Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Վաւերացուց Ընկերային Ապահովութեան Եւ Փոքր Հաստատութիւններու Հիմնադրութեան Օժանդակող Վարկերու Համաձայնագիրները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ վարկերու համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերէին «Քորոնա» համաճարակին եւ տնտեսական տագնապին դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ ընկերային ապահովութեան ցանցին զօրակցելու, ինչպէս նաեւ փոքր եւ միջակ հաստատութիւններու հիմնադրութեան ծրագիրներուն օժանդակելու: Պըրրի յայտնեց, որ առաջարկուած այս վարկերուն վաւերացումը ուշացած...



















