Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի. Երկիրը Աստիճանաբար Վերաբանալու Քայլերը Առնուած Են, Իսկ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի Արշաւը Կը Շարունակուի

Մարտ 2, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ տնտեսական տագնապը քայլ առ քայլ կը խեղդէ լիբանանցիները, «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու պետական շտապը երկիրը աստիճանաբար վերաբանալու քայլեր կ՛առնէ, իսկ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի արշաւը կը շարունակուի իր դանդաղ թափով:

Կենցաղային առումով լիբանանցիին կը սպառնան աւելի դժուար եւ ծանր պայմաններ` նկատի ունենալով լիբանանեան դրամանիշին յաւելեալ արժեզրկումը, իբրեւ հետեւանք ամերիկեան տոլարի արձանագրած բարձր սակին, որ երէկ երեկոյեան հասաւ 9.800, այլ խօսքով` 10.000-լիբ. ոսկիի:

Հետզհետէ աւելի սրող տնտեսական այս տագնապը պիտի դրսեւորուի ո՛չ միայն տարբեր ապրանքատեսակներու սղութեան վրայ, այլ կը նախատեսուի, որ անիկա իր դրսեւորումը ունենայ նաեւ վառելանիւթի սակերուն վրայ:

Այս իմաստով երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լուր մը, թէ ելեկտրածին շարժակներուն բաշխած ելեկտրական հոսանքը ստանալու համար լիբանանցին 730 լ. ոսկի պիտի վճարէ իւրաքանչիւր քիլոուաթի համար: Այսինքն` այս ամսուան համար լիբանանցիին վճարելիք սակը` բաղդատած  անցեալ ամսուան, 60 առ հարիւրով պիտի սղի:

Հակառակ անոր որ այս լուրը հերքուեցաւ Ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն կեդրոնական խորհուրդին կողմէ, այսուհանդերձ կարգ մը շրջաններու մէջ քաղաքացիներ ստացան կարճ նամակներ, որոնց համաձայն, 3 ամփերի համար անոնք պէտք է վճարեն 120.000 լ. ոսկի, 5 ամփերի համար` 200.000 լ. ոսկի, 6 ամփերի համար` 240.000 լ. ոսկի եւ 10 ամփերի համար` 400.000 լ. ոսկի:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով յայտարարուած ընդհանուր փակումը աստիճանաբար կը մեղմանայ` երկիրը վերադարձնելով «սովորական» կեանքին:

Ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ յայտարարեցին, որ արդէն իսկ սկսած է գործադրուիլ ժամանակացոյց մը, որուն համաձայն, երեկոյեան ժամը 8:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի ժամ է:

Այս ժամերուն մէջ չեն ներառուիր բացառութիւն նկատուող մարզերուն պաշտօնեաները:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն համաձայն, ծովեզերքի մայթերուն վրայ հաւաքները արգիլուած են, բացի` մարզիկներուն կատարելիք փորձերէն, իսկ հանրային պարտէզները կը մնան փակ:

Կրօնական կամ այլ առիթներով հաւաքները կը շարունակեն մնալ արգիլուած:

Իսկ բնակարաններէն դուրս գալու պարագային արտօնութիւն ստանալու պէտք է դիմել միայն այն պարագաներուն, երբ փոքր հանրախանութներ, հանրախանութներ, մեծ վաճառատուներ` 15 քառ. մեթր եւ աւելի, առեւտրական համալիրներ (մոլ), դրամատուներ եւ դահուկարշաւի կեդրոններ ուղղուելու ծրագիրներ ըլլան:

Փոքր հանրախանութներուն արտօնուած է գործել առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, հանրախանութներուն` շուրջօրեայ դրութեամբ, մեծ վաճառատուներուն եւ առեւտրական համալիրներուն` առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, դրամատուներուն` առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00 եւ դահուկարշաւի կեդրոններուն` առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00:

Երկրի աստիճանաբար վերաբացումին կողքին պատուաստումի արշաւը կ՛ընթանայ իր դանդաղ քայլերով:

Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան նախապէս յայտնած էր, որ Չինաստանի պետութիւնը որոշած է 50 հազար «Սինոֆարմ»` «Քորոնա» ժահրին դէմ չինական պատուաստ տրամադրել Լիբանանին:

«Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի լիբանանեան պետական շտապի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ շտապը համաձայնութիւն յայտնած է, որ «Սինոֆարմ» պատուաստը տրամադրուի լիբանանեան բանակին:

ՆՇԵՆՔ, որ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով 1888 վարակուածներ եւ 51 մահացածներ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կրիոյի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Արցախի Տարածքները Կը Նկատուին Գրաւեալ Ազրպէյճանի Կողմէ. Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?