Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութիւնը Կը Շարունակէ Ինքզինք Պարտադրել

May 16, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ
891-ի, Մահուան Պարագաներունը Մնաց 26, Իսկ Բուժուածներունը Հասաւ 246-ի

Կառավարութեան որոշումով երկրին մէջ պարտադրուած չորսօրեայ դրութեամբ ընդհանուր զօրաշարժը արդէն իսկ հասաւ երրորդ օրուան: Այդ դրութիւնը գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ինքզինք կը պարտադրէ, իսկ անոր գործադրութեան կը հսկեն յատկապէս քաղաքապետութիւններն ու ապահովութեան ուժերը:

Երկիրը չորս օրուան համար ամբողջութեամբ փակելու արժեւորումը պիտի կատարուի կիրակի օր` վարչապետ Հասսան Տիապի նախագահելիք նիստին ընթացքին, որոշելու համար, թէ երկուշաբթի, 18 մայիս 2020-էն սկսեալ Լիբանան ինչպիսի փուլ մուտք պիտի գործէ:

Այս դրութեան զուգահեռ, «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը կը շարունակէ արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրել` ըստ կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումին:

Արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու իմաստով գործադրուած այս փուլին` Գ. փուլին (14-24 մայիս) ընթացքին, կը նախատեսուի, որ շուրջ 11 հազար լիբանանցիներ տունդարձ կատարեն:

Ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախարար Ֆահմիի եւ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի միջեւ բանավէճ չէ արձանագրուած` «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի նիստին ընթացքին:

Հաղորդագրութիւնը հերքեց կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ երկու նախարարներուն միջեւ բանավէճի մասին շրջան ընող լուրը` հաստատելով, որ ներքին գործոց եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն միջեւ կատարեալ գործակցութիւն գոյութիւն ունի` ծառայելու համար Լիբանանի շահերուն:

Հարկ է աւելցնել նաեւ, որ Ֆահմիի գրասենեակը այլ հաղորդագրութեամբ մը հերքած էր նաեւ այն լուրը, թէ ներքին գործոց նախարարը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 891-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 5 նոր պարագաներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 246 ուրիշներ` ապաքինած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 1330 քննութիւն կատարուած է, եւ ի յայտ եկած է, որ տեղացիներուն մէջ արձանագրուած են 3 վարակուածներ, իսկ Պէյրութ ժամանող արտերկրի լիբանանցիներուն պարագային արձանագրուած են 2 վարակուածներ:

Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած լիբանանցի կին մը, երէկ ծննդաբերեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ նախագահեց Առողջապահութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որմէ ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ա. փուլին Լիբանանի ուժը իր պատրաստուածութեան մէջ էր` հակառակ իր համեստ կարողութիւններուն:

«Բայց եւ այնպէս առողջապահութեան նախարարութեան պատրաստուածութիւնն ու կարողութիւնները ամրապնդելէ ետք, մենք կարիք ունինք լիբանանեան ընկերութեան գործակցութեան, որպէսզի զգուշութեամբ վերադառնանք սովորական կեանքին: Այս առումով կարեւոր է առողջապահական եւ այլ հաստատութիւններու միջեւ աշխատանքը համադրել, յատկապէս պարտադիր բնակարանային մեկուսացման եւ անոր հսկող ապահովութեան ուժերուն ու քաղաքապետարաններուն միջեւ գործակցութեան հզօրացման առումով: Լիբանանի ընկերութեան խիղճը հիմնական է, սակայն այդ մէկը մեզի` իբրեւ պատասխանատուներու, չ՛արտօներ, որ բնակարանային մեկուսացման զօրակցելու իմաստով թերանանք», ըսաւ Հասան:

Ան նկատել տուաւ, որ արտերկրի լիբանանցիները գիտակից են` աւելցնելով, որ անոնց մէջ երկու պարագայի անխոհեմ վարուելակերպը բացառութիւն էր, եւ պէտք չէ զանոնք ընդհանրացնենք: «Կոչ կ՛ուղղենք զգացումները հակակշիռի տակ առնելու, նախազգուշութիւններուն դիմելու եւ իրարու հետ յարաբերելու հաւանականութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու` մինչեւ որ հաստատուի, թէ «Քորոնա» ժահրով վարակուած չեն: Կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ, որ վարակումի կանխարգիլման մասին քարոզչութիւնը, յատկապէս` լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն, շարունակուի», ըսաւ Հասան` աւելցնելով, որ նախորդ փուլին լսատեսողական լրատուամիջոցները շատ դրական կերպով գործակցեցան այդ բոլորը կատարելու իմաստով:

Հասան յայտնեց, որ երկիրը չորսօրեայ դրութեամբ ամբողջութեամբ փակելու որոշումին շրջագիծին մէջ արձանագրուած է վարակուածներու սահմանափակ թիւ մը, այդ պատճառով ալ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները աւելցած են, «որոնց արդիւնքներուն հիման վրայ կիրակի օր պիտի կարենանք յստակ որոշումներու յանգիլ», ըսաւ ան:

Նախարարը դիտել տուաւ, որ եթէ կը փափաքինք ընդհանուր զօրաշարժի խստութիւնը մեղմացնել, ապա պէտք է համոզուիլ, որ դիմակի գործածութիւնը պիտի ըլլայ մնայուն եւ պարտադիր նախազգուշութիւն, որովհետեւ գիտութիւնը փաստած է, թէ դիմակի գործածութեամբ կարելի է վարակման կարելիութիւնը 95 առ հարիւրով նուազեցնել:

«Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք «Քորոնա» ժահրի տարածման երկրորդ ալիքը հակակշիռի տակ առնելու: Վարակուած զինուորական ոստիկաններուն պարագաներուն օրական դրութեամբ կը հետեւինք եւ այդ պատճառով ալ երկիրը փակեցինք, որովհետեւ այդ վարակումները տարածուեցան լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Կը հաստատենք, որ լիբանանցիներուն ու արտերկրի լիբանանցիներուն հետ մէկ մարմին ենք եւ անոնց վերադարձին առումով հարց չունինք», հաստատեց ան:

Նշենք, որ յետմիջօրէին նախարար Հասան Պեքաայի մէջ իր կատարած շրջապտոյտին լոյսին տակ ըրաւ շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը տակաւին հակակշիռի տակ կը գտնուի:

Պըտնայէլի մէջ Հասան յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը մնայուն գործակցութեան մէջ է բոլորին հետ եւ գիտական չափանիշներու հիման վրայ կը գործէ բոլոր շրջաններուն մէջ:

Ան հաստատեց, որ այս պայմաններուն մէջ լիբանանեան հանրութեան հասկացողութիւնն ու ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը անհրաժեշտութիւն կը նկատուին:

Հասան շեշտեց, որ նախարարութեան նպատակը վարակուածներու թիւի նուազումն է, ինչպէս նաեւ մինչեւ պատուաստի ստեղծումը` ժամանակ շահիլը:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն գիտակցութեամբ Լիբանան տակաւին Գ. հանգրուանին մէջ կը գտնուի եւ Դ. փուլ չէ հասած: «Կարեւորը այն է, որ որեւէ վարակումի պարագային` անհատը բնակարանային մեկուսացումի յանձնառու մնայ: Հարկ է նաեւ նախազգուշութիւններուն կառչած մնալ` անհատը եւ հանրութիւնը պաշտպանելու համար, իսկ մնացեալը առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի հոգայ», յայտնեց նախարարը:

Լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով, Համատ Հասան նկատել տուաւ, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ գետնի վրայ արձանագրուած զարգացումներուն մանրամասնօրէն կը հետեւի, եւ չի փափաքիր ուսման տարեշրջանը կորսնցնել: «Այս իմաստով ան քաջութիւն ու յանդգնութիւնը ունի յարմարագոյն որոշումը տալու», ըսաւ ան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին ընդմէջէն հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրը հակակշիռի տակ առնելու գործողութիւնը երկարատեւ պիտի ըլլայ: Ան անհրաժեշտ նկատեց այս համաճարակին նկատմամբ թոյլ վերաբերում չցուցաբերել, այլ` նախազգուշութիւններուն կառչած մնալ` պաշտպանելու համար անհատն ու լիբանանեան ընկերութիւնը:

Ժոմպլաթ դիտել տուաւ, որ այդ մէկը միացեալ պատասխանատուութիւն է լիբանանեան պետութեան, քաղաքացիական ընկերութեան եւ քաղաքացիական տարբեր խորհուրդներուն միջեւ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Մաքսանենգումը Զսպելու Նպատակով Առնուող Քայլերուն

Յաջորդը

Զախարովա Կը Մեկնաբանէ Պաքուի «Բոլորը Բոլորին Դիմաց» Սկզբունքով Գերիներու Փոխանակման Վերաբերեալ Երեւանին Ուղղուած Կոչը

RelatedPosts

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

September 28, 2026
6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.