Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 21, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի հրահանգով, երէկ կէս գիշերին ձերբակալուեցան լումայափոխներու սենտիքայի փոխնախագահ Էլիաս Սրուրն ու շարք մը այլ լումայափոխներ, որոնց գրասենեակները նաեւ կարմիր մոմով փակուեցան: Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաստատեց, որ երէկ ձերբակալած է չորս անհատներ, որոնք փուռ ունենալու եւ ծխախոտ վաճառելու «քող»-ին տակ` կը գործեն իբրեւ լումայափոխներ, առանց արտօնագիր ունենալու: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը անոնց վաճառատուները եւս կարմիր մոմով փակեցին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան կեղծ յարձակումներ գործեց Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ, ինչպէս նաեւ թռիչքներ կատարեց Հասպայայի, Մերժահիունի, Արքուպի, Ժապալ Շէյխի, Մազարեհ Շեպաայի եւ Կոլանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: Աւելի ուշ, իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց նաեւ Մեթնի վերեւ: Նախանցեալ երեկոյեան իսրայէլեան ուժեր լուսաւոր ռումբեր արձակեցին հարաւային Լիբանանի Եարուն գիւղաքաղաքին ուղղութեամբ:

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կառավարութեան վարած բանակցութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան ամուր ենթահողի վրայ, որպէսզի Լիբանանին անընդունելի պայմաններ չպարտադրուին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան մշակած տնտեսական ծրագիրը: Ֆրենժիէի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ, Քանատայի եւ Նորվեկիոյ դեսպաններ` Մոնիքա Շմութց, Էմանուէլ Լամուրօ եւ Լին Լինտ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար յայտնեց, որ սեփական դպրոցներու ճակատագիրը տխուր է, որովհետեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին կողմէ անոր հասած հարուածը ծանր է: «Կան դպրոցներ, որոնց փակուելու որոշումը տրուած է արդէն, եւ վա՜յ մեզի, եթէ Լիբանանի մէջ կրթութեան մարզը տուժէ», ըսաւ Ազար:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Լիբանանահայութեան Անմիջական Օժանդակութեան Համար Կը Նուիրէ 20 Հազար Տոլար

Յաջորդը

Բժիշկի Մը Դէմ Յարձակած Բանակայիններ Ձերբակալուեցան

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.