Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին եւ Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն պետերը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ապահովական կառոյցներուն եւ զինուորականներուն տարեկան պիւտճէին վերաբերող հարցեր: Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ 2021-ի պետական ամավարկին մէջ կարգ մը բարեփոխումներու առաջարկներ ներկայացնել` ապահովական կառոյցներուն վերաբերող պիւտճէին առումով:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Լամիա Եամմին կոչ ուղղեց նոր կառավարութեան կազմութեան` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնել եւ զօրակցիլ բանուորներուն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան կը դատապարտէ հեռահար հրթիռներով Սէուտական Արաբիոյ ռմբակոծումը` ընդգծելով, որ Ռիատն ու սէուտցի քաղաքացիները թիրախ դարձնող նման արարքները միջազգային օրէնքը կը խախտեն, հետեւաբար դատապարտելի են: Լիբանան իր կատարեալ զօրակցութիւնը յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր կայունութեան վերահաստատումին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ինայա Իզէտտին յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ գործուած կենսոլորտային բռնարարքին պատճառով լիբանանեան ծովափները ապականած են աւելի քան 2 թոն նաւթով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ լիբանանեան տագնապը միջազգայնացնելու առաջարկը կարիք ունի լիբանանեան համախոհութեան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզէտտին յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը տագնապալի է` աւելցնելով, որ պէտք է կազմել արդիւնաբեր կառավարութիւն մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ, երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի հաստատեց, որ լիբանանեան ազգային պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէ ամէնէն արագ ժամանակաշրջանին կառավարութիւն մը կազմել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ միջազգայնացումը Լիբանանի համար գոյութենական վտանգ է` հաստատելով, որ երկրի հարցերուն լուծումը պէտք է սկսիլ ներլիբանանեան մակարդակով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ լիբանանցիները վարժ են իսրայէլեան յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սալեհ Ղարիպ յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանը բաժնել` ընդգծելով, որ ինք կը մերժէ մասնատումի եւ միջազգայնացումի գաղափարը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի բանբեր Ավիխայ Ատրահի յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացի մը նախանցեալ օր փորձած է Լիբանանէն Իսրայէլ գաղտնաբար մուտք գործել` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը ձերբակալած են քաղաքացին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործակցութեամբ սկսած են հետաքննութեան: ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը երէկ յայտնեցին, որ լիբանանցի քաղաքացին` Հ. Ա., Հապպարիէ գիւղաքաղաքի բնակիչ է: Ան Քֆարշուպայի սահմանամերձ շրջանէն Ռուէյսաթ Ալամ ուղղուած է` առանց իր միտումները յայտնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլ հրաժեշտի շրջապտոյտով մը ուղղուեցաւ հիւսիսային Լիբանան, ուր այցելութիւններ կատարեց Քուեշրա, Այտամուն եւ Շէյխլար, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ նշեալ շրջաններուն հեղինակութիւններուն հետ: Ան այցելեց նաեւ Աքքարի Թրքական մշակութային միութեան նախագահ Քամալ Մաքսուտի բնակարանը, ուր հաստատեց լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Զահլէի եւ Պեքաայի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ ընկերային առումով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 2258-ի, իսկ մահացածներունը` 40-ի:

 

Նախորդը

Արամ Մանուկեան. Քաղաքական Եւ Հասարակական Գործիչ

Յաջորդը

Թրիփոլիի Մէջ. Առաջնորդ Սրբազանն Ու Նոր Նշանակուած Հոգեւոր Տեսուչը Հանդիպում Կ՛ունենան Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան Հետ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.