Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 4, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3463 վարակուածներ եւ 61 մահացածներ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 1.300 լ. ոսկիով, մազութինը` 1.100 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 500 լ. ոսկիով: Ըստ այս սակացոյցին, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 33.500 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 34.500 լ. ոսկի, մազութը` 23.400 լ. ոսկի եւ կազը` 25.300 լ. ոսկի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշօնակատար Ղատա Շրէյմ յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանը վաւերացնէր վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի ծրագիրը, այսօր կացութիւնը կրնար տարբեր ըլլալ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի յեղափոխութեան, սակայն ոչ այն շարժումին, որ աջ ու ձախ ամբաստանութիւններ կը կատարէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն միակ լուծումը խորհրդարանին հրաժարումն է եւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը` Լիբանանի հարցը միջազգայնացնելու կողքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը ինքզինք անդամալուծած է, իսկ այսօր Լիբանան վերածուած է պատանդի եւ բանակցային խաղաթուղթի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի: Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ գործուղուած պատուիրակութիւնը հաստատեց, որ լիբանանցիներու իրաւունքներուն պահպանումը կը սկսի պետութեան կառուցումէն, սահմանադրութեան յարգումէն եւ օրէնքներուն յանձնառու մնալէն` աւելցնելով, որ Հարիրի յանձնառու է մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմելու:

ՄԱՔՍԱՏԱՆ վարչութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գրաւեց մէկ միլիոն «Քեփթակոն»-ի դեղահատ, որոնք ծրարուած էին եւ պատրաստուած` Սէուտական Արաբիա ուղարկուելու:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կառչիլ Սկզբունքներուն, Ո՛չ Անձերուն»

Յաջորդը

Ուազնի Շիայի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Կացութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?