՛ ուսման տարեշրջանին եւ թէ՛ պետական քննութիւններուն գծով:
Ներքին Գործոց Նախարարութեան Որոշումները`
Տարբեր Մարզերու Վերաբացման Առիթով
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, երկրին մասնակի վերաբացումը պիտի սկսի այսօր` կառչած մնալով սակայն երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութեան, ինչպէս նաեւ երթեւեկը սահմանափակելով ինքնաշարժի, բեռնատարներու եւ մոթորսիքլեթներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերով: Անզոյգ թիւերը կրնան երթեւեկել երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն ընթացքին, զոյգ թիւերը` երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերուն ընթացքին (Զերոն զոյգ թիւ կը նկատուի), իսկ զոյգ եւ անզոյգ թիւերը` կիրակի օրուան ընթացքին:
Ըստ շրջաբերականին, այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին զինուորական փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժները, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն փոխադրակառքերը, հիւանդատար ինքնաշարժները, ճաշի առաքման մոթորսիքլեթները, լրագրողներուն յատուկ ինքնաշարժներն ու մոթորսիքլեթները, յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներու փոխադրամիջոցները, աղբատար մեքենաները, ինչպէս նաեւ վառելանիւթ փոխադրող սիթեռնները:
Շրջաբերականին համաձայն, ամբողջ շաբթուան ընթացքին ընկերութիւնները, վաճառատուներն ու շուկաները պիտի վերաբացուին, պայմանով որ ընկերային հեռաւորութեան, դիմակներու գործածութեան, խմբաւորումներէ հեռու մնալու, աշխատավայրերը հականեխելու եւ «Քորոնա» ժահրով չվարակուելու բոլոր նախազգուշութիւնները որդեգրուին:
– Բանջարեղէնի, պտուղներու, ձկնեղէնի, մսեղէնի եւ հաւեղէնի շուկաները առաւօտեան ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կրնան գործել:
– Դեղորայքի, բժշկական սարքերու, փուռերու եւ ալրաղացներու արտադրութեան յատուկ գործարանները շուրջօրեայ դրութեամբ կրնան գործել:
– Սննդամթերքի պահեստանոցները առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կրնան գործել:
– Հանրախանութներու, սննդամթերքի, խմորեղէնի եւ կաթնեղէնի վաճառատուները, ինչպէս նաեւ անուշավաճառները, ջուրի ընկերութիւնները առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 կրնան գործել:
– Ճաշարաններն ու սրճարանները առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 կրնան գործել, պայմանով որ անոնք իրենց կարողութեան 50 առ հարիւրով աշխատին, իսկ ճաշի առաքումները արտօնելի պիտի ըլլան: Որեւէ ճաշարանի պարագային կլկլակի մատուցումը խիստ արգիլուած է:
– Գրախանութները առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կրնան գործել:
– Բժիշկներու գրասենեակներն ու տարրալուծարանները առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կրնան գործել:
– Երկրագործութեան մարզի յատուկ առարկաներու վաճառատուները, լումայափոխները, համացանցի յատուկ գրասենեակներն ու ակնոցավաճառները առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կրնան գործել:
– Դրամատուները կը գործեն ըստ Դրամատուներու միութեան որոշումին, իսկ ելեւմտական հաստատութիւնները` Կեդրոնական դրամատան շրջաբերականին համաձայն:
– Պանդոկներն ու կահաւորուած բնակարանները իրենց կարգին աշխատանքի կը վերսկսին, պայմանով որ անոնք մնայուն հականեխումի աշխատանքը շարունակեն:
– Պենզինի կայարանները շուրջօրեայ դրութեամբ կրնան բաց մնալ:
– Կազ լեցնող եւ բաժնող ընկերութիւնները, վարձու ինքնաշարժի ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւտրական բոլոր ընկերութիւնները առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կրնան գործել:
– Շինարարութեան յատուկ աշխատանքները առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կարելի է կատարել, բացի կիրակիներէն եւ տօնական օրերէն:
– Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներն ու հանրակառքերը կրնան իրենց թիւերուն զոյգ եւ անզոյգ դրութեան հիման վրայ երթեւեկել` առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, պայմանով որ անոնց նստարաններուն միայն մէկ երրորդը օգտագործուի` քաղաքացիներու փոխադրութեան համար:
– Լողաւազանները, որոնք քլոր կ՛օգտագործեն, առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կրնան գործել: Սակայն ներքին եւ արտաքին մարզադաշտերն ու ծովափները, ինչպէս նաեւ հանրային պարտէզներն ու ծովափը քալելու դրութիւնը կը մնան արգիլուած:
– Շարժապատկերի սրահները, մոլերը, Քազինօ տիւ Լիպանն ու բախտախաղի բոլոր սրահները կը մնան փակ:
Համատ Հասան Այցելեց Հասպայա
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Հասպայա, ուր այցելեց երեսփոխան Անուար Խալիլի բնակարանը:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Խալիլ յայտնեց, որ Հասպայայի կառավարական հիւանդանոցը կարիքը ունի առողջապահութեան նախարարութեան գուրգուրանքին: «Հասպայայի կառավարական հիւանդանոցը դիմադրութեան հիւանդանոցն է, որուն զաւակները արժանի են պետութեան գուրգուրանքին», ըսաւ ան:
Խալիլ բարձր գնահատեց առողջապահութեան նախարարին արտակարգ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ անոր ի գործ դրած ջանքերը` լիբանանցիները «Քորոնա» ժահրէն փրկելու իմաստով:
Իր կարգին, Համատ Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրընկալութեան համար եւ խոստացաւ շարունակել աշխատանքը` ծառայելու համար ժողովուրդին առողջապահական ապահովութեան, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար լիբանանցիներուն շահերը:
Նշենք, որ նախարար Հասան շաբաթավերջին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի ընթացքին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ աւելի քան 3000 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կատարուեցաւ` աւելցնելով, որ այդ քննութիւններուն արդիւնքները լաւ էին եւ փաստեցին, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը տակաւին կարելի է հակակշիռի տակ պահել:
Հասան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի վարակման պարագաները տակաւին անհատական մակարդակի վրայ են եւ ոչ թէ հաւաքական:
Առողջապահութեան նախարարը ընդգծեց, որ քննութիւնները սերտուած կերպով կատարուեցան եւ անոնք թիրախ դարձուցին այն անձերը, որոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու հետ շփումի մէջ եղած էին:
Ըստ Հասանի, այս արդիւնքները ցուցանիշներ են, որ կարելի է վերադառնալ երկրին մէջ բնականոն կեանքը սկսելու կառավարութեան որդեգրած այն ծրագիրին, որուն համաձայն աստիճանաբար կարելի պիտի ըլլար վերահաստատել Լիբանանի բնականոն կեանքը:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կառչած մնալու նախազգուշութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլել եւ անգամ մը եւս չստիպուիլ երկիրը ամբողջութեամբ փակելու որոշումը որդեգրելու: