ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ, որ կարելի չէ լիբանանեան բանակը իր ժողովուրդին դիմաց լարել: Ան կոչ ուղղեց ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներուն խուսափելու ճամբաները փակելէ` աւելցնելով, որ կարելի չէ երկրին մէջ գործող ապօրինի զէնքը բանակի օրինական զէնքին հետ նոյն նժարին վրայ զետեղել:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ երկրին կացութիւնը ողբերգական է, իսկ պատասխանատուները Ներոնի նման կը դիտեն անոր հրկիզումը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը հիմնական երկու արգելքի դիմաց կը գտնուի, առաջին` ամերիկեան-իրանեան համաձայնութիւնը, իսկ երկրորդը` Սէուտական Արաբիան: «Հակառակ այս բոլորին, ինծի համար զարմանալի չ՛ըլլար, եթէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի յանկարծ Պաապտայէն նոր կառավարութիւնը յայտարարէ», ըսաւ ան: Շարպել աւելցուց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն տեղեկութիւններ հասած են` Լիբանանի մէջ գործուելիք սպանութիւններու մասին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուուաթ պահանջեց մշակել յստակ ճամբու քարտէս մը, որուն հիմքը կը կազմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին դիմելու արագ քայլերու, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանն ու երկրին իշխանութեան մնացորդացը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի հարց տուաւ, թէ յառաջիկայ քանի մը օրերուն Լիբանան ո՞ր ուղղութեամբ պիտի մեկնի` մատնանշելով երկրի ամբողջութեամբ մութի մատնուելուն մեծ հաւանականութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ներգրաւուած քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան իրենց կարծիքին, որուն պատճառով լուծումը կ՛ուշանայ:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ ժողովրդային շարժումները պայքարի երթին մաս կը կազմեն եւ անոնք պիտի յաջողին իրագործել իրենց նպատակները: «Կոչ կ՛ուղղենք ստեղծելու փրկութեան փոխանցման փուլ մը», ըսաւ ան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կազմելու փրկութեան կառավարութիւն մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Սայեղ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չի փափաքիր, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կազմէ նոր կառավարութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի հարց տուաւ, թէ արդեօք նոր կառավարութիւնը պիտի կազմուի Լիբանանի փլատակներո՞ւն վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շատ աւելի ժողովրդականութիւն ունի, քան` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ: