Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կը զգուշացնէ կառավարութեան կազմութեան յապաղումի հետեւանքներէն, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալէ, որ նշանակուած վարչապետը նախաձեռնէ հանրապետութեան նախագահին հետ անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրութեան համաձայն կառավարութեան նոր կազմ մը ներկայացնել եւ անոր շուրջ համաձայնիլ:
Համախմբումը հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած այս ուշացումը երկրին ելեւմտական կացութիւնը աւելի եւս կը վատթարացնէ եւ պատճառ կը դառնայ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին յաւելեալ արժեզրկումին: «Անկախ անկէ, որ ամերիկեան տոլարի արժէքին բարձրացումը քաղաքական ճնշո՞ւմ է, թէ՞ Կեդրոնական դրամատան հրապարակած շրջաբերականի շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ, կայ յստակ մէկ կեցուածք, որ անիկա մերժելի է, որովհետեւ կը հարուածէ լիբանանցիին գնելու կարողութիւնը եւ կը սպառնայ ընկերային աննախատեսելի ցնցումներ յառաջացնել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքները լիբանանեան գոյացութեան եւ ազգային խիղճին կը վերաբերին, ինչպէս նաեւ կը դրսեւորեն ազգային մտավախութիւններ:
«Համախմբումը կը զօրակցի իւրաքանչիւր շարժումի, որ կրնայ Լիբանանին միջազգային զօրակցութիւն ապահովել` երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը յարգելու շրջագիծին մէջ, առանց Լիբանանը լուծումներու դիմաց պարտաւորութիւններու տակ դնելու, յատկապէս` գաղթականներու եւ տեղահանուածներու բնակեցման բեռին տակ: Համախմբումը կը զօրակցի նաեւ կատարելու ազգային երկխօսութիւն` Լիբանանի զօրութիւնը ամրապնդելու եւ ազգային գերիշխանութիւնը պաշտպանելու նպատակով պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու նպատակով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը ողջունեց Պքերքէն բոլոր լիբանանցիներու հանդիպման վայրին վերածելու եւ երկխօսութիւն կատարելու վայրի մը վերածելու իրականութիւնը` բարձր գնահատելով հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը պահանջելու իմաստով Ռայի պատրիարքին մերժումը: