Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի Հետ

March 16, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Հըզպալլայի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի, երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է բարեկամական` աւելցնելով, որ քննարկումները եղած են անկեղծ:

Ռաատ նշեց, որ քննարկուած են Լիբանանի եւ շրջանին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնն` արգիլելու համար, որ որեւէ ուժ հակակշիռ բանեցնէ` ահաբեկչութեան զօրակցելով:

Ան նշեց, որ Ռուսիա խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ բոլոր կողմերուն հետ, որոնք առնչուած են սուրիական թղթածրարին` ամրապնդելու համար Սուրիոյ ապահովութիւնն ու տեղահանուածներուն տունդարձը:

Ռաատ յայտնեց նաեւ, որ քննարկած են Ռուսիոյ կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք «Քորոնա» ժահրի պատուաստին եւ Ռուսիոյ մէջ լիբանանցի ուսանողներուն վերաբերող հարցեր:

«Հըզպալլայի պատուիրակութեան Ռուսիա այցելութիւնը տեսակարար ոստում մըն է Հըզպալլայի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններուն առումով, յատկապէս ահաբեկչութեան դիմադրելու գործակցութեան առումով: Ահաբեկչութեան դիմակայումը` տեղական եւ շրջանային առումով եւ այդ պայքարի ճամբուն վրայ արձանագրուած զոհողութիւնները պատճառ դարձան այս յարաբերութիւններու ամրապնդման», ըսաւ Ռաատ:

Ան հաստատեց, որ շրջանին մէջ ռուսական ներկայութիւնը միջազգային իմաստով հաւասարակշռութիւն մը կը ստեղծէ:

Իր կարգին, Լաւրով յայտնեց, թէ Ռուսիա կառչած կը մնայ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան զօրակցելու իր կեցուածքին` ընդգծելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը պէտք է լուծուի լիբանանեան քաղաքական ուժերուն եւ քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող կողմերուն միջեւ ընդարձակ երկխօսութեամբ, առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան:

Լաւրով շեշտեց Լիբանանի մէջ անյապաղ նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանան կարիքը ունի ատակ կառավարութեան մը, որ կարենայ զինք իր դիմագրաւած սուր տագնապներէն դուրս բերել:

Լաւրով հաստատեց նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի իրաւունքը, որ կը նպաստէ շրջանային կայունութեան ամրապնդման:

 

Նախորդը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Պէտք Է Կազմել Մասնագէտներու Կառավարութիւն Մը, Որուն Մէջ Մէկ Երրորդի Հաշիւ Չկայ»

Յաջորդը

Մինչ Տոլարը Կը Հասնի 14.000-ի Սեմին, Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին, Իսկ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.