Հանրային Փոխադրութեան Սակը 5.000 Լ. Ոսկիի Պիտի Չվերածուի
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժարի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ցամաքային փոխադրութեան համար քաղաքացիներուն վճարած 2.000 լ. ոսկիի սակը 5.000-ի չէ վերածուած: Հաղորդագրութիւնը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ երկուշաբթի, 1 մարտ 2021-էն սկսեալ ցամաքային փոխադրութեան համար քաղաքացին հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող ինքնաշարժներու վարորդներուն 5.000 լ. ոսկի պիտի վճարէ`...



















