Մամլոյ Արձակուրդ
Ֆիթրի եւ Դիմադրութեան ու ազատագրութեան զոյգ տօներուն առիթով, եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 25 եւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 27 մայիս 2020-ին:
Ֆիթրի եւ Դիմադրութեան ու ազատագրութեան զոյգ տօներուն առիթով, եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 25 եւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 27 մայիս 2020-ին:
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 1086-ի, Մահուան Պարագաներու Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 725-ի Մինչ Լիբանան կը շարունակէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր բանակցութիւնները, որոնք պիտի ընթանան յառաջիկայ չորեքշաբթի, 27 մայիս 2020-ին, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի ժահրով վարակուողներուն թիւը դարձեալ զգալի աճ արձանագրեց: Լիբանանեան իշխանութիւնները կը շարունակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ իրենց պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ կը...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` մամլոյ ազատութիւնն ու լրագրողներուն կողմէ պատասխանատու եւ առարկայական վերաբերումը` իրենց աշխատանքին ընթացքին, ի մասնաւորի Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն պայմաններուն մէջ: Հանդիպումէն ետք Քսսայֆի յայտնեց, որ նախագահ Աուն ընդգծած է, թէ Պաապտայի դռները բաց են լրագրողներուն դիմաց, եւ անոնց պահանջները...
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու տնտեսական եւ ելեւմտական զարգացումները: Մէկ ժամուան ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ կառավարութեան մշակած տնտեսական ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւններ կատարելու: Միւս կողմէ, Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ...
Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Ապի Ռամիայի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ֆատի Ալամէ, Ալի Մըքտատ, Սամի Ֆաթֆաթ եւ Սելիմ Խուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Քորոնա»-ի ճգնաժամին ստեղծած իրականութիւնն ու մարզական կեանքին, երիտասարդական...
Դիմադրութեան եւ Ազատագրման օրուան առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ օրուան հրահանգին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի ազատագրումը այնպիսի նուաճում մըն է, որ արձանագրուած է լիբանանցիներուն գոյատեւումով, Դիմադրութեամբ եւ իր հողերուն ամբողջական ազատագրումի իրաւունքին կառչածութեամբ: «Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան 20-ամեակին առիթով կը հաստատենք այդ նուաճումը շարունակելու եւ Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքներն ու հիւսիսային Ղաժարը վերադարձնելու մեր պատրաստակամութիւնը: Կը հաստատենք թշնամի...
Երուսաղէմի օրուան առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց. «Լիբանանի մէջ զօրաւոր ենք եւ մեր կարելիութիւններով կրնանք տապալել տնտեսական տագնապը»: Ան նշեց, որ իսրայէլացիները իրենց գրաւը դրած են Լիբանանի մէջ տիրող ներքին իրավիճակին, երկրին տնտեսական կացութեան եւ բանեցուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն վրայ: «Անոնք իրենց գրաւը դրած են Դիմադրութեան զօրակցող հաւաքականութեան...
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 1024-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 663-ի Լիբանանեան իշխանութիւնները կը շարունակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ իրենց պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ կը պարտադրեն քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ կը հսկեն ինքնաշարժի թիւերուն պարագային` ճշդուած օրերուն ընթացքին շրջագայութեան, ծովափը քալելու ժամերը յարգելու, համախմբումները ցրուելու, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան...
Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Լիբանանի Հետ Բանակցութիւնները Շինիչ Կը Նկատէ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այդ շրջագիծին մէջ, երէկ արձանագրուեցաւ բանակցութիւններուն Ե. փուլը, որուն ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ ներկայացուց Կեդրոնական դրամատան որդեգրած հաշուարկի մօտեցումը: Երկու ժամուան հանդիպումին ընթացքին քննարկումները կեդրոնացան Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ Լիբանանի կառավարութեան մշակած տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը աւելի լաւ հասկնալու անհրաժեշտութեան վրայ:...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆան Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը: Նախագահ Աուն դրուատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ջանքերը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով, եւ ընդգծեց այդ առումով Լիբանանի յանձնառութիւնը: Նախագահ Աուն հաստատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը`...
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրին իր խօսքը պիտի փոխանցէ լիբանանցիներուն` Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին, Երուսաղէմի օրուան եւ Ֆիթրի տօնին առիթով: Իր խօսքին մէջ Պըրրի պիտի անդրադառնայ Լիբանանն ու շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւններուն: Խորհրդարանի նախագահը այսօր կէսօրէ ետք պիտի նախագահէ նաեւ խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին պիտի ճշդուի խորհրդարանի գումարելիք օրէնսդրական նիստին օրակարգը: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի...
Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան - Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի Ողիմպիականի յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ փոխնախագահ Հաշեմ Հայտարի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Ողիմպիականի յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ եւ յանձնախումբի անդամներ Ռուլա Ասի, Ֆրանսուա Սաատէ եւ Իզզա Քրայթեմ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մարմնակրթութեան մարզին պարզած իրավիճակն ու մարզական կեանքի կասեցումին ունենալիք հետեւանքները Լիբանանի մարզական կեանքին վրայ` ...
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պլոքը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն կառչած մնալու «Քորոնա» ժահրի տարածումէն նախազգուշանալու միջոցներուն: Պլոքը ընդգծեց, որ մսխումի եւ փտածութեան դէմ իրենց մղած պայքարը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւններուն եւ պատկան մարմիններուն յանձնուած են փտածութեան այնպիսի թղթածրարներ, որոնց արժէքը շուրջ 31 միլիառ տոլար...
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 961-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներունը` 251 «Քորոնա»-ի համաճարակին իմաստով լիբանանեան պետութեան որդեգրած միջոցառումները տակաւին կը շարունակուին, հակառակ անոր որ երկրին մասնակի վերաբացումին զուգահեռ կան նաեւ մտահոգութիւններ, թէ ոմանց ցուցաբերած անզգուշութիւնը կրնայ վատթարացնել տիրող համեմատաբար ապահով կացութիւնը` այդ ժահրին արագ տարածման պատճառ դառնալով: Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան քաջ կը գիտակցի սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող խաղաղ մթնոլորտին կարեւորութիւնը, եւ իբրեւ այդպիսին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող իսրայէլեան ցամաքային եւ օդային ոտնձգութիւնները կը նկատէ...
Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց ելեկտրոնային իր նիստը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ելեւմտական, տնտեսական եւ առողջապահական տագնապները: Համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ համախմբումը լրջօրէն կը հետեւի Լիբանանը յուզող թղթածրարներուն, յատկապէս անոնց, որոնք դատական իշխանութիւններուն ներկայացուած են, եւ որոնց կարգին է կեղծուած նաւթի թղթածրարը: Համախմբումը ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ...
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի կատարած բանակցութիւններուն Բ. փուլին մանրամասնութիւնները: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւս այցելեց Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները: «Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ապօրինի անցքերը մօտիկ ապագային փակելու նպատակով...
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ իֆթար մը սարքեց ի պատիւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Հարիրի նաեւ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին հարց տուաւ, որ եթէ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն գործադրութիւնը լուծում էր, ապա ինչո՞ւ անոնց գործադրութիւնը խոչընդոտեցին: «Սպասեցինք, որ աղէտը պատահի, որպէսզի անկէ ետք «Սետր»-ի որոշումներուն գործադրութեան յանձնառութիւն...
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Դամասկոսէն վերադառնալէ ետք յայտնեց, որ Սուրիա այցելած է շարք մը հրատապ թղթածրարներ, յատկապէս երկու երկիրներու փակ սահմաններու եւ ապօրինի անցքերը փակելու հարցերը քննարկելու համար: Ապպաս ընդգծեց, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է ներքին եւ արտաքին ապահովական կառոյցի պետերուն հետ` համակարգելու համար լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն իրենց երկիրները մեկնիլ փափաքող օտարերկրացիներու Լիբանան փոխադրութիւնը:...
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած վիտէոյի մը ընդմէջէն ի յայտ եկած է, թէ բանակայիններ Թրիփոլիի «Շիֆա» հիւանդանոցին մէջ յարձակած են բժիշկի մը վրայ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի հրամանատարութիւնը ցաւ կը յայտնէ այս պատահարին համար` ընդգծելով, թէ այդ արարքը կը նկատուի անձնական հարց, որ...
2011/03/04 – 2014/12/31