Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըքքենզի. «Պիտի Շարունակենք Օժանդակել Լիբանանեան Բանակին, Որովհետեւ Շրջանին Մէջ Լիբանան Մեզի Համար Կարեւոր Գործընկեր Է»

March 17, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Մըքքենզի 15 մարտ 2021-ին այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան եւ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդ Ռապըրթ Մէյնը:

Հաղորդագրութեան համաձայն, զօր. Մըքքենզի վերահաստատած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած լիբանանեան բանակին եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ հզօր գործակցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Մըքքենզի յայտնեց, որ այս այցելութիւնը լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ վստահութեան եւ յարգանքի լաւագոյն օրինակն է` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին հետ ամերիկեան ուժերուն յարաբերութիւնը հիմնուած է շրջանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու փոխադարձ փափաքին վրայ:

Նշենք, որ Մըքքենզի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Ուաշինկթըն տարբեր ձեւերով պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին, որովհետեւ շրջանին մէջ Լիբանան Միացեալ Նահանգներուն համար կարեւոր գործընկեր է:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները եւ երկրին ղեկավարութեան կողմէ անոնց առաջքը առնելու իմաստով քայլերու բացակայութիւնը կը մտահոգեն Միացեալ Նահանգները:

 

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ուեհպէի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Անհրաժեշտութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստէն Հեռացնելու Վտանգաւոր Նիւթերն Ու Պայթումին Գործած Աւերին Մնացորդացը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.