ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ տեղեկատուութեան մարզը պէտք է շինիչ եւ դրական դերակատարութիւն ունենայ` քաղաքական կողմերուն տեսակէտները կամրջելու առումով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա կոչ ուղղեց բոլոր տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լուծումներու շուրջ համաձայնելու:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն առողջութիւնը պաշտպանելու` բժշկական մարզի անկումին վտանգէն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ փտածութեան իշխանութիւնը ինքնին մութն է, եւ անոր փլուզումը շատ յիշատակելի պիտի ըլլայ ու վեհ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան ապահովական ականաւոր աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ երկրին ապահովական կացութիւնը խախուտ է եւ կրնայ հակակշիռէ դուրս գալ:


