Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Արիտի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ արտերկրի մէջ իրենց ուսումը շարունակող լիբանանցի ուսանողներուն ծնողները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան Պըրրի հաստատեց, որ խորհրդարանը վաւերացուցած է «Ուսանողին տոլար»-ի օրէնքը, որուն գործադրութեան մէջ սակայն կը զլանան դրամատուները:
Պըրրի հաստատեց, որ այս օրէնքը չգործադրելու առումով դրամատուները կրնան օրինական եւ դատական հետապնդումի ենթարկուիլ` աւելցնելով, որ այդ օրէնքը ջնջելու, վերատեսութեան ենթարկելու կամ յետս կոչելու մասին լուրերը անճիշդ են:
Պըրրի պատուիրակութեան յանձնեց «Ուսանողին տոլար»-ի օրէնքին վաւերացման խորհրդարանի նիստին ատենագրութենէն օրինակ մը:
Նշենք, որ Պըրրի նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ժողովէն ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ կարդաց պլոքէն բխած հաղորդագրութիւնը, որ կը նշէ, թէ պէտք է անյապաղ կազմել մասնագէտներու կառավարութիւն մը, այնպէս ինչպէս առաջադրուած է ֆրանսական նախաձեռնութեամբ, իսկ կառավարութեան մէջ քաղաքական ոչ մէկ ուժ պէտք է անոր որոշումները արգելակելու մէկ երրորդի բաժին ունենայ:
Պլոքը հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պարտադիր անցք մըն է` արգիլելու համար երկրին ամբողջական կործանումը, որ ոչ ոք պիտի խնայէ:
Պլոքը առաջարկեց վերջ տալ ցեխարձակումներուն եւ քաղաքական մրցակցութեան, որոնք երկրին վարչակարգը կը խախտեն եւ լիբանանեան պետութեան ու անոր հաստատութիւններուն նկատմամբ լիբանանցիներուն եւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը կը ջլատեն:
Պլոքը համաձայնութիւն յայտնելով հանդերձ տնտեսական տագնապին, սղաճին ու լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ գործադրուող բողոքի ցոյցերուն, մերժեց ճամբաներու փակումը, յատկապէս Պէյրութ-հարաւային Լիբանան միջազգային մայրուղիներուն փակումն ու պետական ու սեփական կալուածները քանդելու արարքները, որոնք սադրիչ բնոյթ կը կրեն:
Պլոքը դարձեալ կոչ ուղղեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան` լիբանանեան ջուրերուն մէջ իսրայէլեան նաւթի կաթեցումին մասին գիտական թղթածրար մը պատրաստելու եւ զայն ներկայացնելու միջազգային կազմակերպութիւններուն:
Պլոքը պատրաստակամութիւն յայտնեց օրէնսդրութեան իմաստով գործակցելու երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ` փտածութեան դէմ եւ բարեկարգումի նպատակով օրէնքներ վաւերացնել կարենալու, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց երկրին սահմանադրութեան համաձայն մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացնել:



