Քաղաքական վերնախաւի, ինչպէս նաեւ ժողովրդային եւ կուսակցական շրջանակներու հայեացքները սեւեռած են այսօր Պքերքէի մէջ նախատեսուող ժողովրդային հաւաքին վրայ: Արդարեւ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի կեցուածքներուն համընկնող եւ երկիրը յուզող քաղաքական ու տնտեսական տագնապներուն հակազդող կարգ մը կողմերու կեցուածքները ցոլացնելու կոչուած այս հաւաքին գծով աշխուժ եռուզեռ տիրեց Պքերքէի ուղղութեամբ: Փաստօրէն, քաղաքական, կուսակցական թէ հասարակական դէմքեր վերջին օրերուն այցելեցին Պքերքէ, որոնց կարգին` Չէզոք Լիբանանի համախմբում պատուիրակութիւնը: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, քուլիսային սերտ ճիգեր տարուած են յետաձգելու համար նշեալ հաւաքը` «Քորոնա»-ի համավարակին թէ երկրի քաղաքական զգայուն կացութեան բերումով, սակայն Պքերքէ մերժած է ընդառաջել` ըսելով. «Պքերքէի դռները կարելի չէ փակել ժողովուրդին առջեւ»: Հաւաքը, որուն նախապատրաստութեան քայլերու ծիրին մէջ աւելի քան եօթը հազար աթոռ զետեղուած է Պքերքէի գաւիթին մէջ` յարգելով առողջապահական կանխազգուշական միջոցառումները, կու գայ ընդառաջելու «քրիստոնեաներու քաղաքական ու վարչական իրաւունքներու ամրապնդման եւ քաղաքացիներու ընկերային-տնտեսական կարիքներուն», ինչպէս նաեւ ժողովրդային առնչակից պահանջներու հետապնդման կոչերուն: Այս պահանջներու առանցքային տարազը կը դրսեւորէ Ռայի պատրիարքի առաջադրած «Չէզոք Լիբանան»-ի վարկածը, որուն կապակցութեամբ ուշագրաւ էր երէկ պատրիարքին կատարած հետեւեալ հարցադրումը, թէ` «ինչպէ՞ս կրնայ Լիբանան քաղաքակրթութեան եւ երկխօսութեան կեդրոն դառնալ, երբ կը կողմնորոշուի դէմ կամ ի նպաստ այս կամ այն կողմին»:
Հաւաքի նախօրեակին թեր ու դէմ կարծիքներ ու տեսակէտներ ողողեցին յատկապէս ընկերային ցանցերու էջերն ու հարթակները: Այս գծով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց իր անդամներուն եւ համակիրներուն «չափաւոր եւ զգուշ ըլլալու» իրենց արտայայտութիւններուն մէջ եւ խուսափելու Պքերքէի հասցէին վիրաւորական կամ ընդվզեցուցիչ կեցուածքներու դրսեւորումէն: Միւս կողմէ, կարգ մը մեկնաբաններ Պքերքէի հաւաքի այս նախաձեռնութեան մէջ դրական նշոյլ մը նկատեցին միջլիբանանեան համախոհութեան իմաստով: Այս իմաստով իրաւաբան, քաղաքական մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խիստ հաւանական նկատեց մօտակայ հանդիպում մը Պքերքէի եւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչներու միջեւ, ինչ որ կրնայ որոշ մերձեցում յառաջացնել տիրող քաղաքական լարուածութեան ու տարակարծութեանց մթնոլորտին մէջ: Ապու Ֆատել անհրաժեշտ նկատեց նախագահ զօր. Միշել Աունի գլխաւորած իշխանութեան պահպանումը, որովհետեւ «անոր փլուզումով կը շիջի նաեւ Ազգային ազատ հոսանքը»:
Կառավարութեան Կազմութեան Գծով
Ճիգերը Կը Շարունակուին
Վարչապետի նշանակումէն աւելի քան չորս ամիս ետք, քաղաքական կարծր կեցուածքներու բերումով տակաւին կառավարութեան կազմութեան ճիգերու ձգձգումի եւ ձախողութեան ու անոնց հետեւող` երկրի քաղաքական հակասութիւններն ու տարակարծութիւնները ցոլացնող կառավարութեան կազմութեան ուշացումը տակաւին կը շարունակէ առանցքային ուշադրութիւն գրաւել պատկան տեղական թէ արտաքին կողմերուն մօտ` գէթ զայն շուտափոյթ կերպով կազմելու պահանջով: Այս իմաստով, նախկին նախարար Սեզար Ապի Խալիլ երէկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի կողմէ գործուղուելով այցելեց Պքերքէ եւ Ռայի պատրիարքին յանձնեց վերջերս նշեալ կուսակցութեան Հռոմի պապին յղած նամակին մէկ պատճէնը: Նմանապէս, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի քուլիսային ջանքերուն կողքին, վերջին ժամերուն դիւանագիտական աշխուժ կապեր արձանագրուեցան քաղաքական տարբեր կողմերու ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, «Հզօր Լիբանան» համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: Նմանապէս, Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական, Միխայէլ Պոկտանովի կողմէ: Իսկ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռոտաքով երէկ, ուրբաթ յետմիջօրէին այցելեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը` ներկայութեամբ Հարիրիի խորհրդականներէն Պասեմ Շապի: Զուգահեռաբար, խորհրդարանական Հզօր Հանրապետութիւն համախմբումի անդամներ երէկ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի յանձնեցին Լիբանանի կացութեան գծով իրենց կեցուածքին մասին վերջերս ՄԱԿ-ին յղած իրենց նամակին պատճէնը` մաղթելով, որ Չինաստան դրականօրէն կ՛ընդառաջէ Լիբանանի տագնապի լուծման գծով իրենց առաջադրանքին:
Այս բոլորի լոյսին տակ լիբանանցիք կը յուսան ու կ՛ակնկալեն արդիւնաւէտ ձեռքբերումներ` հարթելու համար տիրող քաղաքական, ընկերային թէ ապրուստի թնճուկները, սկսելով ամերիկեան տոլարի վաճառքի սլացող սակագինէն, որ երէկ երեկոյեան նախընթաց մը կազմելով հասաւ 10 հազար լիբ. ոսկիի սեմին: