ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական կացութիւնը: Պուսթանի առաջարկեց վերականգնել ծրագրաւորումի նախարարութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Շուֆի կարիքները, յատկապէս բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներ, որոնց գործադրութեան առումով նախագահ Աուն հաւանութիւն յայտնեց:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռագիր մը յղեց Ֆրանչիսկոս պապին, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաք այցելութեան առիթով: Սլէյման պապէն խնդրեց Վատիկանի մէջ արաբական երկիրները բաղկացնող կրօններուն եւ յարանուանութիւններուն արտակարգ սիւնհոդոս մը հրաւիրել` քաջալերելու համար եղբայրական գոյակցութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը հրաւիրելու երկխօսութեան ժողովի մը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծումներ գտնել: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով շօշափելի ոչինչ գոյութիւն ունի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Շաուքի Տաքքաշ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց զօրակցելու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Ան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին տեսնել խաղաղութեան Լիբանանը եւ ոչ թէ այն Լիբանանը, որ կը պատերազմի Եմէնի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ խստիւ դատապարտեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որ անձնական օդանաւով մեկնած է Փարիզ, մինչդեռ Լիբանան Ֆրանսայի միջոցով վարկեր կը մուրայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան գծով անոր ի գործ դրած ողջունելի ջանքերը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը վճարեն նախագահական համաձայնութեան գինը` աւելցնելով, որ երկիրը դէպի ամբողջական կործանում կ՛ուղղուի` պետութեան փլուզումին եւ բոլոր մարզերուն քանդումին պատճառով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն աւելի վատ է, քան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որովհետեւ ան մեզի անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն խոստացաւ, սակայն իրականութեան մէջ երկիրը Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ ծախեց: «Աունի նախագահ ընտրուած վայրկեանին արդէն զգացի, որ երկիրը քանդուած է: Իսկ եթէ նախագահ Աուն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի վրայ ճնշում չբանեցնէ, որ վերջինս Ռաֆիք Հարիրին սպաննող ոճրագործը յանձնէ Միջազգային դատական ատեանին, ան նոյնքան ոճրագործ կը նկատուի», շեշտեց Ֆաթֆաթ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ եթէ Մարտ 14-ը յաջողած ըլլար` հոկտեմբեր 17-ը չէինք վկայեր, «իսկ զօր. Միշել Աուն-Սաատ Հարիրի համաձայնութիւնը քանդեց երկիրը», ըսաւ ան:
ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու-Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Ուսամա Համտան յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ փտածութեան հիմնասիւներէն է, «հետեւաբար զայն ձերբակալելով հարուած մը հասցուցած կ՛ըլլանք փտածութեան համակարգին եւ կասեցուցած փտելու հոլովոյթը», ըսաւ ան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրինա Ֆոնթոլաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


