Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Սամիր Ժսըր, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած են կառավարութեան կազմութեան նպատակով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի ի գործ դրած ջանքերը:
«Ռայի պատրիարքին յայտնեցինք Հարիրիի վճռակամութիւնը` մասնագէտներէ եւ անկուսակցական, ատակ ու կարողութիւններով օժտուած նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով», շեշտեց Ժսըր:
Ան նկատել տուաւ, որ Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը իր ձայնը կը միացնէ Ռայի պատրիարքին` կառավարութեան կազմութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կատարելու իմաստով:
«Ընդգծեցինք, որ Հարիրի յանձնառու է Թաէֆի համաձայնագիրին ու սահմանադրութեան ամբողջական գործադրութեան` պահպանելու համար լիբանանցիներուն իրաւունքները, ըլլան անոնք իսլամ թէ քրիստոնեայ», ըսաւ ան:
Ժսըր նկատել տուաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքի պատուիրակութիւնը վերահաստատած է իր զօրակցութիւնը «Պաապտայի յայտարարութեան», որ կը յանձնարարէր Լիբանանը չէզոք պահել շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը զերծ կացուցել արտաքին ցնցումներու հետեւանքներէն` յանձնառու մնալով լիբանանեան ազգային միասնականութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան եւ երկրին գերագոյն շահերուն ապահովումին նկատմամբ: «Անշուշտ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը կը հաստատէր, որ Արաբական դատն ու պաղեստինեան դատը բացառուած են չէզոքութեան կեցուածքէն», ըսաւ ան:
Ժսըր յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է նաեւ Հարիրիի կատարած շրջապտոյտին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ արտաքին իմաստով տիրող խանդավառութիւնը` Լիբանանին օժանդակելու, կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք», ըսաւ ան:
Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով իրենք յոյսին կառչած կը մնան` աւելցնելով, որ այդ հարցը անպայման պիտի լուծուի:
Ռայի. «Իսրայէլի Հետ Պատերազմն Ու Խաղաղութիւնը
Կ՛որոշուին Հըզպալլայի Կողմէ Եւ Ոչ Թէ Պետութեան»
Երեկոյեան «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այսօր պահանջուածը Լիբանանի չէզոքութիւնն է, Թաէֆի համաձայնագիրին ու սահմանադրութեան վերադարձը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայացուցած պատգամ երկրին մէջ ազգային համերաշխութեան պահպանումը:
«Ինչո՞ւ Լիբանանի մէջ ուժ մը պիտի որոշէ Լիբանանի պատերազմի կամ խաղաղութեան մէջ ըլլալը, մինչդեռ սահմանադրութեան համաձայն այդ որոշումը կու տայ Լիբանանի կառավարութիւնը», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ Իսրայէլի հետ պատերազմն ու խաղաղութիւնը կ՛որոշուին Հըզպալլայի կողմէ եւ ոչ թէ պետութեան:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին պատասխանատու է ամբողջ քաղաքական դասակարգը` աւելցնելով, որ ինք կը զօրակցի յեղափոխութեան` նշելով միաժամանակ, որ կը փափաքի տեսնել քաղաքակիրթ յեղափոխութիւն մը, որ գիտէ ինչպէ՛ս ներկայացնել պահանջները եւ գիտէ, թէ ի՛նչ են պահանջները, «եւ ոչ թէ վերածուի քաոսի մը, որուն մէջ մուտք կը գործեն սադրիչները` աղաւաղելով անոր պատկերը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիրաքը մերժեց երկրին վարչակարգը տապալելու բոլոր կոչերը` հաստատելով, որ երկրին վարչակարգը տապալելու պահանջը պոռոտախօսութիւն է, «իսկ հանրապետութեան նախագահին տապալումը աւելի մեծ պոռոտախօսութիւն է, եւ մենք չենք զօրակցիր այդ պահանջներուն», ընդգծեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք որո՞ւն թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն համար, Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ իր պարտականութիւնը չէ նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ առաջադրել` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ անաչառ անհատ մը, որ երկրին գերագոյն շահերուն իրականացման համար զիջումներ կարենայ կատարել:



