Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ուժերուն միջազգային օրուան առիթով, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ ողջունեց Լիբանանի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, որոնք հակառակ իրաւազրկումին եւ իրենց յատկացուած խորհրդանշական ֆինանսաւորումին` հսկայ զոհողութիւններով կը փորձեն փրկել հասարակութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը` հաստատելով, որ Պէյրութ սուղ կը վճարէ քաղաքական տարակարծութիւններուն գինը, յատկապէս` ելեկտրական հոսանքի մնայուն ընդհատումին առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով քաղաքական որոշ կողմեր ունին յետին նպատակներ եւ անկեղծ չեն, «մինչդեռ Լիբանան աւելի քան երբեք կարիքը ունի միասնականութեան եւ համագործակցութեան», ըսաւ ան: Քպայսի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի բաժանումը եւ իրենց գրաւը կը դնեն միջլիբանանեան շինիչ երկխօսութեան վրայ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ միակ ճշմարտութիւնը կարելի է ապահովել իրաւական հաշուեքննութեամբ եւ դուրս փոխանցուած գումարներուն վերադարձով:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը քրիստոնեաները ներկայացնող մեծագոյն կուսակցութիւնը չէ, այլապէս` թող ան կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու ներկայանայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ իրենք չեն փափաքիր, որ Լիբանան շարունակէ ծառայել իբրեւ հրթիռներ արձակելու մարտկոց:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան յարաբերութիւնները Պքերքէի հետ բացառիկ են, իսկ Պքերքէի նախաձեռնութիւնը փաստ մըն է, թէ քաղաքական դասակարգը ձախողած է նոր կառավարութիւն կազմել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակին ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի վերեւ գործած է թռիչքներ, որոնք Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, թէ շաբաթ օրուան Պքերքէի հաւաքին անհանգստութեամբ հետեւած են:

 

 

Նախորդը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Խմբագիրներու Տարածաշրջանային 5-րդ` Այս Փուլի Եզրափակիչ Առցանց Ժողովը Հրաւէր Հայաստանի Եւ Արցախի Լրատուամիջոցներու Խմբագիրներուն

Յաջորդը

Ուեհպէ Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Երեք Երկիրներու Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.