Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սայիտաթ Նաժաթ» Եկեղեցւոյ Պայթումի 27-ամեակին Առիթով . «Երբ Ազատութեան Ձայնը Կը Բարձրանայ… Լիբանան Թիրախ Կը Դառնայ» Շեշտեց Ժահժահ

March 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անցեալ շաբաթավերջին Մեհրապի մէջ արտասանեց խօսք մը, որ նուիրուած էր «Սայիտաթ Նաժաթ» եկեղեցւոյ պայթումի 27-ամեակին:

Ժահժահ յայտնեց, որ այդ մասին ցարդ ոչինչ բացայայտուած է` աւելցնելով, որ անիկա նման է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, որուն վեցամսեայ յիշատակը քանի մը օր առաջ էր, եւ որուն մասին տակաւին ոչինչ բացայայտուած է:

Ան հաստատեց, որ 2005-2010-ի միջեւ Լիբանանի մէջ կատարուած են շուրջ 20 սպանութիւններ` լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու, մտաւորականներու եւ ականաւոր դէմքերու դէմ, սակայն անոնց սպանութիւններուն վերաբերող հետաքննութիւնը դարձեալ ոչինչ բացայայտած է:

Ժահժահ յայտնեց, որ այս իրականութիւնը կը նշանակէ, թէ 1994-2020 Լիբանանի մէջ իշխանութիւնը մնացած է անփոփոխ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկրին իշխանութիւնը իր էութեան մէջ մնացած է նոյնը, եւ պարզապէս դէմքերն են, որոնք փոխուած են:

«Այսինքն` հանրապետութեան նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտի օրով սուրիական-լիբանանեան ապահովական իշխանութիւնը, վերածուեցաւ նախագահ զօր. Միշել Աունի օրով գործող սուրիական-հըզպալլայական ապահովական իշխանութեան», ըսաւ ան:

Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը գերիշխան քաղաքական ուժ մըն է, որ կը փափաքի Լիբանանը ազատ եւ անկախ տեսնել` հակառակ Դիմադրութեան կամքին: «Եւ այդ պատճառով, օրին Լիբանանեան ուժերուն դէմ արձանագրուած կեցուածքները այսօր կը կրկնուին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ, որովհետեւ Պքերքէի նպատակն է հիմնել ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանան մը` իսկական պետութեամբ», աւելցուց ան:

Ժահժահ ընդգծեց, որ օրը պիտի գայ, երբ երկրին մէջ դատական իշխանութիւնները իրենց խօսքը պիտի ըսեն` աւելցնելով, որ իրենք պայքարը պիտի շարունակեն, մինչեւ ճշմարտութեան բացայայտումը:

Միւս կողմէ, այս առիթով Ժահժահ կատարած էր նաեւ գրառում մը, որուն մէջ ան հաստատած էր հետեւեալը. «Երբ ազատութեան ձայնը կը բարձրանայ… Լիբանան թիրախ կը դառնայ»:

Նշենք, որ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ իր կարգին ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն Ժահժահին հարցուց. «2005-2009 քու նախարարդ` Իպրահիմ Նաժժարը արդարութեան նախարար էր. ինչո՞ւ ան «Սայիտաթ Նաժաթ»-ի պայթումին թղթածրարը չբացաւ»:

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ. Առաջնորդ Սրբազանն Ու Նոր Նշանակուած Հոգեւոր Տեսուչը Հանդիպում Կ՛ունենան Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան Հետ

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Երիտասարդներու Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Աշխատանքներուն Անոնց Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.