Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3463 վարակուածներ եւ 61 մահացածներ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 1.300 լ. ոսկիով, մազութինը` 1.100 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 500 լ. ոսկիով: Ըստ այս սակացոյցին, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը...

Ամերիկեան Տոլարին Արժէքը Հասաւ 10.000 Լ. Ոսկիի…  Բողոքի Ցոյցերն Ու Ճամբաներու Փակումը Վերադարձան

Ամերիկեան Տոլարին Արժէքը Հասաւ 10.000 Լ. Ոսկիի… Բողոքի Ցոյցերն Ու Ճամբաներու Փակումը Վերադարձան

Երէկ կէսօրին մէկ ամերիկեան տոլարին արժէքը հասաւ 10.000 լ.ոսկիի: Լիբանանեան դրամանիշին կրած արժեզրկումը, սղաճն ու հետզհետէ վատթարացող տնտեսական պայմանները պատճառ դարձան, որ լիբանանցիները դարձեալ ուղղուին փողոց եւ կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր` փակելու գրեթէ ամբողջ Լիբանանը: Բողոքի ցոյցերը սկսան կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 3:00-ին, երբ ցուցարարներ Շթորայի ճամբուն վրայ բռնի ուժով փակել տուին լումայափոխներու գրասենեակներն ու վաճառատուները: Լիբանանեան բանակը փութաց այդ շրջանը`...

Այցելութիւն Ապահովութեան Մարզի Պատասխանատուներու

Այցելութիւն Ապահովութեան Մարզի Պատասխանատուներու

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան այցելեցին Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որուն հետ քննարկուեցաւ երկրին ապահովութեան հետ առնչուող հարցեր: Պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց ներկայ դժուարին օրերուն երկրի ապահովական ուժերու դերակատարութիւնը` միաժամանակ ներկայացնելով ժողովրդային կարիքները եւ ակնկալութիւնները: Նաեւ` Զօր. Անթուան Քահուաժի Երեսփոխան Բագրատունի այցելեց նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Անթուան Քահուաժիի,...

Նախագահ Աուն. «Կը Ջանանք  Կազմել Կառավարութիւն Մը»

Նախագահ Աուն. «Կը Ջանանք Կազմել Կառավարութիւն Մը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան մշակոյթի համաշխարհային լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ լիկայի վարչական խորհուրդի նախագահ Ապպաս Ֆաուուազի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կազմելու կառավարութիւն մը, որուն միջոցով Լիբանան կարենայ բանակցիլ ելեւմտական այնպիսի հաստատութիւններու հետ,...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Զգուշացնէ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումի Հետեւանքներէն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կը զգուշացնէ կառավարութեան կազմութեան յապաղումի հետեւանքներէն, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալէ, որ նշանակուած վարչապետը նախաձեռնէ հանրապետութեան նախագահին հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրութեան համաձայն կառավարութեան նոր կազմ մը ներկայացնել եւ անոր շուրջ համաձայնիլ: Համախմբումը հաստատեց,...

«Կը Մաղթենք Ազատագրել  Նաեւ Մարդն Ու Հայրենիքը»   Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

Վ. Օհանեան – Գէորգեան Կը Հրապարակէ Շրջաբերական Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հրապարակեց շրջաբերական մը` ուղղուած մարզական միութիւններուն եւ ֆետերասիոններուն: Շրջաբերականին մէջ կը նշուի, որ նկատի ունենալով. Ա) «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին պատճառով երկրին փակումն ու խիստ միջոցառումները աստիճանաբար մեղմացնելու վարչապետին 6 փետրուար 2021-ի հաղորդագրութիւնը, Բ) Աղէտներու ազգային վարչութեան` պարտադրուած արտօնութեան դրութեան վերաբերող 28 փետրուար 2021-ի հաղորդագրութիւնը, որ կը հաստատէ, որ հակառակ ծովեզերքը հաւաքներուն...

Շինքըր. «Մօտիկ Ապագային Լիբանան  Այցելութեան Նշոյլներ Չկան»

Շինքըր. «Լիբանանեան Իշխանութիւնները Անտարբերութեամբ Վարուեցան Իսրայէլի Հետ Սահմանագծումի Բանակցութիւններուն Նկատմամբ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Շինքըր երէկ յայտնեց, որ Հըզպալլայի համար լիբանանցի ժողովուրդին շահերը ոչինչ կը ներկայացնեն: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները անտարբերութեամբ վարուեցան Իսրայէլի հետ սահմանագծումի բանակցութիւններուն նկատմամբ, ինչպէս որ անոնք անտարբեր են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան նկատմամբ: «Թէեւ լիբանանեան իշխանութիւնները սկզբնական շրջանին կը գործակցէին բանակցութիւնները յաջողցնելու, սակայն...

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի Մօտ  Բողոքելու Իսրայէլի Դէմ

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի Մօտ Բողոքելու Իսրայէլի Դէմ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` ելեւմտական կացութիւնը: Միւս կողմէ, Պըրրի շարունակեց հետեւիլ իսրայէլեան սպրդած նաւթին պատճառով Նաքուրայէն Պէյրութ ծովափի ապականումին, որ կենսոլորտային աղէտ մը կը նկատուի: Այս նպատակով Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյրի հետ եւ անկէ խնդրեց արագացնել...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք խոր մտահոգութեամբ կը հետեւին պայթումի հետաքննութեան ընթացքին: Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ զոհերու ընտանիքներուն համար ներքին, այլ խօսքով` լիբանանեան դատական իշխանութեան հետաքննութիւնն ու միջազգային դատարանը առկայ միջոցներ են` ճշմարտութիւնը բացայայտելու: «Եթէ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները չգոհացնեն մեզի եւ արդարութիւն չպարտադրեն, ապա պիտի դիմենք միջազգային դատարան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:...

Մինչ Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի.  Երկիրը Աստիճանաբար Վերաբանալու Քայլերը  Առնուած Են, Իսկ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ  Պատուաստումի Արշաւը Կը Շարունակուի

Մինչ Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի. Երկիրը Աստիճանաբար Վերաբանալու Քայլերը Առնուած Են, Իսկ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի Արշաւը Կը Շարունակուի

Մինչ տնտեսական տագնապը քայլ առ քայլ կը խեղդէ լիբանանցիները, «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու պետական շտապը երկիրը աստիճանաբար վերաբանալու քայլեր կ՛առնէ, իսկ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի արշաւը կը շարունակուի իր դանդաղ թափով: Կենցաղային առումով լիբանանցիին կը սպառնան աւելի դժուար եւ ծանր պայմաններ` նկատի ունենալով լիբանանեան դրամանիշին յաւելեալ արժեզրկումը, իբրեւ հետեւանք ամերիկեան տոլարի արձանագրած բարձր սակին, որ երէկ երեկոյեան հասաւ 9.800, այլ...

Նախագահ Աուն Կրիոյի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Նախագահ Աուն Կրիոյի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ կառավարութեան կազմութեան հարցը եւ ընդգծուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի երկիրը կարենայ դիմագրաւել իր դէմ ծառացող դժուար...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մուսթաքպալ  Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մուսթաքպալ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Սամիր Ժսըր, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած են կառավարութեան կազմութեան նպատակով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի ի գործ դրած ջանքերը: «Ռայի պատրիարքին յայտնեցինք Հարիրիի վճռակամութիւնը` մասնագէտներէ եւ անկուսակցական, ատակ ու կարողութիւններով օժտուած նախարարներէ...

Ուեհպէ Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական  Երեք Երկիրներու Ներկայացուցիչները

Ուեհպէ Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Երեք Երկիրներու Ներկայացուցիչները

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ եւրոպական երեք երկիրներու ներկայացուցիչները` Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլ, Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Ալիսըն Քինկ եւ ֆրանսական դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Սեպասթիեն Լոսոլնիէ: Անոնք Ուեհպէին ներկայացուցին իրենց երկիրներուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` վերակենդանացնելու համար հիւլէական համաձայնութիւնը: Ուեհպէ ողջունեց անոնց ճիգերը եւ հաստատեց հետեւեալը. «Հիւլէական համաձայնագիրը ստորագրող երկիրներուն յանձնառութիւնը` այդ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ուժերուն միջազգային օրուան առիթով, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ ողջունեց Լիբանանի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, որոնք հակառակ իրաւազրկումին եւ իրենց յատկացուած խորհրդանշական ֆինանսաւորումին` հսկայ զոհողութիւններով կը փորձեն փրկել հասարակութիւնը: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը` հաստատելով, որ...

Հազարաւոր Լիբանանցիներ Ուղղուեցան Պքերքէ`  Ռայի Պատրիրաքին Կեցուածքներուն Զօրակցելու

Հազարաւոր Լիբանանցիներ Ուղղուեցան Պքերքէ` Ռայի Պատրիրաքին Կեցուածքներուն Զօրակցելու

Շաբաթ կէսօրէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ հաւաքուած հազարաւոր քաղաքացիներ ուղղուեցան Պքերքէ` զօրակցութիւն յայտնելու համար մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն: Ռայի պատրիարքը դիմաւորեց Պքերքէի շրջափակին մէջ հաւաքուած հազարաւորները` իսլամ եւ քրիստոնեայ, որոնց կոչ ուղղեց լուռ չմնալու` դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը քաղաքականացնելու, ապօրինի զէնքին, տեղահանուած սուրիացիները բնակեցնելու, ազգային որոշումը գրաւելու, այս կամ այն առանցքին նուիրուելու, փտածութեան, պահ դրուած դրամ ձեր գումարները...

Երկրին Տնտեսական Եւ Ընկերային  Պայմաններուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

Երկրին Տնտեսական Եւ Ընկերային Պայմաններուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

Մինչ քաղաքական ու հոգեւոր հեղինակութիւնները կը մնան տարակարծիք` կառավարութեան կազմութեան, չէզոքութեան գաղափարին, լիբանանեան տագնապի միջազգայնացումին եւ շարք մը այլ էական հարցերու շուրջ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին երիտասարդ ցուցարարներ փակեցին Սելիմ Սլամ փապուղին` երկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Քոռնիշ Մազրաան` Ապու Շաքեր խաչմերուկին կից` բողոքելով մնայուն կերպով ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին դէմ: Ժամ մը ետք ցուցարարները փակեցին նաեւ Պշարա Խուրի պողոտան: Տարբեր...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Երիտասարդներու Հետ  Քննարկեց Քաղաքապետական Աշխատանքներուն  Անոնց Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Երիտասարդներու Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Աշխատանքներուն Անոնց Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան մասնակցեցաւ երիտասարդական առցանց հանդիպումի մը, որ կազմակերպուած էր «Էմ. Եու. Պի. Էս.» համալսարանին կողմէ` նպատակ ունենալով ուժեղացնել երիտասարդներուն կարողութիւնները եւ անոնց տեսակէտներն ու մտայղացումները հասցնել որոշում կայացնողներուն: Կազմակերպուած առցանց հանդիպումը մաս կը կազմէ «Եալա» ծրագիրին եւ կը ֆինանսաւորուի «Էն. Տի. Այ.»-ի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդները ներկայ իշխանութիւններուն մէջ ներկայացնելու կարեւորութիւնը եւ տեղական...

«Սայիտաթ Նաժաթ» Եկեղեցւոյ Պայթումի  27-ամեակին Առիթով .  «Երբ Ազատութեան Ձայնը Կը Բարձրանայ… Լիբանան Թիրախ Կը Դառնայ»  Շեշտեց Ժահժահ

«Սայիտաթ Նաժաթ» Եկեղեցւոյ Պայթումի 27-ամեակին Առիթով . «Երբ Ազատութեան Ձայնը Կը Բարձրանայ… Լիբանան Թիրախ Կը Դառնայ» Շեշտեց Ժահժահ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անցեալ շաբաթավերջին Մեհրապի մէջ արտասանեց խօսք մը, որ նուիրուած էր «Սայիտաթ Նաժաթ» եկեղեցւոյ պայթումի 27-ամեակին: Ժահժահ յայտնեց, որ այդ մասին ցարդ ոչինչ բացայայտուած է` աւելցնելով, որ անիկա նման է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, որուն վեցամսեայ յիշատակը քանի մը օր առաջ էր, եւ որուն մասին տակաւին ոչինչ բացայայտուած է: Ան հաստատեց, որ 2005-2010-ի միջեւ Լիբանանի մէջ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին եւ Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն պետերը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ապահովական կառոյցներուն եւ զինուորականներուն տարեկան պիւտճէին վերաբերող հարցեր: Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ 2021-ի պետական ամավարկին մէջ կարգ մը բարեփոխումներու առաջարկներ ներկայացնել` ապահովական կառոյցներուն վերաբերող պիւտճէին առումով: ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Լամիա Եամմին կոչ ուղղեց նոր...

Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Հրատապ Հարցերու  Լուծման Պահանջի Մթնոլորտին Մէջ Հայեացքները Կեդրոնացած Են Պքերքէի Մէջ  Նախատեսուող Հաւաքին Վրայ

Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Հրատապ Հարցերու Լուծման Պահանջի Մթնոլորտին Մէջ Հայեացքները Կեդրոնացած Են Պքերքէի Մէջ Նախատեսուող Հաւաքին Վրայ

Քաղաքական վերնախաւի, ինչպէս նաեւ ժողովրդային եւ կուսակցական շրջանակներու հայեացքները սեւեռած են այսօր Պքերքէի մէջ նախատեսուող ժողովրդային հաւաքին վրայ: Արդարեւ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի կեցուածքներուն համընկնող եւ երկիրը յուզող քաղաքական ու տնտեսական տագնապներուն հակազդող կարգ մը կողմերու կեցուածքները ցոլացնելու կոչուած այս հաւաքին գծով աշխուժ եռուզեռ տիրեց Պքերքէի ուղղութեամբ: Փաստօրէն, քաղաքական, կուսակցական թէ հասարակական դէմքեր վերջին օրերուն այցելեցին Պքերքէ, որոնց կարգին` Չէզոք...

Page 431 of 988 1 … 430 431 432 … 988

Արխիւներ