Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենք խոր մտահոգութեամբ կը հետեւին պայթումի հետաքննութեան ընթացքին: Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ զոհերու ընտանիքներուն համար ներքին, այլ խօսքով` լիբանանեան դատական իշխանութեան հետաքննութիւնն ու միջազգային դատարանը առկայ միջոցներ են` ճշմարտութիւնը բացայայտելու: «Եթէ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները չգոհացնեն մեզի եւ արդարութիւն չպարտադրեն, ապա պիտի դիմենք միջազգային դատարան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ բացայայտեց անօդաչու թռչող սարք մը, որ ինկած էր Հուլա-Մայս էլ ժապալ շրջաններուն միջեւ գտնուող հովիտի մը մէջ: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հաստատեց, որ իր կատարած 18 ՏԱՀԵՇ-ականներու ձերբակալութիւնը ձախողեցուցած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն կատարելիք ահաբեկչական գործողութիւնները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3098 վարակուածներ եւ 62 մահացածներ:

«ՔՈՐՈՆԱ» համաճարակի դէմ պայքարի պետական շտապի գործադիր խորհուրդը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ 8 մարտին դպրոցները պիտի վերաբացուին: Խորհուրդը հաստատեց, որ դպրոցները վերաբանալու որոշումը միայն կրթութեան նախարարին վերապահուած է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ ներկայիս հիւանդանոցներուն իրավիճակը բարելաւուած է, սակայն լիբանանցիները բնակարանային այցելութիւններուն պէտք է վերջ տան` դարձեալ նոյն վտանգին չենթարկուելու համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ զգուշացուց ընկերային հսկայ պայթումէ մը` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը ազգային բարձր պատասխանատուութիւն է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիէի եւ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտի հետ: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան կազի եւ ջուրի վերաբերող շարք մը հարցեր:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Միջազգային կարմիր խաչի Լիբանանի պատուիրակութեան նախագահ Քրիսթոֆ Մարթինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ Միջազգային կարմիր խաչին իրագործած մարդասիրական առաքելութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը կը կազմուի, որպէսզի ան կարենայ Լիբանանը մութ փապուղիէն դուրս հանել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուուաթ հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական արտակարգ պայթումի դիմաց:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ առցանց նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ շաբաթ կէսօրէ ետք Պքերքէի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին արտասանած խօսքը պատմական էր: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ ըլլայ լրիւ անկախ` վարչապետէն մինչեւ նախարարները, որպէսզի Լիբանանի իրավիճակը կարելի ըլլայ բարելաւել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

 

Նախորդը

Ապագայ Սերունդները Անիծելու Են Իմքայլականներին Եւ Նրանց Կուռք Հանդիսացող Նիկոլին

Յաջորդը

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի Մօտ Բողոքելու Իսրայէլի Դէմ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.