Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ տեղեկատուութեան մարզը պէտք է շինիչ եւ դրական դերակատարութիւն ունենայ` քաղաքական կողմերուն տեսակէտները կամրջելու առումով: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա կոչ ուղղեց բոլոր տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լուծումներու շուրջ համաձայնելու: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն առողջութիւնը պաշտպանելու` բժշկական մարզի անկումին վտանգէն: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր...

Ելեկտրականութեան Հոսանքը Եւս Քանի Մը Ամսուան  Համար Ապահովելու Որոշում` Խորհրդարանի  Յանձնախումբերուն Միացեալ Նիստին Ընթացքին

Ելեկտրականութեան Հոսանքը Եւս Քանի Մը Ամսուան Համար Ապահովելու Որոշում` Խորհրդարանի Յանձնախումբերուն Միացեալ Նիստին Ընթացքին

Մէկ Ամերիկեան Տոլարը Հասաւ 15.000-ի` Լիբանանցին Վերածելով Յուսահատ Քաղաքացիի Ելեւմուտքի եւ ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան հարցերու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը երէկ գումարեցին միացեալ նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի ու ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարի: Նիստին ընթացքին երեսփոխանները քննարկեցին կրկնակ աճապարանօք օրինագիծ մը,...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Անհրաժեշտութիւնը  Պէյրութի Նաւահանգիստէն Հեռացնելու Վտանգաւոր  Նիւթերն Ու Պայթումին Գործած Աւերին Մնացորդացը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Անհրաժեշտութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստէն Հեռացնելու Վտանգաւոր Նիւթերն Ու Պայթումին Գործած Աւերին Մնացորդացը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նիստի մը, որ յատկացուած էր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տիրող իրավիճակին: Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ խորհրդականներ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 4 օգոստոս 2020-ի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աւերակներուն մնացորդացը,...

«Ամերիկան Պիտի Հակադարձէ, Եթէ Իրան  Սիւլէյմանիի Վրէժը Լուծելու Համար  Իր Վրայ Յարձակում Գործէ»  Կ՛ըսէ Զօր. Մքենզի

Մըքքենզի. «Պիտի Շարունակենք Օժանդակել Լիբանանեան Բանակին, Որովհետեւ Շրջանին Մէջ Լիբանան Մեզի Համար Կարեւոր Գործընկեր Է»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Մըքքենզի 15 մարտ 2021-ին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան եւ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդ Ռապըրթ Մէյնը: Հաղորդագրութեան համաձայն, զօր. Մըքքենզի վերահաստատած է...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ուեհպէի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ուեհպէի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերէին շրջանային եւ միջազգային համագործակցութեան: Այս շրջագիծին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան` նկատի ունենալով, որ ներկայիս Հայաստան կը...

Զօր. Կորտըն. «Հըզպալլայի Դէմ Ապագայ  Պատերազմի Մը Ընթացքին Իսրայէլ Ամէնօրեայ  Դրութեամբ 2000 Հրթիռով  Յարձակումի Կրնայ Ենթարկուիլ»

Զօր. Կորտըն. «Հըզպալլայի Դէմ Ապագայ Պատերազմի Մը Ընթացքին Իսրայէլ Ամէնօրեայ Դրութեամբ 2000 Հրթիռով Յարձակումի Կրնայ Ենթարկուիլ»

Իսրայէլացի զօրավար Օրի Կորտըն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ մղուելիք ապագայ պատերազմի մը ընթացքին Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ 2000 հրթիռով յարձակումի կրնայ ենթարկուիլ: Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովի մը ընթացքին զօր. Կորտըն ըսաւ, թէ Լիբանանէն Իսրայէլի դէմ հազարաւոր հրթիռներ պիտի արձակուին ամէնօրեայ դրութեամբ, «եւ անիկա մարտահրաւէր է իսրայէլեան զինուորական եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան կարողութեան դիմաց, բայց եւ այնպէս տարբեր ճակատներու վրայ...

Լիբանանի Նկատմամբ Միջազգային  Զօրակցութիւնը Կը Շարունակուի

Թարեք Պիթար. «Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Ոչ Մէկ Յանցագործ Բանտէն Դուրս Պիտի Մնայ»

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար հանդիպում մը ունեցաւ նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ: Պիթար հաստատեց, որ ինք կը գիտակցի հետաքննութեան խլելիք ժամանակին, պայմանով որ սակայն հետաքննութիւնը սպառիչ կերպով չկատարուի` արդարութիւնը ուշացնելու նպատակով: Ան կոչ ուղղեց զոհերու հարազատներուն վստահելու իրեն եւ դատական իշխանութեան,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3480 վարակուածներ եւ մահացած 52 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Շիա մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Պըրրի երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները քննարկեց նաեւ նախկին նախարար...

Մինչ Տոլարը Կը Հասնի 14.000-ի Սեմին, Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

Մինչ Տոլարը Կը Հասնի 14.000-ի Սեմին, Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումէն 145 օր ետք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ մնալ տեղքայլի մէջ` առանց յառաջդիմութեան քայլ մը արձանագրելու նշոյլի մը իսկ գոյութեան: Լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն լուծման բացակայութեան զուգահեռ, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան` փակելով տարբեր շրջաններու մայրուղիներն ու ճամբաները: Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ցուցարարները տարբեր շրջաններու մէջ հրկիզուող անիւներով փակեցին...

Մոսկուայի Մէջ.  Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Մոսկուայի Մէջ. Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի Հետ

Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Հըզպալլայի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի, երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է բարեկամական` աւելցնելով, որ քննարկումները եղած են անկեղծ: Ռաատ նշեց, որ քննարկուած են Լիբանանի եւ շրջանին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ...

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Պէտք Է Կազմել  Մասնագէտներու Կառավարութիւն Մը,  Որուն Մէջ Մէկ Երրորդի Հաշիւ Չկայ»

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Պէտք Է Կազմել Մասնագէտներու Կառավարութիւն Մը, Որուն Մէջ Մէկ Երրորդի Հաշիւ Չկայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Արիտի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ արտերկրի մէջ իրենց ուսումը շարունակող լիբանանցի ուսանողներուն ծնողները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանը վաւերացուցած...

Հարիրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան  Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Հարիրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան  Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը: Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, որուն հետ քննարկեց տեղական քաղաքական իրադարձութիւնները:  

Լիբանանի Մէջ Ամբողջական Փակումը  94 Առ Հարիւրով Կարելի Եղած Է Գործադրել

Ֆիրաս Ապիատ. «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւին Արձանագրած Աճը Շատ Վտանգաւոր Է, Իսկ Համաճարակի Երրորդ Ալիքը` Մօտալուտ»

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1505 վարակուածներ եւ մահացած 42 ուրիշներ: Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ անցեալ յունուարէն ի վեր նախանցեալ օր առաջին անգամ ըլլալով է, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցաւ երեք հազարը, «ինչ որ ցուցանիշ է, թէ վարակուածներուն թիւը կ՛ուղղուի աճ արձանագրելու եւ...

Տըրիան Ընդունեց Լիբանանեան Ուժերը  Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Տըրիան Ընդունեց Լիբանանեան Ուժերը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը` անդրադառնալով յատկապէս երկրին դիմագրաւած տագնապներուն: Հանդիպումէն ետք Հասպանի յայտնեց, որ ներկայ իրավիճակը կարիքը ունի ազգային պատմական կեցուածքներու, երբ շատեր շրջանցած են պետութեան եւ վարչակարգի իմաստները: Հասպանի հաստատեց, որ իշխանութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու միակ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնը: Պուսթանի առաջարկեց վերականգնել ծրագրաւորումի նախարարութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Շուֆի կարիքները, յատկապէս բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներ, որոնց գործադրութեան առումով նախագահ Աուն հաւանութիւն յայտնեց: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռագիր մը յղեց...

Լիբանանեան Դրամանիշի Արժեզրկման  Զուգահեռ Բողոքի Ցոյցերը  Շարունակուեցան Շաբաթավերջին

Լիբանանեան Դրամանիշի Արժեզրկման Զուգահեռ Բողոքի Ցոյցերը Շարունակուեցան Շաբաթավերջին

Շաբաթավերջը անցաւ նոյն մթնոլորտին մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկում եւ բողոքի ցոյցեր, որոնք գրեթէ նոյն տիպի էին` հրկիզուող անիւներով ճամբաներու փակում: Շաբաթ կէսօրէ ետք Նահատակաց հրապարակին վրայ հանգստեան կոչուած բանակայինները վրաններ լարեցին, մինչ ցասկոտ ցուցարարները հասան խորհրդարանի մուտքին մօտակայքը, եւ բախումներ արձանագրուեցան անոնց եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Զայրոյթով զինուած երիտասարդները քարկոծեցին խորհրդարանը պաշտպանող քարաշէն արգելքներն ու երկաթեայ...

Առողջապահութեան Մարզը Ներկայացնող  Պատասխանատուներ Կը Զգուշացնեն «Քորոնա»  Ժահրով Վարակուածներու Թիւին Արձանագրած Աճէն

Առողջապահութեան Մարզը Ներկայացնող Պատասխանատուներ Կը Զգուշացնեն «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւին Արձանագրած Աճէն

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3086 վարակուածներ եւ 46 մահացածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան ցաւ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը կ՛աւելնայ` նշելով, որ հակառակ պատուաստումի արշաւին սկսելուն, մարդիկ կը զլանան նախազգուշութիւններուն յանձնառու մնալ: «Կոչ կ՛ուղղեմ քաղաքացիներուն կառչած մնալու «Քորոնա» ժահրին դէմ որդեգրուած նախազգուշութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են վարակումի պարագաները նուազեցնելու:...

Մինչ Բանակը Կը Շարունակէ  Իր Նախապատրաստութիւնները.  Ընկերային Տնտեսական Հարցերը Կ՛արծարծուին  Ժողովական Եւ Ժողովրդային Մակարդակներու Վրայ

Պասիլ. «Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Յարձակողի Դիրքի Վրայ»

Մարտ 14-ի յիշատակին առիթով, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց Ազգային ազատ հոսանքի ընդհանուր համագումարէն բխած քաղաքական եւ տնտեսական փաստաթուղթերը: Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի քաղաքականութիւնը իր բոլոր մանրամասնութիւններով կարելի չէ չհիմնել ազգային մօտեցումներու վրայ: «Մօտեցումներ, որոնք կ՛ապահովեն լիբանանցիներուն շահերն ու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ մղուած են Լիբանանի գոյացութենէն եւ կը...

Ժոմպլաթ Արսլանի Հետ Քննարկեց Այն Թինէի Մէջ  Գոյացած Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները

Ժոմպլաթ Արսլանի Հետ Քննարկեց Այն Թինէի Մէջ Գոյացած Համաձայնութեան Մանրամասնութիւնները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ պէտք է կառչած մնալ Այն Թինէի մէջ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւններուն` Շուէյֆաթի եւ Պասաթինի մէջ արձանագրուած դէպքերուն, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքին վերաբերող հարցերուն շուրջ: Ժոմպլաթ եւ Արսլան ընդգծեցին, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ, որ կարելի չէ լիբանանեան բանակը իր ժողովուրդին դիմաց լարել: Ան կոչ ուղղեց ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներուն խուսափելու ճամբաները փակելէ` աւելցնելով, որ կարելի չէ երկրին մէջ գործող ապօրինի զէնքը բանակի օրինական զէնքին հետ նոյն նժարին վրայ զետեղել: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ...

Page 427 of 988 1 … 426 427 428 … 988

Արխիւներ