Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կը Ջանանք Կազմել Կառավարութիւն Մը»

March 3, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան մշակոյթի համաշխարհային լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ լիկայի վարչական խորհուրդի նախագահ Ապպաս Ֆաուուազի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կազմելու կառավարութիւն մը, որուն միջոցով Լիբանան կարենայ բանակցիլ ելեւմտական այնպիսի հաստատութիւններու հետ, որոնք երկրին օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:

Ան հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիները կրնան օժանդակել իրենց հայրենիքին` հոն հիմնելով հաստատութիւններ եւ լիբանանցի երիտասարդներուն համար ստեղծելով աշխատանքի առիթներ, որպէսզի վերջ տրուի արտագաղթելու անոնց փափաքին, որ տիրող ներկայ իրավիճակին պատճառով զարգացած է:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կարելի եղածին չափ կը փորձեն վերականգնել երկրին տարբեր մարզերը` աւելցնելով, որ կարելի եղած է երկրագործութեան մարզը բարգաւաճեցնել, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է երկրագործական արդիւնաբերութիւնը կրկնապատկել:

Իր կարգին, Ֆաուուազ նախագահ Աունին փոխանցեց արտերկրի լիբանանցիներուն ջերմ ողջոյնները` ընդգծելով, որ 5 ցամաքամասերու մէջ գործող Լիբանանեան մշակոյթի համաշխարհային լիկան կը փորձէ միասնականացնել իր աշխատանքը:

«Լիբանան արժանի չէ, որ իր պետական հաստատութիւնները հարուածներ ստանան: Մենք կը գիտակցինք պետական հաստատութիւններուն հանդէպ ձեր յանձնառութեան, սակայն կը մաղթենք, որ երկրին պետական, քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային հաստատութիւնները պահպանէք», ըսաւ Ֆաուուազ:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ. «Երէկ հրատարակուած լիբանանեան օրաթերթերէն մէկը նախագահ Աունի վերագրած է խօսքեր` երկրին ներկայ իրավիճակին եւ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին մասին: Հանրապետութեան նախագահին վերագրուող այդ խօսքերն ու արտայայտութիւնները անճիշդ են, իսկ բոլոր լրատուամիջոցները կրնան նախագահական պալատ դիմել` ստուգելու համար նախագահին կեցուածքներուն վերաբերող իրենց տեղեկութիւնները»:

 

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Զգուշացնէ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումի Հետեւանքներէն

Յաջորդը

Այցելութիւն Ապահովութեան Մարզի Պատասխանատուներու

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.