Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուեհպէ Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Երեք Երկիրներու Ներկայացուցիչները

Մարտ 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ եւրոպական երեք երկիրներու ներկայացուցիչները` Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլ, Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Ալիսըն Քինկ եւ ֆրանսական դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Սեպասթիեն Լոսոլնիէ:

Անոնք Ուեհպէին ներկայացուցին իրենց երկիրներուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` վերակենդանացնելու համար հիւլէական համաձայնութիւնը:

Ուեհպէ ողջունեց անոնց ճիգերը եւ հաստատեց հետեւեալը. «Հիւլէական համաձայնագիրը ստորագրող երկիրներուն յանձնառութիւնը` այդ համաձայնագիրին եւ 2015-ի յուլիսին հրապարակուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 բանաձեւին նկատմամբ կը նպաստէ Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութեան ամրապնդումին եւ շրջանը զերծ կը պահէ հաւաքական քանդումի զէնքերէն»:

Ուեհպէ ընդգծեց, որ հիւլէական համաձայնագիրին մասին կողմերուն միջեւ շինիչ երկխօսութեան վերսկսումը ամէնէն յաջող միջոցն է` վերակենդանացնելու համար այդ համաձայնագիրը եւ լուծում ապահովելու համար շրջանին դիմագրաւած մեծ թիւով հարցերուն:

Ուեհպէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ապտալլա Ապտել Քերիմը: Քննարկուեցան եմէնեան իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մուսթաքպալ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?