Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Տոլարին Արժէքը Հասաւ 10.000 Լ. Ոսկիի… Բողոքի Ցոյցերն Ու Ճամբաներու Փակումը Վերադարձան

Մարտ 3, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրին մէկ ամերիկեան տոլարին արժէքը հասաւ 10.000 լ.ոսկիի: Լիբանանեան դրամանիշին կրած արժեզրկումը, սղաճն ու հետզհետէ վատթարացող տնտեսական պայմանները պատճառ դարձան, որ լիբանանցիները դարձեալ ուղղուին փողոց եւ կազմակերպեն բողոքի ցոյցեր` փակելու գրեթէ ամբողջ Լիբանանը:

Բողոքի ցոյցերը սկսան կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 3:00-ին, երբ ցուցարարներ Շթորայի ճամբուն վրայ բռնի ուժով փակել տուին լումայափոխներու գրասենեակներն ու վաճառատուները:

Լիբանանեան բանակը փութաց այդ շրջանը` արգիլելու համար որեւէ բախում:

Սղաճին դէմ բողոքելու նպատակով ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով փակեցին Թաալպայայի ճամբան` Ժալալայի խաչմերուկին մօտ:

Ապա հերթաբար փակուեցան Պաալպեք-Ռայաք մայրուղին, Պաալպեքի հարաւային մուտքը` Տուրես գիւղաքաղաքին կից:

Փակուեցաւ նաեւ Զահլէի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ:

Աւելի ուշ ցուցարարներ երկու ուղղութեամբ փակեցին նաեւ Պաալշմայ-Սաուֆար մայրուղին:

Պէյրութի մէջ ցուցարարներ փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող հին ճամբան` «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցին դիմաց, ապա փակուեցաւ նաեւ օդակայան տանող Շաթիլայի փապուղին:

Երեկոյեան ժամերուն հրկիզուած անիւներ սկսան նշմարուիլ նաեւ Քոռնիշ Մազրաայի եւ Քասքասի շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պշարա Խուրի փողոցին եւ Ռինկի կամուրջին վրայ, ուր ցուցարարներ որոշ ժամանակի մը համար փակեցին ճամբաները, որոնք աւելի ուշ վերաբացուեցան:

Վերտանի մէջ եւս ցուցարարներ փակեցին ճամբաները, ինչպէս նաեւ Տորա-Նահր Մոթ մայրուղիին վրայ: Փակուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի մուտքը:

Աւելի ուշ Տորայի մայրուղին երկու ուղղութեամբ փակուեցաւ. այս պատճառով Տորայի եւ Պուրճ Համուտի մէջ երթեւեկի խճողում արձանագրուեցաւ:

Այս շրջաններուն զուգահեռ, ցուցարարներ փակեցին Ասատի մայրուղին` Անսարի դաշտին դիմաց, Շեվրոլէ-Ֆըրն Շըպպեք ճամբան, ինչպէս նաեւ Նահատակաց հրապարակը, նախ` «Մոհամետ Ամին» մզկիթին կից, ապա` «Նահար» օրաթերթին շէնքէն Պշարա Խուրի եւ Սայֆիի ուղղութեամբ:

Փակուեցաւ նաեւ Սոտեքոն` երկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Մարզական աւանի ճամբան:

Աւելի ուշ ցուցարարներ փակեցին Շուէյֆաթ-Քֆարշիմա ճամբան, Խալտէն, Պէյթ Շաարը, Ժալ էլ Տիպ-Անթիլիաս մայրուղին, Մշարրաֆիէի կամուրջը, Հարաւային արուարձանները, Ժանտուլինի հրապարակը:

Քեսրուանի մէջ երիտասարդներու հաւաքներ նշմարուեցան Աշքութի հրապարակը, իսկ այլ ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով փակեցին Զուքի մայրուղին` պատճառելով երթեւեկի ահռելի խճողում:

Ցուցարարներ փակեցին նաեւ Եսուհ Մալաքի զարիվարը, Ատոնիսի ճամբան եւ Պուարի մայրուղին:

Սայտայի մէջ ցուցարարները փակեցին Էլիայի հրապարակը եւ ապա «Ռիատ Սոլհ» փողոցին վրայ գտնուող լումայափոխներուն բռնի ուժով ստիպեցին փակել իրենց գրասենեակները:

Ցուցարարները փակեցին նաեւ Զահրանի-Ատլուն, Մերժահիուն եւ Նապաթիէ շրջանները, ուր վարկաբեկիչ կարգախօսներ արձանագրուեցան երկիրը կողոպտած ղեկավարներուն եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին դէմ:

Ցուցարարները փակեցին նաեւ Ժիէի մայրուղին, հարաւային Լիբանանը Պեքաայի կապող միջազգային ճամբան` Սուք Խանի մօտ:

Երեկոյեան շուրջ ժամը 8:00-ին, ցուցարարներ փակեցին Հալաթի մայրուղին, Թրիփոլիի մայրուղին, Նուր հրապարակը, Նաամէի մայրուղին, ինչպէս նաեւ Մընիէ-Աքքար եւ Թրիփոլի-Պըտտաուի մայրուղիները:

Ուշ գիշերին փակուեցան Քոսպա-Քուրա մայր ճամբան, Պըպնին-Ապտէ միջազգային ճամբան, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի եւ Քֆարապիտայի մայրուղիները:

Գիշերուան ժամը 11:00-ին ցուցարարներ փակեցին Թաննուրին-Պաթրուն մայրուղին, Քֆարհիմ-Տէյր Քամար-Պաաքլին, ինչպէս նաեւ Ռաշայա-Մասնաա ճամբաները:

Նշենք, որ կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս` Տորայի եւ Զուքի, բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ` երթեւեկի խճողումին պատճառով, սակայն այդ հարցերը տեղւոյն վրայ հարթուեցան:

Ցոյցերը շարունակուեցան մինչեւ կէս գիշեր:

Նախորդը

Այցելութիւն Ապահովութեան Մարզի Պատասխանատուներու

Յաջորդը

Սաղաթէլեան. «Նիկոլը Վերջնականապէս Կորսնցուց Փողոցը, Այն Փողոցը, Որ Զինք Բերած Էր Իշխանութեան»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?