Մինչ քաղաքական ու հոգեւոր հեղինակութիւնները կը մնան տարակարծիք` կառավարութեան կազմութեան, չէզոքութեան գաղափարին, լիբանանեան տագնապի միջազգայնացումին եւ շարք մը այլ էական հարցերու շուրջ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին երիտասարդ ցուցարարներ փակեցին Սելիմ Սլամ փապուղին` երկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Քոռնիշ Մազրաան` Ապու Շաքեր խաչմերուկին կից` բողոքելով մնայուն կերպով ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին դէմ:
Ժամ մը ետք ցուցարարները փակեցին նաեւ Պշարա Խուրի պողոտան:
Տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարներուն փակած փողոցները ժամ մը կամ երկու ժամ ետք վերաբացուեցան:
Նշենք, որ նախանցեալ օր ուշ գիշերին Խանտաք Ղամիքէն երիտասարդներ ուղղուեցան «Ռինկ»-ի կամուրջ եւ հրկիզուած անիւներով փակեցին զայն` բողոքելով ելեկտրական հոսանքի մնայուն անջատումին դէմ:
Աւելի ուշ, գրեթէ կէս գիշերին ցուցարարներ հեռացան «Ռինկ»-ի կամուրջէն եւ փակեցին Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ կից` Շիյյահի փողոցը` լիբանանեան բանակի մեծ թիւով զինուորներու հսկողութեան ներքեւ: