Մէկ Ամերիկեան Տոլարը Հասաւ 15.000-ի`
Լիբանանցին Վերածելով Յուսահատ Քաղաքացիի
Ելեւմուտքի եւ ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան հարցերու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը երէկ գումարեցին միացեալ նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի ու ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարի:
Նիստին ընթացքին երեսփոխանները քննարկեցին կրկնակ աճապարանօք օրինագիծ մը, որ կը խնդրէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան առ հաշիւ գումար յատկացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ քանի մը ամսուան համար եւս երկրին ելեկտրական հոսանք հայթայթել:
Նիստի աւարտին յանձնախումբերը վաւերացուցին 300 միլիառ լ. ոսկիի առ հաշիւ գումար մը, որ պիտի յատկացուի Ելեկտրականութեան ընկերութեան:
Այս օրինագիծը մերժեցին յանձնախումբերուն անդամ Ժողովրդավարական հանդիպում եւ Հզօր հանրապետութիւն պլոքներուն երեսփոխանները, որոնք հաստատեցին, որ կը մերժեն դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներուն պահ դրած գումարներէն յատկացումներ կատարել Ելեկտրականութեան ընկերութեան:
Իսկ Ֆըրզլի հաստատեց, որ առ հաշիւի դիմաց երկիրը մութի ենթակայ պահելու տարազը շանթաժ է, եւ իսկական ելքը կառավարութեան կազմութեամբ կարելի է ապահովել:
Ֆըրզլի իր կարգին շեշտեց, որ ինք կը մերժէ դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներուն պահ դրած գումարներուն դպչիլ:
Միւս կողմէ, Ղազի Ուազնի երէկ «Պլումպըրկ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը ունի 16 միլիառ տոլար, որուն 1,5 միլիառը կարելի է օգտագործել, եւ անիկա պիտի յատկացուի լիբանանցիներուն սննդեղէնին տրամադրուելիք նպաստին` նուազ քան երեք ամսուան համար:
Ուազնի յայտնեց, որ սննդեղէնին տրամադրուած նպաստը նուազեցնելու որոշումը տրուած է, եւ անիկա նախ եւ առաջ պիտի սկսի վառելանիւթին տրամադրուած նպաստի նուազեցումով:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ մարտ ամսուընէ ետք կառավարութիւնը պիտի չկարենայ շարունակել վառելանիւթին տրամադրած իր նպաստը: Ան շեշտեց նաեւ, որ սննդեղէնի կարգ մը տեսակներու պարագային, կառավարութիւնը տակաւին քանի մը ամսուան համար կրնայ իր տրամադրած նպաստները շարունակել:
Այս բոլորին զուգահեռ, լիբանանեան դրամանիշը շարունակեց իր գահավէժ ընթացքը, եւ երէկ կէսօրին մէկ ամերիկեան տոլարին արժէքը դարձաւ 15.000 լ. ոսկի: Իրականութիւն մը, որ դարձեալ մղեց վաճառատուներուն սեփականատէրերը փակելու իրենց վաճառատուները եւ մեկնելու իրենց բնակարանները:
Այս իրավիճակը յուսահատութեան մատնեց քաղաքացիները: Սղաճէն եւ հետզհետէ ահաւոր դարձող երկրին պայմաններէն դժգոհ երիտասարդներ դարձեալ ուղղուեցան փողոց եւ հրկիզուող անիւներով փակեցին տարբեր շրջաններու ճամբաները:
Յետմիջօրէէն սկսեալ մինչեւ ուշ գիշեր փակուեցան զանազան շրջաններու փողոցներ, ինչպէս` Համրայի փողոցը` Կեդրոնական դրամատան դիմաց, Պէյրութի հարաւային արուարձաններու «Փիքնիք»-ի խաչմերուկը, Ռիհապը, Պէյրութի միջազգային օդակայանի հին ճամբան, ինչպէս նաեւ օդակայան տանող կամուրջը:
Պէյրութի մէջ փակուեցան նաեւ Քոռնիշ Մազրաան, Վերտանը, Այշա Պաքքարը, Ռաշտին խաչմերուկը, Մարզական աւանը, Քասքասը, Օմար Պայհամը, Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթի խաչմերուկը, Քոլան, քուէյթեան դեսպանատունէն Սուլթան Իպրահիմ զարիվարը:
Պեքաայի մէջ փակուեցաւ Զահլէի հրապարակը, Սաատնայելը, Ֆիտան, Թաանայելը, Տէյր Զնունը, Քսարան, Մասնաայի ճամբան, Ռայաքը, Պաալպեքը, Տուրիսը եւ Հերմելը:
Փակուեցան նաեւ Ժիէի, Նաամէի, Խալտէի, Սուր-Սայտայի, Տորայի, Նահր Մոթի եւ Ժալ Էլ Տիպի մայրուղիները, Քաֆարշիմայի կամուրջը, Շուէյֆաթը, Հատասը, Սայտայի Էլիա հրապարակը, Նապաթիէ-Հպուշ ճամբան:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակուեցան Թրիփոլիի փողոցները, Ապու Ալիի, Քըպպէի, Նուրի եւ Պոհսասի հրապարակները, Հալպայի, Ապտէի, Ուատի Ժամուսի, Պիրէի, Սընտիանէի եւ Պահսայի ճամբաները, ինչպէս նաեւ Մընիէ-Տըննիէ մայրուղին:
Նշենք, որ Թրիփոլիի մէջ ցուցարարները ուղղուեցան նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանը, ուր անոնք աղբամաններ հրկիզեցին եւ շէնքի մուտքին աղբեր նետեցին` անոր հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ արձակելով:




