Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ կառավարութեան կազմութեան հարցը եւ ընդգծուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի երկիրը կարենայ դիմագրաւել իր դէմ ծառացող դժուար պայմանները:
Կրիօ նախագահ Աունին հաստատեց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ կը փափաքի, որ ան իր տագնապները կարենայ շրջանցել:
«Ֆրանսա կը հաւատայ, որ լիբանանցի ժողովուրդը արժանի է հանգիստ եւ առանց մտահոգութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրելու», ըսաւ Կրիօ:



