Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Երիտասարդներու Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Աշխատանքներուն Անոնց Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

March 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան մասնակցեցաւ երիտասարդական առցանց հանդիպումի մը, որ կազմակերպուած էր «Էմ. Եու. Պի. Էս.» համալսարանին կողմէ` նպատակ ունենալով ուժեղացնել երիտասարդներուն կարողութիւնները եւ անոնց տեսակէտներն ու մտայղացումները հասցնել որոշում կայացնողներուն:

Կազմակերպուած առցանց հանդիպումը մաս կը կազմէ «Եալա» ծրագիրին եւ կը ֆինանսաւորուի «Էն. Տի. Այ.»-ի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երիտասարդները ներկայ իշխանութիւններուն մէջ ներկայացնելու կարեւորութիւնը եւ տեղական երիտասարդական խորհուրդներ կազմելու գաղափարը, որ առաջարկուած էր «Երիտասարդներ քաղաքապետարաններուն մէջ, ժողովրդավարութիւն` աշխատանքին մէջ» կոչուող երիտասարդական նախաձեռնութեան կողմէ:

Առցանց հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան ցաւ յայտնեց երիտասարդներու եւ իգական սեռի ներկայացուցչութեան խղճալի իրականութեան մասին, ո՛չ միայն տեղական իշխանութեանց մակարդակին վրայ, այլեւ` տարբեր մակարդակներու եւ մարզերու մէջ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհաւորեց երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները` անոնց առաջարկած բացառիկ այս գաղափարին համար եւ նախարարութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց որեւէ մտածում, ուսումնասիրութիւն կամ ծրագիր որդեգրելու եւ անոր արդիւնքները ապահովելու սահմանադրական եւ օրինական առկայ շրջագիծերով:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ քաղաքապետական աշխատանքներուն երիտասարդներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը:

Առցանց հանդիպումին ընթացքին երիտասարդները սպառիչ կերպով քննարկումներ կատարեցին նախարարի պաշտօնակատարին հետ:

Քննարկումները անդրադարձան քաղաքապետական աշխատանքներուն երիտասարդներուն մասնակցութեան ծրագիրին բոլոր ուղղութիւններուն` հաստատելով երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ «Էն. Տի. Այ.»-ի հետ գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը` յանգելու համար գործնական արդիւնքներու:

 

 

 

Նախորդը

«Սայիտաթ Նաժաթ» Եկեղեցւոյ Պայթումի 27-ամեակին Առիթով . «Երբ Ազատութեան Ձայնը Կը Բարձրանայ… Լիբանան Թիրախ Կը Դառնայ» Շեշտեց Ժահժահ

Յաջորդը

Երկրին Տնտեսական Եւ Ընկերային Պայմաններուն Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.