Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:
Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, որուն հետ քննարկեց տեղական քաղաքական իրադարձութիւնները:



