Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 931-ի, Մահուան Պարագաներունը Մնաց 26, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Բարձրացաւ 251-ի

Մայիս 19, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առողջապահութեան Նախարարութիւնն Ու Ներքին Գործոց Նախարարը
Կոչ Կ՛ուղղեն` Կառչած Մնալու «Քորոնա» Ժահրով Վարակուելու
Հաւանականութիւնը Կանխարգիլող Նախազգուշութիւններուն

Համաձայն կառավարութեան որոշումին,  երէկ Լիբանանի մէջ կեանքը վերսկսաւ` երկրին մասնակի վերաբացումով:

Ապահովութեան ուժերն ու իւրաքանչիւր շրջանի քաղաքապետութեան ոստիկանութիւնը շարունակեցին հսկել ընդհանուր կացութեան` պարտադրելով ընկերային հեռաւորութիւնը, դիմակներու գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ հականեխումի աշխատանքի գործադրութեան:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի շեշտեց, որ քաղաքացիներէն պահանջուած է, ընդհանուր զօրաշարժը մեղմացնելով հանդերձ, կառչած մնալ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու հաւանականութիւնը կանխարգիլող նախազգուշութիւններուն:

«Քաղաքացիները պէտք է անհատական եւ հաւաքական պատասխանատուութիւն զգան` իրենք զիրենք, իրենց ընտանիքները, շրջապատն ու ընկերութիւնը պահպանելու իմաստով, ինչպէս նաեւ աստիճանաբար բնականոն դարձնեն իրենց կեանքը», ըսաւ Ֆահմի` աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն արձանագրուելիք արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ընթացքը արժեւորելու հիման վրայ է, որ կառավարութիւնը պիտի ճշդէ դարձեալ խստացնել կամ աւելի ճկուն ըլլալ` իր տալիք որոշումներուն մէջ:

Ֆահմի յայտնեց, որ դիմակներու գործածութիւնն ու ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը անհրաժեշտութիւն կը նկատուին:

Այս իրավիճակին զուգահեռ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը շարունակեց արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրել` գործադրելով արտերկրի լիբանանցիներու փոխադրութեան Գ. փուլը, որուն մեկնարկը ճշդուած էր կառավարութեան կողմէ:

Այս շրջագիծին մէջ երէկ Լիբանան հասան 7 թռիչքներ` Լարնաքայէն, Ռիատէն, Փարիզէն, Մասքաթէն, Ապու Տապիէն, Տուպայէն եւ Լոնտոնէն:

Պէյրութ ժամանած բոլոր արտերկրի լիբանանցիները ենթարկուեցան «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութեան եւ փոխադրուեցան համապատասխան պանդոկները, մինչեւ իրենց քննութեան արդիւնքը ստանալն ու, ըստ այնմ, իրենց բնակարաններուն թէ հիւանդանոցներուն մէջ 14 օրուան մեկուսացումի ենթարկուիլը:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 931-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 20  պարագայ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 251 ուրիշներ` բուժուած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 2 վարակուածներ, իսկ Լիբանանի մէջ ապրող պանկլատէշցի 18 վարակուածներ կան:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ նախազգուշութիւններուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բնակարանային մեկուսացման պայմանները խստացնելու անհրաժեշտութիւնը` յատկապէս Պէյրութ ժամանող արտերկրի լիբանանցիներուն պարագային:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ համախմբումներէ հեռու մնալ, ինչպէս նաեւ բնակարանէն դուրս դիմակները անպայման գործածել:

Նախարարութիւնը քաղաքացիներէն խնդրեց, որ այս օրէնքները խախտելու որեւէ փորձ նշմարելու պարագային հեռաձայնեն 1214 թէժ գիծին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արիտին` Գործուղուած Ժոմպլաթի Կողմէ

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ. Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 4823-ի

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?